Հայութիւնը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի Հարիւրամեակին
1914-1918, չորս տարիներու ընթացքին եւրոպական ցամաքամասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին Դաշնակիցները` Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ ցարական Ռուսիա մէկ կողմէ եւ Գերմանիա եւ Օսմանեան կայսրութիւն` միւս կողմէ, իրարու դէմ մղեցին իր վայրագութեամբ եւ տարողութեամբ ամբողջ դար մը նախընթաց չունեցող պատերազմ մը:
Պատմութիւնը, անշուշտ, հետագային ցոյց պիտի տար, որ այն առաջինն էր միայն երկու համաշխարհային պատերազմներու, որոնց արդիւնքով եւրոպական մեծ պետութիւնները պիտի դադրին միջազգային ուժային հաւասարակշռութեան որոշիչները ըլլալէ: Բայց պատմաբաններուն համար 1914-ն էր, որ վերջ պիտի տար, այն ինչ Քարլ Փոլանյի բնութագրած էր «19-րդ դարու եւրոպական քաղաքակրթութիւնը»: Ամբողջ հարիւր տարիներու ընթացքին, կը հաստատէ 1944-ին գրուած իր «Մեծ փոփոխութիւնը» աշխատասիրութեան թեզը, ուժերու հաւասարակշռութեան մեքանիզմի, ազատական պետութեան, ազատ շուկայի եւ բարձր ֆինանսներու չորս հիմնասիւներու վրայ հաստատուած աշխարհակարգ մը աննախըթաց խաղաղութեան եւ տնտեսական զարգացման պատմական ժամանակաշրջան մը ապահոված էր մարդկութեան: Դրամատիրական զարգացման այս հանգրուանը, սակայն, իր ներքին հակասութիւններու տրամաբանութեամբ անխուսափելիօրէն յառաջացուցած էր հասարակական ցնցումներ, դիմադրութիւն եւ զանգուածային հակազդեցութիւն` յանգելով ի վերջոյ համընդհանուր բախումի, որուն ծաւալն ու խորքային հետեւանքները ոչ ոք նախատեսած էր: Պատերազմները ուժերու միջազգային հաւասարակշռութեան ճշդումներու մեքանիզմի տրամաբանութեամբ ծրագրելու վարժ վեհաժողովներու Եւրոպան չէր հասկնար, թէ ինչպէ՛ս չէր յաջողեր վերահսկողութեան տակ առնել զինուորական գործողութիւնները, որոնք դուրս եկած էին քաղաքական բանականութենէն եւ գերի դարձած` ազգայնականութեան կիրքին: Ի վերջոյ, Դաշնակիցները ստիպուած` դիմեցին ամերիկեան ցամաքամասի ամենաարագ ճարտարարուեստականացող եւ արդէն Քարայիպեան ծովուն թէ Խաղաղականին մէջ ուժային ծաւալումի իր առաջին քայլերը տուած նոր հսկային` Միացեալ Նահանգներուն: Հոգ չէ, թէ Վուտրօ Ուիլսընի տեսլականը, որ բանաձեւուեցաւ Քոնկրեսէն Գերմանիոյ դէմ պատերազմ հռչակելու արտօնութիւն խնդրող իր տասնչորս կէտերու ելոյթին մէջ, եւրոպացի դիւանագէտներուն համար քիչ մը անհասկնալի էր, եթէ ոչ` պարզապէս միամիտ: Ի՞նչ ըսել էր «ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք» կամ «աշխարհը ապահով դարձնել ժողովրդավարութեան համար»…
Առաջին Համաշխարհային պատերազմով բնութագրուած 19-րդ դարու աւարտն ու 20-րդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդին համար բերաւ իր հաւաքական գոյութեան շարունակման ամէնէն արմատական հարցադրումը: Երբ հոկտեմբեր 29-ին Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմին մէջ կը մտնէր Սեւ ծովու ռուսական նաւահանգիստներու ռմբակոծումով, ոչ ոք կրնար իմանալ, որ Իթթիհատական կառավարութիւնը իր համաթրքական ծրագրին հետամուտ` կը պատրաստէր Հայկական հարցին լուծումը ի դէմս հայ ժողովուրդի բնաջնջման: Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրեակին, հետեւաբար, արժէ կանգ առնել Ա. Համաշխարհային պատերազմի որպէս երեւոյթ անդրադարձին հայ ժողովուրդի ճակատագրին վրայ եւ բաղդատական մը ընել այսօրուան իր գոյութենական կացութեան հետ:
Վերլուծական այս փորձը կ՛իմաստաւորուի, մասնաւորաբար եթէ նկատի ունենանք, որ 2014-ը ե՛ւ հայութեան համար ճակատագրական տարի է, ե՛ւ համաշխարհային ուժերու հաւասարակշռութեան իմաստով կրնայ նոր դարափոխումի ազդանշանը տալ: Այսպէս, 2014-ը արցախեան պատերազմի զինադադարի քսանամեակն է, այն տարին, երբ Մինսքի խումբի միջնորդական պայմանաժամը կ՛աւարտի: 2014-ին սպասելի է նաեւ սուրիական տագնապի հանգուցալուծում մը, որ իր անդրադարձը պիտի ունենայ սփիւռքի թերեւս ամենատոկուն համայնքներէն մէկուն ապագային վրայ: Ինչ կը վերաբերի աշխարհաքաղաքական իմաստով դարափոխութեան` Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան ապագայի ճշդումն ու Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան զարգացման ընթացքը շատ հաւանաբար որոշիչ դեր ունենան որոշ վերլուծաբաններու բանաձեւած «ոչամերիկեան» աշխարհակարգի ձեւաւորման վրայ:
21-րդ դարը սահմանող միաբեւեռ աշխարհակարգին պահը…
Եթէ միջազգային քաղաքական մտածողներուն համար գրեթէ յստակ է, որ 1989-1991 տարիներուն կատարուեցաւ համակարգային փոփոխութիւն մը, որուն առընթեր ուժերու երկբեւեռային կառոյցը փուլ եկաւ, ոչ որպէս հետեւանք երկու գերպետութիններու բախումին, ինչպէս ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենան, կամ կը նախատեսուէր, որ տեղի ունենան համակարգային փոփոխութիւնները, եւ 20-րդ դարը հասաւ իր «աւարտ»-ին, այդ իրադարձութենէն աւելի քան քսանամեակ մը ետք, տակաւին յստակ չէ` ճիշդ ե՛րբ պէտք է բնութագրել 21-րդ դարու սկիզբը:
Ճիշդ է, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումով եւ անոր եօթանասունամեայ պատմական փորձառութեան ձախողութեան փաստին լոյսին տակ գաղափարախօսական հակադիր բնորդը` ազատական ժողովրդավարութիւնն ու շուկայակական յարաբերութիւններու տնտեսակարգը ոչ միայն կը ներկայանար որպէս միակ այլընտրանք, այլ անուղղակիօրէն կը պարտադրուէր Ուաշինկթընի մէջ տրուած շարք մը որոշումներու գործնականացման քաղաքականութեան ընդմէջէն: Զուգահեռաբար, 1996-էն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան պիւտճէն աւելնալու սկսաւ այնպիսի թափով մը, որ աշխարհի միակ գերուժին պիտի ապահովէր միջազգային համակարգի մէջ ռազմական բացարձակ տիրակալութեան դիրքը: Մինչ այսօր Միացեալ Նահանգներու զինուորական հզօրութիւնը այնպիսին է, որ ոչ մէկ այլ պետութիւն, եւ ոչ իսկ` պետութիւններու ռազմական դաշնադրութիւն մը, կրնայ հաւասարակշռել: Այս մէկը, անշուշտ, նաեւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական բոլոր կողմերու