ՀԱՅՈՒ ՇԱՀԸ ԵՒ ԻՐԱՒԸ

Յ. Պալեան

Հայաստանի վարչապետը յայտարարութիւններ կ’ընէ, եւ զինք լսող ողջախոհ հայը եւ հայու բարեկամը շուարումի կը մատնէ: Ան յայտարարեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումները ո՛չ մէկ շահ բերած են Հայաստանի: Չէ ըսած, որ ի՞նչ վնաս բերած են: Եթէ ըսէր, կը հասկնայինք ազգի շահ-վնասի ըմբռնումը: Հայաստանի Քաղաքական Շահը միթէ ընդհանրապէս հայ Ժողովուրդի շահի եւ վնասի ըմբռնումէն տարբե՞ր է: Այդ ժողովուրդը ՀԱՅ Ա՞ԶԳն է, թէ միայն ներկայի «իրական» կոչուող Հայաստանը՝ իր բնակչութեամբ: Հայաստանի ըմբռնումը եւ սահմանումը նո՞յնը եղած են եւ նո՞յնն են բոլոր անոնց համար որոնք իրենք զիրենք որպէս այդ կ’ընդունին:

Խորհի՛լ «Հայաստան»-ի ըմբռնման մասին, որպէսզի զիրար հասկնանք եւ ուրիշներ ալ մեզ հասկնան, գիտնանք եւ գիտնան, թէ ի՞նչ ենք, ի՞նչ կ’ուզենք եւ ինչո՞ւ:

Մինչեւ 1915, հակառակ անոր որ հայերը եւ իրենց բաժան բաժան եղած հայրենիքը օտար տիրապետութիւններու տակ կը գտնուէին, նոյնիսկ երբ կ’ապրէին հեռու-հեռաւոր աշխարհներու մէջ, իրենք զիրենք ՀԱՅ կը համարէին, մէկ եւ նոյն, թէեւ այդ հայրենիքը քաղաքական սահմաններէ զրկուած էր, բայց անոնք գիտէին, որ կար այդ Հայրենիքը: Երբ Հայաստան կ’ըսէին, կը հասկնային նոյն աշխարհագրութիւնը, այլ երկինքներու տակ զայն կը պահէին եւ կ’իւրացնէին լեզուով, մշակոյթով, գրականութեամբ, պատմութեամբ, եկեղեցիով: Կը պահէին մէկութիւն: Ինքնութիւն էր հայ քրիստոնեայ ըլլալ, եկեղեցին ազգ ըլլալու եւ պահելու հոգեմտաւոր պատուանդան էր :

Ինչո՞ւ գաղթած հայերը հեռաւոր Մատրասի մէջ հայերէն թերթ պիտի հրատարակէին, Կալկաթայի մէջ կրթական հաստատութիւն ունենային: Պարզ չէ՞, որ անոնք կը շարունակէին մնալ նոյն ազգին մէջ:

Իր հայրենիքին մէջ ապրող հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ հայրենահանուած էր: Այդ Հայրենիքը Վան էր, Մուշ, Սասուն, նաեւ՝ Կիլիկիա: Այդ բարոյական-քաղաքական ըմբռնում էր երէկ, եւ է այսօր:

Օրէնքներով առաջնորդուող երկիրներ նուազագոյնը կ’ընեն ճանչնալով ցեղասպանութիւնը, թէեւ այդ մսկոտ արտայայտութեան մէջ չեն ներառներ հայրենահանումը, որ կը շարունակէ հայասպանութիւնը:

Թուրքը կը խօսի «Թիւրք իրքինին եաշատըքը եէրլէր»-ի մասին, «թուրք ցեղի ապրած վայրեր»-ու, զորս կը համարէ իր հողը, հայրենիքը: Ինչո՞ւ հայը իր հայրերու բնակած աշխարհը իր հայրենիքը պիտի չհամարէ:

Ամերիկա կամ Ֆրանսա բնակող «վանեցի» Գեղամին կամ «մշեցի» Սիմոնին հարցուցէ՛ք, թէ ո՞ւր է Հայաստանը, ան պիտի ըսէ «Վան, Մուշ»:
Մարդու դէմ գործուած Ոճիրը ճանչնալ եւ դատապարտել քաղաքական բարոյական է, փուճ է, եթէ մնայ եթերին մէջ, թուղթի վրայ, արդարութեան արժէքներու վրայ ոչինչ կ’աւելցնէ, ձրի մխիթարութիւն կ’ըլլայ: Ցեղասպանութեան ճանաչումները մարդկութեան եւ հայ ժողովուրդին համար էական բարոյականութեան շահ են, որ վաղ թէ ուշ պիտի յանգի արդարութեան, որպէսզի մարդիկ ճակատաբաց ըսեն, որ իրապէս դուրս եկած են Անտառի Օրէնքէն, «ջունգլի»-ի օրէնքէն: Քաղաքակիրթ աշխարհը, իր ամպագոռգոռ ժողովներուն մէջ հայոց ցեղասպանութիւնը եթէ օրին ճանչնար, դատապարտէր հայերու հայրենահանումը, արդարութիւն եւ իրաւունք վերականգնէր, Հիթլէր, երբ իր զրահապատները կը խուժէին Լեհաստան, պիտի չըսէր «ո՞վ կը յիշէ հայերը», եթէ հայերու ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը պատշաճ վերաբերումի արժանացած ըլլային, հրէական ցեղասպանութիւնը տեղի չէր ունենար: Ի՞նչ երաշխիք կայ, որ մարդկութիւնը պիտի չդիմագրաւէ նոր ցեղասպանութիւններ, այս անգամ ոչ թէ նախնական միջոցներով, այլ ձեռք բերուած հիւլէական հզօրութեամբ, սպառնալով «կապոյտ մոլորակ»-ի վրայ եղած կեանք-հրաշքին:

Ցեղասպանութիւն եւ հայրենահանում ՀԱՅը զրկեցին իր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքէ: Այս ոճիրը մոռնալ արմատներու եւ նախահայրերու ուրացում է եւ ըլլալ անանցեալ: Ճանաչումները իրաւունքի յաղթանակ են, մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի դատապարտութիւն եւ իրաւունքի վերականգնումի առաջին քայլ: Այդ իրաւունքը ՀՈՂ է եւ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ: Շահ՝ որ կրկին կը միջազգայնացնէ պատմութեան մէջ ծանօթ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑը, որպէսզի արդարութիւն ըլլայ: Այս ՇԱՀն է հայուն, եթէ ան չէ վատսերած: Ըսել, որ ցեղասպանութեան ճանաչումները շահ չեն բերած Հայաստանի, կ’առաջնորդէ հոն, ուր Արցախը կը դառնայ շահ չբերող հարց, նոյն հունով՝ նաեւ Զանգեզուրը, մտածե՛լ նաեւ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի»-ի մասին, զայն շահ-վնասի էջին վրայ որպէս ի՞նչ պիտի արձանագրենք:

Դիւանագիտական մեծ խաղերու մէջ հանդէս եկող Հայաստանի վարչապետի վերջին գիւտը եղաւ այն յայտարարութիւնը, որ «Թայուանը կը պատկանի Չինաստանի»: Ոչ ոք իր կարծիքը կը հարցնէր, իր կարծիքը ոչ մէկ կշիռ կրնայ ունենալ ՄԵԾԵՐու խաղին մէջ: Այդ յայտարարութիւնը Ի՞ՆՉ ՇԱՀ կրնայ ապահովել Հայաստանի: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, Արցախը, Վանը, Մուշը, Սասունը, Կարսը, Անին, հայոց հայրերու կառուցած եկեղեցիներու վկայութեամբ, կը պատկանին հայերու, Հայաստան են:

Ցեղասպանուած հայերը հայ ազգին մաս կը կազմէի՞ն, թէ ոչ, անոնց բնակած երկիրը հայոց իրական հայրենիք է՞ր թէ ոչ: Եթէ երէկ հայրենիք եղած տարածքէն կարելի է հրաժարիլ եւ զայն մոռնալ, պատճառ չկայ, որ այսօր իրական հայրենիք համարուող տարածքն ալ կարելի է մոռնալ:
Ի՞նչ շահելու համար:

Աւելի քան երբեք, հայ ժողովուրդը կանգնած է իր իրաւ մէկութեան նուաճման հարցին առջեւ, որ յիշողութիւն – ինքնութիւն է եւ ազգային տարածքի իրաւունք, որուն պաշտպանութիւնը եւ տիրութիւնը ազգի գոյապահպանման երաշխիք են:

Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրպակի շահ-վնասի մանրադրամ չէ, ան հաշուետուութեան մեկնակէտ է հայ ժողովուրդի իրաւ շահերու տիրացման համար: Ճամբացոյց է, որպէսզի հայերը ընթանան ներքին միացման, հայրենիքի ամբողջացման եւ տիրութեան տանող ուղիով:

Ազգ կ’ըլլանք միացումով եւ «նախնիներու ապրած աշխարհներ»-ու միացումով:

Ցեղասպանութեան եւ անոր ընկերացած հայրենահանման մարդկութեան դէմ ոճիրի ճանաչումը մարդու եւ ժողովուրդներու բարոյական եւ քաղաքական յանձնառութիւն է, հայ ազգի հանդէպ քաղաքական պարտք՝ Հայաստան Հարապետութեան մէջ եւ իր բռնագրաւուած հայրենիքէն դուրս պարտադրաբար գաղթական ժողովուրդին համար, զոր կը կոչենք ՍՓԻՒՌՔ:

Ի՞նչ պէտք է ընէ Սփիւռքը իր բռնագրաւուած հայրենիքին համար: Ինչպէ՞ս պիտի հետապնդէ իրաւատէրի գոյութենական ազգային քաղաքականութիւն: Այդ ինչպէ՞ս օրակարգ պիտի ըլլայ, ցեղասպանութեան ճանաչումներու ենթահողին վրայ, որոնցմով միջազգային համայնքը ստանձնած է իր քաղաքական պարտքը:

Այդ պարտքը յարգել տալ պահանջ է եւ հայութիւնը այդ ինք պիտի հետապնդէ: «Ճանաչում»-ները հայութեան ներկայի եւ վաղուան շահը կ’ըլլան, եթէ, ներսը եւ դուրսը, անոնց իրացումը հետապնդող մէկ եւ նոյն ժողովուրդ ըլլանք: Անարժաններ կրնան ըսել, որ ազգի իրաւունքը իրենց շահը չէ, շահ չի բերեր:

Առանց ամբողջական իրաւունքի ըմբռնումի, մասնակին ժամանակաւոր է եւ մոռցուելու դատապարտուած :

Հարցում. Բազմամիլիոն Սփիւռքը ինչպէ՞ս վերականգնել որպէս ամբողջի տեսիլք ունեցող յանձնառու իրաւ հայրենատէր ազգ, որ գիտնայ մերժել յաւերժ գաղթական ըլլալու ստորացումը, հրաժարի մանր գոհացումներու ճապկումներէ, ինչպէս որ է լաւ ապրելու իրաւունքի հետապնդումը:
Գերմանացի իմաստասէր Կարլ Եասփերզ ըսած է, որ հարցումները աւելի կարեւոր են քան անոնց պատասխանները: Ո՞վ, որո՞նք եւ ինչպէ՞ս պիտի պատասխանեն եւ գործեն, որպէսզի պարտութիւնը չըլլայ յաւերժական:

Ցեղասպանուածներու եւ հայրենահանուածներու անորոշ միլիոններով ժառանգները, որպէս զոհ եւ իրաւատէր-պահանջատէր կ’ըլլան կազմակերպուելով եւ քաղաքական հրապարակ գալով, գերազանցելով ներազգային եւ ներհամայնքային ամուլ-ամլացնող հատուածական մանրուք մրցակցութիւնները, որպէսզի վերականգնեն անարդարութեան նկուղներուն մէջ մնացած հայ ազգը, որ պատմութեան չբացուող էջերուն մէջ է, եւ կը կոչուէր ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, որուն հայրենիքը ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆՆ էր: Այս ազնուական պայքարը էապէս ազգային եւ հեռանկարային է, պարտուածի հոգեբանութեան մէջ թաղուած չմնալու կոչ եւ չըսելու՝ որ ուշ է:

Ֆրանսան պարտուած եւ գրաւուած էր: Նախախնամական անձ մը Մանշ ծովի միւս ափը գնաց եւ պայքարի կոչ ըրաւ ժողովուրդին, որ լսեց, միացաւ եւ պայքարեցաւ: Պատմութիւնը իրեն իրաւունք տուաւ:

Ի՞նչ կը բանին ցեղասպանուածներու եւ հայրենահանուածներու միլիոնաւոր յետնորդները: Ինչու՞ անոնք պայքարող ժողովուրդ պիտի չըլլան: Եթէ չըլլան, հայրենազուրկ ըլլալէ ետք, կը դառնան անինքնութիւն համրանք:

Աշխարհատարած յետնորդներու պարտքն է կազմակերպուիլ եւ կեանքի կոչել Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան ներկայացուցչութիւն, որ թաղային մասնակիէն եւ սովորական եսերէն անդին նայի, եւ ըլլայ առաջնորդ: Այդպէս ըրած են ԻՐԱՒ ՄԵԾԵՐը, երբ հաւատքով ոտքի կանգնած են, միացուցած եւ առաջնորդած են ժողովուրդը: Պիտի ընե՞ն, պիտի ընե՞նք այնպէս, որ Արեւմտահայութեան Արեւմտահայաստան հայրենիքը հայուն վերադառնայ:

Յայտարարել, Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան պահանջատէր ներկայացուցչութեան կազմութիւնը, ընել այնպէս, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններ եւ կազմակերպութիւններ զայն ճանչնան, որպէս ցեղասպանուած եւ հայրենահանուած ժողովուրդի յետնորդներու իրաւասու ներկայացուցչութիւն եւ խօսակից, որպէսզի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ չմնայ արխիւներու մէջ, չըլլայ սոսկ ոգեկոչման ջոջական կամ հոգեհանգստեան հանդէս, ըլլայ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՈՂ ՕՐԱԿԱՐԳ ԵՒ ԴԱՏ: Յետնորդները, որպէս մարդ եւ հայ, բարոյական եւ քաղաքական պարտք ունին իրենց կորսնցուցած Հայրենիքին եւ իրենց նախնիներուն հանդէպ, որպէսզի ապրին իրենց ինքնութեամբ, չըլլան, ինչպէս արդէն դարէ մը ի վեր, պատմութեան չարիքներու հեղեղին մէջ քշուող աննշան տաշեղ:

Մի՛շտ խորհիլ, որ վաղը ուշ է, եւ լսել ֆրանսացի մեծ գրող Անթուան տը Սէնթ’Էկզիւբերիի իմաստութիւնը, կանգնիլ եւ առնել առաջին քայլը, ապա երկրորդ առաջինը, եւ շարունակել… հասնելու համար: Այդպէս է նպատակի հետապնդման ուղին, միշտ գիտակցելով, որ Արեւմտահայաստանը հայու հայրենիք է: Ցեղասպանուածներու եւ հայրենահանուածներու յետնորդները իրենք են Արեւմտահայաստան հայրենիքին տէրը: Եթէ չըլլան, կը մնան եւ կ’ըլլան անհետանալու դատապարտուած յաւերժի գաղթականներ:

Բանաստեղծները յայտնատեսներ են: Կը յիշեմ Յովհաննէս Շիրազի խօսքը այն աշխարհի մասին, զոր շատեր, ազնուական յամառութեամբ կը կոչեն ԷՐԳԻՐ: Շիրազ, այդ աշխարհին համար ըսած էր, որ ինք հոն միտքով ման կու գար, նոր սերունդները հոն ման պիտի գային ոտքով: Մեծ առաջնորդները, այդ հաւատքով կը կերտեն պատմութիւն եւ ապագայ, չեն կքիր կրպակի շահ-վնասի մտմտուքի դիմաց: Շիրազ մէկ օդանաւէ միւսը չէր ցատքեր, շոփինկ չէր ըներ, հայ էր եւ տեսիլք ունէր:

Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի Արեւմտահայութեան եւ անոր հայրենիք Արեւմտահայաստանի ԴԱՏը վերադառանայ միջազգային քաղաքական բեմ եւ ըլլայ զօրաշարժ, չըլլայ սոսկ թղթաբանութիւն, բեմի եւ եթերի աղմուկ: Այդ ընելու համար, կը յաղթահարե՞նք անբովանդակ փառասիրութիւնները եւ կոշկոռ կապած քէները, հրաժարելով, ինչպէս կ’ըսուի գրաբարով, «բարձընտիր լինելու ախտ», որ ընկճուածի հոգեխոց եւ վարակ է:
Միթէ՞մեր մէջ մեռա՞ծ են Դաւիթը, Վահագնը, Հայկը, իր հողէն ուժ ստացող Արշակունի թագաւորը:

Հրաշքը պիտի գործէ հայը, կամ ան պիտի ընդունի ազգ չըլլալ եւ անհետանալ, դառնալ մոլորակի բազմանուն հասցէներով նորանուն-անանուն արտադրող – սպառող քաղաքացի, սպառողական ընկերութեան հիւլէ: