Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպեցան նախարար Մելանի Ժոլիի հետ
- (0)

ԳԵՄՊՐԻՃ — Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի եւ Հարաւարեւմտեան Օնթարիոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները չորեքշաբթի, 8 յուլիսին, Գեմպրիճի Հայ կեդրոն կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցան Գանատայի արդիւնաբերութեան նախարար եւ Քեպեքի տնտեսական զարգացման պատասխանատու նախարար Մելանի Ժոլիի հետ։
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Գեմպրիճի նախկին դաշնակցային երեսփոխան Պրայըն Մէյ։
Այցելութիւնը առիթ ընծայեց նախարար Ժոլիին ծանօթացնելու Գեմպրիճի կենսունակ եւ աճող հայ համայնքի գործունէութեան, անոր կառոյցներուն եւ Հարաւարեւմտեան Օնթարիոյի ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական կեանքին մէջ հայ համայնքի ունեցած ներդրումին։
Քննարկումներուն ընթացքին արծարծուեցան գանատահայութեան համար կարեւոր շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ համայնքային կառոյցներու շարունակական զարգացումը, եւ դաշնակցային կառավարութեան հետ աւելի սերտ գործակցութիւնը։
Կողմերը քննարկեցին նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումին հետեւանքները, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքներն ու կարիքները, Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիներու ազատ արձակման հրամայականը, ինչպէս նաեւ այս հարցերուն նկատմամբ Գանատայի գործօն ներգրաւուածութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Գանատա–Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման, տնտեսական կապերու ամրապնդման եւ Հայաստանի հետ Գանատայի դրական ներգրաւուածութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն։