Հայ Ռազմագերիները Աւելի Վտանգուած

Horizon Weekly Newspaper

ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) վտարումը, «Պի.Պի.Սի.»-ի Ազրպէյճանի գրասենեակի եւ այլ լրատուամիջոցներու փակումը նորագոյն եւ մտահոգիչ զարգացումներ են, որոնք իսկական ահազանգ են այդ երկրին մէջ աճող բռնապետական քաղաքականութեան եւ միջազգային մարդկային իրաւունքներու չափանիշներու նկատմամբ անփութութեան եւ անտեսումին: Այս քայլերը լրջօրէն կը վտանգեն Ազրպէյճանի խոցելի խումբերն ու յատկապէս հայ ռազմագերիները, որոնք մայրաքաղաք Պաքուի մէջ անօրինական եւ շինծու մեղադրանքներով ու բեմականացուած դատավարութիւններով կը դատուին:

ԿԽՄԿ-ն` իբրեւ չէզոք եւ անկողմնակալ մարդասիրական կազմակերպութիւն, 1992-էն ի վեր առանցքային դեր խաղացած է Ազրպէյճանի մէջ ռազմագերիներու եւ ձերբակալուած անձերու պաշտպանութեան ու անոնց նկատմամբ մարդկային վերաբերմունքի ապահովման համար: Անոր վտարումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում մըն է, մասնաւորաբար` ժընեւեան պայմանագիրներուն համաձայն, որոնք չէզոք կազմակերպութիւններու ճամբով ռազմագերիներուն հասանելիութիւն եւ անոնց հետ հաղորդակցութիւն կ՛ենթադրեն:

ԿԽՄԿ-ի ներկայութիւնը Ազրպէյճանի մէջ մանաւանդ վճռական էր վերահսկելու համար 2020-ի արցախեան պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք գերեվարուած հայ պատանդներուն պայմանները: Այս ռազմագերիները յաճախ ենթարկուած են` անմարդկային վերաբերմունքի, խոշտանգումներու, բանտային ծանր եւ տմարդի պայմաններու, բռնի «խոստովանութիւն»-ներու եւ քաղաքականապէս ուղղորդուած կեղծ դատավարութիւններու: ԿԽՄԿ-ի վտարումը անհանգստացնող է նաեւ այն առումով, որ կազմակերպութիւնը առանցքային դեր ունէր հայ ռազմագերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն միջեւ կապը ապահովելու եւ անոնց այցելելու մէջ: Առանց ԿԽՄԿ-ի միջնորդութեան` այս ընտանիքները աւելի քիչ տեղեկութիւններ պիտի ունենան իրենց սիրելիներու ճակատագիրին վերաբերեալ, ինչ որ բնականաբար կը խորացնէ անոնց տառապանքը եւ կը խախտէ նաեւ անոնց մարդկային հիմնարար իրաւունքները:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ԿԽՄԿ-ի վտարումը փորձած է արդարացնել «կանոնակարգի խախտումներու» պատճառաբանութեամբ, սակայն այս պնդումը անհիմն է եւ կը թուի ընդամէնը միջոց մը` թաքցնելու մարդու իրաւունքներու իր կոպիտ խախտումները: ԿԽՄԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեայ Ֆիլիպ Էննին յայտարարած է. «ԿԽՄԿ-ի վտարումը կը զրկէ հազարաւոր խոցելի մարդիկ իրենց անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութենէն եւ պաշտպանութենէն: Այս չափազանց մտահոգիչ զարգացում մըն է, որ կը խարխլէ մարդասիրութեան եւ չէզոքութեան սկզբունքները»:

Միւս կողմէ, անցնող փետրուարին, «Ամերիկայի Ձայն»-ի եւ «Պի.Պի.Սի.»-ի Ազրպէյճանի գրասենեակի փակումը կը փաստէ մամուլի ազատութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու շարունակական ոտնձգութիւնը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրահանգեց կասեցնել «Պի.Պի.Սի.»-ի ազրպէյճանական ծառայութեան գործունէութիւնը` արտօնելով, որ միայն մէկ լրագրող աշխատի  երկրին մէջ: Թէեւ նախարարութիւնը յստակ բացատրութիւն չէր տուած, բայց եւ այնպէս, ան յայտնած էր, թէ որոշումը օտարերկրեայ լրատուամիջոցներու նկատմամբ փոխադարձութեան սկզբունքով պայմանաւորուած է: «Պի.Պի.Սի.»-ն խոր մտահոգութիւն յայտնեց այս քայլին վերաբերեալ` ընդգծելով, որ այդ սահմանափակումները կրնան խոչընդոտել ազատ եւ անկողմնակալ լրատուութեան տարածումը:

Թէպէտ «Պի.Պի.Սի.»-ն որոշ պարագաներու ունեցած է ազրպէյճանամէտ խեղաթիւրումներ Արցախի մասին իր լրատուութեան մէջ, այնուամենայնիւ, ան միջազգային լրատուական աղբիւր էր, որ լուսաբանած է տարածաշրջանի իրադարձութիւնները:

ԿԽՄԿ-ի վտարումը եւ «Պի.Պի.Սի.»-ի փակումը սերտօրէն կապուած են Ազրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ իրականացուող ապօրինի դատավարութիւններուն հետ: Անոնց վտարումով կարեւոր ու հաւաստի աղբիւրներ կը դադրին լուսաբանելէ ընթացող թատերական դատավարութիւնները: Պէտք չէ մոռնալ, որ հայ ռազմագերիները կ՛ենթարկուին կեղծ դատավարութիւններու, որոնք կը բնորոշուին` բռնի խոստովանութիւններով, արդար դատավարութեան բացակայութեամբ եւ քաղաքական մղումներ ունեցող մեղադրանքներով:

Հետեւաբար այս երկու կազմակերպութիւններու փակումը ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ` թէ՛ Ազրպէյճանի միջազգային հեղինակութեան, թէ՛ խոցելի խումբերու ապահովութեան առումով: Չէզոք մարդասիրական կազմակերպութիւն մը վտարելով` Ազրպէյճանը կը փաստէ, որ պատրաստ է անտեսելու բոլոր արտաքին ճնշումներն ու քաղաքական շահերու դիմաց մարդու իրաւունքներու նոր անկումներ արձանագրելու:

Այստեղ անհրաժեշտ է անգամ մը եւս մատնանշել, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Երեւանի մէջ իշխանական աթոռները պահելու, անսահման զիջումներ կատարելու եւ «խաղաղութեան խաչմերուկ» գովերգելով արժանապատիւ ու կայուն խաղաղութեան հասկացողութիւնը չարաշահելու ու պղծելու փոխարէն, պէտք է ուշադիր ըլլան վերջին վտանգաւոր զարգացումներուն` հետեւեալ մտահոգիչ տուեալներուն լոյսին տակ: Օրինակ, «Լրագրողներ` առանց  սահմանի» կազմակերպութեան համաձայն, Ազրպէյճան 180 երկիրներու մէջ 167-րդ դիրքը կը գրաւէ մամուլի ազատութեան վարկանիշի ցանկին մէջ` փաստելով երկրին մէջ անկախ լրագրութեան դէմ կիրարկուող խիստ ճնշումները: «Ֆրիտըմ հաուս»-ը եւս Ազրպէյճանը դասած է «ոչ ազատ» կարգավիճակի տակ` անոր տալով ընդամէնը 7 միաւոր` 100-էն, իսկ օրէնքի գերիշխանութեան ոլորտին մէջ, 2023-ին, ըստ «Ուըրլտ էքոնոմիքս»-ի զեկոյցին, Ազրպէյճանի ցուցանիշը -0.57 էր` զայն դասելով 150 երկիրներէն 108-րդ դիրքի վրայ:

Այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ առանց յստակ երաշխիքներու եւ շօշափելի ձեռքբերումներու նոր զիջումներ կատարելը ոչ միայն անդառնալի վտանգներով լեցուն է Հայաստանի ու Արցախի համար, այլեւ բացայայտ եւ ուղղակի հարուած` բոլոր ռազմագերիներուն, որոնք տակաւին կը տառապին Ազրպէյճանի բռնապետական վարչակարգի ճնշումներուն տակ:

Խորքին մէջ վերջին զարգացումներուն հետեւանքները աւելի քան վտանգաւոր են հայ ռազմագերիներուն համար: Առանց ԿԽՄԿ-ի հսկողութեան` անոնց վերաբերեալ խախտումները բնականաբար կրնան սաստկանալ, ֆիզիքական առողջութիւնը կտրուկ վատանալ, իսկ ողջ-առողջ ազատ արձակման հաւանականութիւնը` նուազիլ: Վճռական կերպով պէտք է արձագանգել այս զարգացումներուն` լուսարձակի տակ պահելով այս բոլորին մէջ Ազրպէյճանի պատասխանատուութիւնը եւ պահանջելով ԿԽՄԿ-ի ու այլ միջազգային կազմակերպութիւններու վերականգնումը:

Ազրպէյճանի անպատժելիութեան խորացող ինքնավստահութենէն ազդուած այս քայլերը ոչ միայն սպառնալիք են հայ ռազմագերիներու անվտանգութեան եւ իրաւունքներուն, այլ նաեւ աւելի կը խարխլեն արդէն իսկ անկայուն տարածաշրջանային ապահովութիւնը: Ազրպէյճանի վրայ զգալի ճնշում գործադրելու ունակ դերակատար կողմերը պէտք է հակազդող ու պարտաւորեցնող որոշումներ եւ պատժամիջոցներ որդեգրեն Ազրպէյճանը սանձելու համար: Իսկ այդ քայլերուն հասնելու համար, առանց տատանելու եւ դանդաղելու, մնայո՛ւն, հրապարակային ու խորհրդապահական,  բազմակողմանի եւ բազմամակարդակ աշխատա՛նք կը պահանջուի բոլորէն` ե՛ւ հայրենիքի ե՛ւ սփիւռքի մէջ: