Հայ Դատը Կոչ Կ՛ընէ Դիմելու Թրամփին՝ Հայաստանին Աջակցելու Հարցով
1739
0
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Տանըլտ Թրամփին դիմէ, Հայաստանին եւ Արցախին աջակցութիւն ապահովելու նպատակով։
Այս նպատակին համար, Հայ Դատի կայքին վրայ պատրաստուած է Սպիտակ տան ուղարկուելիք նամակ մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին ամերիկահայութիւնը յուզող հարցեր, ներառեալ՝ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու սերտացում, Արցախի անկախութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորում, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում:
Այս նամակէն օրինակ մը յղելու համար, այցելել anca.org/trump կայքը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը շեշտէ, թէ այժմ ժամանակն է գործնական քայլեր առնելու այն հարցերուն ուղղութեամբ, որոնք կը մտահոգեն ամերիկահայութիւնը: