Հայ Դատի արդար հանգուցալուծման տեսլականին հաւատարիմ՝ պահանջատիրութեան երթը անվկանդ կը շարունակուի
«Փակ սահմանները, հաղորդակցութիւնների բացակայութիւնը, Թուրքիայում եւ Ադրբեջանում մշակութային յուշարձանների աւերումը, պատերազմական իրավիճակը,- այս ամէնը շարունակուող Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներն են»
Վահան Յովհաննիսեան (1956-2014)
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար
Հայ ժողովուրդի զարգացման ընթացքը խափանուեցաւ եւ ազգի ստուար մէկ հատուածը մաս-նատուեցաւ ու արմատախիլ եղաւ իր բնօրրանէն։ Ազգասպանութեան ոճիրը խորապէս ազդեց նաեւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային եւ մարդկային վերարտադրման ներուժին։
Հայոց ցեղասպանութեան վերջին հանգրուանը՝ հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած կանխամտածուած ցեղային բնաջնջման հետեւողական ուրացումն է թրքական պետութեան կողմէ:
Մարդկային իրաւանց միջազգայնօրէն ընդունուած օրէնսդրութեան մէջ պատժելի են ցեղասպանութիւն կազմակերպելը, գործադրելը, զայն հրապարակաաւ հրահրելը եւ՝ կատարուած յանցագործութիւնը ժխտելը:
Հայոց Ցեասպանութեան ընթացքին մարդ անհատի տարրական իրաւունքներուն դէմ կիրառուած յանցագործութիւնները կը ներառեն սպանութիւն, ազգային հաւաքականութեան մը կանխամտածուած բնաջնում, ստրկացում, խոշտանգում, բռնագաղթ, բանտարկութիւն, բռնի դաւանափոխութիւն, սեռային բռնութիւն եւ սեփական ունեցուածքի բռնագրաւում։
Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Միջազգային իրաւունքի յանձնաժողովին կողմէ մշակուած օրէնքներուն մէջ կը նշուի, որ իրաւական արարքի խախտման պարագային՝ պատասխանատուութիւն կրող պետութիւնը պարտաւոր է իր պատճառած վնասի համար նիւթական եւ բարոյական հատուցում կատարել:
Նոյնպէս, աշխարհի ամենէն հին մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնը՝ «Մարդկային Իրաւանց Միջազգային Դաշնակցութիւնը» Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակած իր հռչակագրին մէջ կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ, որպէսզի ընդմիշտ դադրեցնէ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ հայասպանութեան վնասներուն համար հատուցում կատարէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգներուն։
Զգայախափութիւն եւ պատրանք են Ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրք պետութեան հետ սեղանի շուրջ հաշտութեան նստելու նախաձեռնութիւնները, որուն ցայտուն վկաներն են Հայ-թրքական հաշտութեան յանձնաժողովի (TARC) եւ հայ-թրքական արձանագրութիւններու վիժած փորձութիւնները։
Ցնորաբանութիւն է հաւատք ընծայել Անգարայի երկարած հաշտութեան ձեռքին, երբ իր դաշնակից Պաքուն 21-րդ դարու սեմին Սումկայիթի, Մարաղայի եւ Թալիշի մէջ կը շարունակէ ցե-ղասպանական արարքները։
Թուրքիոյ իշխանութիւններու այսօրուան եւ հեռակայ ռազմավարական մտածողութեան մէջ տակաւին առկայ է նախկին Օսմանեան կայսրութեան թեկուզ որոշ տարածքի վերականգնման տեսութիւնը, որ ինքնին լի է անկանխատեսելի սպառնալիքներով տարածաշրջանի պետութիւններուն եւ յատկապէ՛ս Հայաստանի համար։
Անգարայի վերոնշեալ ռազմաքաղաքական ընկալման լոյսին տակ, հայութիւնը պէտք է ճշդէ պահանջատիրութեան յառաջիկայ ռազմավարութիւնը: Ցեղասպանութեան ճանաչման անմիջականօրէն լծորդուած է հատուցման հարցը, որ իրողութեան մէջ իրաւազրկուած հայ ժողովուրդի արդարութեան վերականգնման հանգրուանն է։ Ցեղասպանութեան առնչուող նիւթական եւ բարոյական հատուցմներէն անկախ՝ յաջորդ հանգրուանը հողային պահանջատիրութեան խնդիրն է։
Հայաստանի գոյատեւելիութիւնը չի կրնար երաշխաւորուիլ մասնատուած հողատարածքներով, հայ ազգի լինելութեան նպատակասլաց արարումը անկատար է մասնատուած հայրենիքով։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործուած է հայրենի հողին վրայ եւ այդ արնահեղեղ հողատարածքը հայ անհատի յիշողութեան եւ ինքնութեան անխզելի ու անքակտելի մէկ մասնիկն է։
Պահն է չափակշռելու պատմական խոցի թողած հետեւանքները։
Պահն է անվկանդ շարունակելու պահանջատիրութեան երթը։
«Հորիզոն»ի Խմբագրական