Հայրենատէր կուսակցութիւնը (ՀՅԴ 130-ամեակին առիթով)

«… Քանի մեր հողերը բռնագրաւուած են, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի իր պայքարը եւ Դաշնակցութեան զաւակները, իբրեւ հայ ժողովուրդի հարազատ զաւակներ, պիտի շարունակեն այդ պայքարը»

ԴՐՕ

Դաշնակցութիւնը իբրեւ ժողովրդածին կազմակերպութիւն իր պատմական գործունէութեան ընթացքին ընկալած է ազգային գաղափարախօսութիւնը իր էութեամբ և հաւատարիմ մնալով այդ խորհուրդին՝ իր ամբողջական ներուժը ներդրած է ազգ-հայրենիքի կերտման առաքելութեան։

Հայրենեաց բնօրրանի ազատագրման եւ հայ ազգաբնակչութեան ֆիզիքական պաշտպանութեան առաջնահերթութիւնները հիմնարար լիցք կը հանդիսանան կուսակցութեան գաղափարախօսութեան, որուն միաժամանակ միաձուլուած են ընկերվարական համամարդկային արժէքները։

Իբրեւ ազգային կուսակցութիւն, Դաշնակցութիւնը միշտ վերաիմաստաւորած է իր հայեցակարգը՝ ի խնդիր հայութեան իղձերու իրագործման, հայրենի պետականաշինոութեան եւ ազգակերտման։ Նոյն հայեցակարգի հարացոյց հանդիսացած է ամբողջական եւ միաւորուած հայրենիքի ձեւաւորման ու վերընձիւղման գաղափարը։

Դաշնակցութիւնը անտարբեր չի կրնար մնալ նաեւ այսօր,  պատմականօրէն ճակատագրական ու ակիւնադարձային այս ժամանակահատուածին, երբ Արցախեան պատերազմէն ետք առկայ է պետութեան ազգային անվտանգութեան խոցելի իրավիճակը, երբ կաթուածահար է տնտեսութիւնը, երբ կը շարունակուի ժողովրդային խաւերու ընկերային բեւեռացումը։

Հ.Յ.Դաշնակցութիիւնը, իր գաղափարական սկզբունքներուն հաւատարիմ, ընկերային արդարութեան եւ համերաշխ հասարակութեան տեսլականով՝ միշտ կանգնած է հայրենի ժողովուրդի կողքին, որպէսզի վերականգնէ հասարակութեան վստահութիւնն ու հաւատքը՝ հանդէպ արդար պետութեան մը։

Ազգի բարոյահոգեբանական կենսակերպը վերականգնելու եւ վերակազմակերպելու առաջադրանքը դժուարին առաքելութիւն է։ Հայաստանի ու հայութեան ազգային անվտանգութիւնը այսօր հիմնականօրէն պայմանաւորուած է պարտութեան բարոյահոգեբանական գործօնը վկանդելու ու յաղթահարելու առաջնահերթութեամբ։ Դաշնակցութիւնը միշտ պատրաստ եղած է նման օրհասական պահերու իր ամբողջական կենսուժը ներկարկելու ու յաղթանակ կերտելու ու վերարտադրելու, վկայ՝ Հայոց 1915-ի արհաւիրքէն երեք տարի ետք, անկախութեան վերայառնման պատմական գործընթացին մէջ իր  դերակատարութիւնը։

Պատմութեան ճակատագրորոշ ներկայ իրադրութեան մէջ, Դաշնակցութեան համար Արցախի հիմնահարցը կը դասուի որպէս հայրենի պետականութեան ամրապնդման, ազգային ինքնագիտակցութեան խորացման և ազգային անվտանգութեան ապահովման խորքային խնդիր. Դաշնակցութիւնը հետեւողականօրէն ապացուցած է, որ ճգնաժամային պահերուն կանգնած է Արցախի կողքին և պատրաստ է իրականացնել Արցախի հզօրացման նպատակաուղղուած ազգային ծրագրեր եւ այդ նպատակի իրագործման համար ջատագովը եղած է հայրենիքի եւ Սփիւռքի ներուժը համախմբելու ուղղութեամբ։

Յետ եղեռնեան հայութեան պատմութեան տոմարներուն մէջ անժխտելի է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխարհացրիւ ցանցի քաղաքական աշխատանքը՝ հայ ժողովուրդի իրաւապահանջութեան միջազգային ճանաչման եւ արդար Հատուցման բազմաբեւեռ գործունէութեամբ։ Հայոց պետկանութեան դիւանագիտական երկրորդ ճակատը հանդիսացող այս կառոյցը, իր կազմակերպուածութեամբ կը հանդիսանայ սփիւռքահայ ամէնէն ազդեցիկ լիպիինկի եւ քարոզչական մեքենան, որ տասնամեակներու ընթացքին իր ներդրումը ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի անկախութեան եւ ինքնորոշման միջազգային գործընթացին մէջ։

Ի պահանջեալ հարկին՝ կեանքի գնով հայրենիքին ծառայելու կազմակերպական ուխտով մարտական կուսակցութիւնը, իր հիմնադրման օրէն մինչեւ Արցախեան ազատամարտ եւ մերօրեայ պատերազմներու ընթացքին, չէ վարանած նուիրաբերելու իր երդուեալ ուխտապահներու սերուցքը հայրենի հողի պաշտպանութեան ի խնդիր։

Արցախի ազատագրական պայքարի բովին մէջ, բանիւ եւ գործով պատմակշիռ եւ վճռական իր դերակատարութիւնը ունեցած Դաշնակցութիւնը միշտ հաւատացած է, որ հայոց պետականութեան գոյատեւելիութիւնը ապահովող եւ ռազմավարական պատուար հանդիսացող Արցախի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ռազմավարական երաշխիք ու պատուար է Հայաստանի Հանրապետութեան։

Այսօր, որպէս ընդդիմադիր ուժերու դրօշակիր, Դաշնակցութիւնը լծուած է երկիրը ապակայանուցման վիհէն դուրս բերելու առաքելութեան, համախմբելով ընդդիմադիր քաղաքական դաշտը, անձնատուողական վարքագծով գործող իշխանութիւնները հեռացնելու եւ վերականգնելու պետութեան արժանապատուութիւնը եւ այդ խնդրի իրագործման համար՝ հաստատ սեւեռումով ընդդիմութեան առաջնորդն է։

Այսօր, երբ նժարի վրայ դրուած է մեր պետական ու ազգային անվտանգութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պատրաստ է վահան ու պատուար հանդիսանալու հայութեան գոյատեւելիութեան սպառնացող բոլոր դաւերուն ու մարտահրաւէրներուն։

Գործի կուսակցութիւնը թեւակոխած է 130րդ տարին եւ ինչպէս անցեալին, այսօր նոյնպէս, ՀՅԴ գործադաշտի կիզակէդրոնը՝ հայրենատիրութիւնն է։

«Հորիզոն»ի խմբագրական

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.