Հայ Դատի յանձնախումբը Արցախի հարցը կ՚արծարծէ Գանատայի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար եւ Խորհրդարանի նորընտիր անդամ Ճակմիդ Սինկի հետ
Փետրուար 25-ի երեկոյեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան եւ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան հրաւիրուած Էին ներկայ գտնուելու Գանատայի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ճակմիտ Սինկի Գանատական խորհրդարանի անդամ ընտրուելուն առթիւ կազմակերպուած հաւաքին: Նոր Դեմոկրատներու առաջնորդը Պրիթիշ Գոլոմպիայի Հարաւային Պարնըպի ընտրատարծքին մէջ կայացած ընտրութիւններուն պարտութեան մատնեց մրցակից Ազատական եւ Պահպանողական կուսակցութիւններու թեկնածուներուն։ Նշենք, որ Նոր Դեմոկրատ կուսակցութիւնը Գանատայի խորհրդարանի երկրորդ ընդդիմադիր ուժը կը հանդիսանայ։
Գանատայի Հայ Դատի Յանձախումբի անդամները առիթը ունեցան զրուցելու Ճակմիտ Սինկի հետ, որուն ընթացքին Հայ Դատի Յանձնախումբին անունով շնորհաւորեցին զինք՝ խորհրդարանի պագամաւոր ընտրուելուն առթիւ եւ յոյս յայտնեցին, որ Նոր Դեմոկրատներու ղեկավարը ամէն ջանք ի գործ դնէ սատարելու հայութեան, եւ մանաւանդ Արցախի ժողվուրդին ինքնորոշման իրաւունքին ի նպաստ տարուած աշխատանքներուն: