Հայ Դատի Մեծն Բրիտանիոյ յանձնախումբին ուղեկցութեամբ Արման Թաթոյեան հանդիպումներ ունեցած է բրիտանական քաղաքական շրջանակներու հետ
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը յայտնէ, թէ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իրլանտայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Յովակիմ Սրբազանի հրաւէրով Լոնտոն գտնուող Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան, Մարտ 17-ին, Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ, հանդիպած է Մեծն Բրիտանիոյ հայ համայնքին հետ։ Միջոցառումը հովանաւորած են Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իրլանտայի Հայոց Թեմը, Մեծն Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբին հետ համակազմակերպմամբ:
Արման Թաթոյեան ներկայացուցած է Ատրպէյճանի ներխուժումը Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանէն ներս՝ յատկապէս Ներքին Հանդ, այնտեղ ստեղծուած իրավիճակը, քննարկած է ցեղասպանական շրջափակումէն ետք Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան էթնիկ զտումները եւ անդրադարձած Հայաստանի սահմանադրական փոփոխութիւններու խնդրին։ Միջոցառման մասնակիցները նաեւ շեշտած են սփիւռքի համախմբման կարեւորութիւնը՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով։ Համայնքի անդամները բանախօսին հարցեր ուղղելու հնարաւորութիւն ունեցած են։
Հայ Դատի Մեծն Բրիտանիոյ յանձնախումբին կազմակերպմամբ եւ յանձնախումբի նախագահ Անէթ Մոսկոֆեանի ուղեկցութեամբ, Մարտ 18-ին Թաթոյեան այցելած է Վեսթմինսթերի պալատ եւ հանդիպած է Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներու, որոնցմէ նաեւ խումբի նախագահ Թիմ Լոթնի հետ: Թաթոյեան խորհրդարանականներուն ներկայացուցած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւումները, Արցախի էթնիկ զտումները, սահմանային անվտանգութեան եւ սահմանամերձ գիւղերու ու քաղաքներու բնակչութեան իրաւունքներու խախտումները եւ այլն։
Comments are closed.