Հայ երկու քոյրեր զոհ գացին Սուտանի մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմին
Սուտանի մէջ Ապրիլէն ի վեր շարունակուող քաղաքացիական հակամարտութեան պատճռով սպանուածներու թիւը այժմ գերազանցած է 3 հազարը։ Յունիս 11-ին BNN Network լրատուական կայքէջը հաղորդեց, որ Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի մէջ մահացած են երկու հայ քոյրեր՝ Զուարթ եւ Արփինէ Եկաւեանները։
Դէպքին մասին կ՚անդրադառնայ նաեւ ֆրանսահայ լրագրող Տիգրան Եկաւեանը, որ ֆրանսատառ armenews.com կայքէջին մէջ գրած է. «Մեր երկու զարմիկները՝ Զուարթ եւ Արփինէ Եկաւեանները, երկու քոյրեր էին, Սուտանի Խարթում մայրաքաղաքի փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամներէն։ Անոնք չէին ամուսնացած։ Անոնց հայրը՝ Գառնիկը, որ աւարտած էր Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի միջնակարգի բաժինը, Սուտանի մէջ coca cola ընկերութեան ներկայացուցիչն էր։ Մենք շաբաթներ շարունակ անոնց իրավիճակին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն լսեցինք։ Անոնք չէին փափաքեր հեռանալ դաժան պատերազմէն աւերուած Խարթումի իրենց բնակարանէն: Հակառակ մեր յորդորներուն, անոնք չուզեցին լքել իրենց կացարանը՝ վախնալով զայն թողուլ կողոպտողներու ողորմութեան: Մեր զարմիկները սովամահ եղան իրենց տան մէջ։ Ընթացող կռիւները անհնար դարձուցին զիրենք մատակարարելու որեւէ հնարաւորութիւն»։
Նկարին մէջ՝ Զուարթ Եկաւեան։
Comments are closed.