ՀԱՅ Ռազմագերիները Գնդակահարելու Տեսանիւթին Վերաբերեալ Հայաստան Այսօր Դիմումներ Պիտի Ուղարկէ Միջազգային Դատարաններ

Ազրպէյճանցի զինուորականներու կողմէ հայ ռազմագերիներու գնդակահարութեան տեսանիւթին առիթով Պաքուի դէմ դիմումներ պիտի ներկայացուին Եւրոպական եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարաններ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած գրառումով այս մասին տեղեկացուցած է Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի մամլոյ բանբեր Յասմիկ Սամուէլեան:

«Ի պատասխան բազմաթիւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու զանգերուն եւ հաղորդագրութիւններուն.

Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը կը զբաղի այսօր առաւօտեան թելեկրամեան ալիքներով տարածուած տեսանիւթով, ուր կ՛երեւի հայ գերիներու գնդակահարութիւնը: Ասիկա փաստացի պատերազմական յանցագործութիւն է:

Կը տեղեկացնեմ, որ այս պահուն կ՛աշխատինք համապատասխան կառոյցների հետ: Փաստերու համադրումով եւ յստակ ապացոյցներով ուղեկցուած նիւթերով, առաւօտեան Ազրպէյճանի դէմ նոր դիմումներ պիտի ներկայացնենք Եւրոպական եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարաններ», գրած է Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի մամլոյ բանբերը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.