Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Գանատահայութեան Ուղղուած Իր Ուղերձին Մէջ Վարչապետ Թրուտօ Խստօրէն Կը Դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

  • Ողջունելով Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին նուիրուած ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած առցանց ոգեկոչումը, Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտօ տեսանիւթով ներկայացուած յատուկ ուղերձով մը խստօրէն դատապարտեց Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անգամ եւս վերահաստատեց Գանատայի պետութեան հաստատ կեցուածքը այս ուղղութեամբ:

Իր խօսքին մէջ, վարչապետը կարեւորեց մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը յիշելու եւ յիշեցնելու կարեւորութիւնը, յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակը: Ան նաեւ շեշտեց, որ աւելի քան հարիւր տարի առաջ գործուած այս ոճիրը պէտք է յիշեցնէ համայն մարդկութեան, որ անտարբեր ու լուռ չմնան ատելութեան, խտրութեան եւ վայրագութեան արարքներու դիմաց:

Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Գանատան երբեք պիտի չմոռնայ եւ միշտ պիտի յիշէ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:

Հարկ է նշել, որ Վարչապետ Թրուտոյի այս տարուան ուղերձը ամենէն դիպուկ եւ յանցագործն ու յանցագործութեան նպատակը յստակօրէն նշող ուղերձն էր, որ երբեւէ հնչած է Գանատայի վարչապետի մը կողմէ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.