զօրակցութիւնը վայելող քաղաքական որոշում մըն է, այսինքն` Հանրապետական-Դեմոկրատ երկկուսակցական համախոհութիւն մը, որ հիմնուած է տակաւին 1989-ին բանաձեւուած յետվիեթնամեան զինուորական վարդապետութեան վրայ, ուր Միացեալ Նահանգներ օժտուած պէտք է ըլլան զինուորական ուժերով, որ կարող ըլլան միաժամանակ երկու շրջանային պատերազմներ մղել: Մէկ խօսքով, ուժերու հաւասարակշռութեան հայեցակէտով յետպաղ պատերազմեան աշխարհակարգը յատկանշուեցաւ միաբեւեռութեամբ, եւ, գէթ ռազմական կարողութիւններու բաժանման իմաստով, այն կը մնայ միաբեւեռ` ի տարբերութիւնը հարիւր տարի առաջուան բազմաբեւեռ աշխարհակարգին, որուն սպառման բարացուցական փաստը եղաւ Մեծ Պատերազմը:
Պատմականօրէն աննախընթաց ուժային ծաւալման այն կարողականութիւնը, որ Պաղ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Միացեալ Նահանգները ձեռք բերին որպէս համաշխարհային միակ գերուժ, անխուսափելիօրէն յանգեցաւ այսպէս կոչուած Նոր աշխարհակարգի մը կառուցման ծրագիրներու յղացման: Համատարած համոզումը, կամ ենթադրութիւնը այն էր, որ պատմականօրէն աննախընթաց պահն ու Միացեալ Նահանգներու գրաւած դիրքը որպէս Պաղ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած գերհզօր ուժ` թոյլ կու տան նման իրականացում: Նախընթացներ կային անշուշտ: Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին իսկ Ազգերու ընկերակցութեան նախաձեռնութիւնը, որ այն ժամանակ իսկապէս Նոր աշխարհակարգ մը կը նշանակէր, Ուիլսընինն էր: Հակառակ Բ. Համաշխարհային պատերազմին, նախաձեռնութիւնը վերապրեցաւ եւ ապրեցաւ իր զարգացումը` վերածուելու համար Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան: Պաղ պատերազմին յաջորդած պատմական ոլորտը, սակայն, նախորդներէն կը տարբերէր անով, որ Ուաշինկթընի գրաւած ուժային դիրքը այնքան ալ անհրաժեշտ չէր դարձներ ո՛չ դաշնակիցներու հետ աշխատիլը դիւանագիտական փրոթոգոլներէն անդին, ո՛չ ալ մասնաւորաբար ուժերու հաւասարակշռութեան ազդակի նկատառումը: Մէկ խօսքով, համաշխարհային միակ գերուժը կրնար միակողմանի նախաձեռնութիւններու դիմել առանց անոնց գինին մասին այնքան ալ մտահոգուելու:
Յետպաղ պատերազմեան այդ բացառիկ պահը Ուաշինկթըն չփախցուց` աշխարհին հրամցնելու/պարտադրելու համար քաղաքական եւ տնտեսական զարգացման «միակ» բնորդը, որուն բացարձակ գերակայութեան` Հերկելեան «Ժամանակի ոգի»-ի իմաստով ճշմարտութեան «փաստ»-ը տրուած էր 1989-1991 թուականներու իրադարձութիւններով: Եւ, իրօք, եւրասիական ամբողջ աշխարհատարածքը այսպէս կոչուած «ռէալ սոցիալիզմ»-ի փլատակներուն վրայ ընդունեց ազատ-շուկայական յարաբերութիւնները` ազատականացնելով տնտեսութիւնը, սեփականաշնորհելով ամէն ինչ, եւ այդ ամէնը ամենաժողովրդավար կարգով… Հոգ չէ թէ քիչեր կրնային տարբերել սեփականաշնորհման կտրօններն ու ամէնուրեք իրականացուող ընտրութեանց քուէները: Խորքին մէջ, կ՛ըսէին ազատ շուկայական կրօնի նոր վարդապետները, սեփականաշնորհման կտրօնը (որ հետագային պիտի վերափոխուէր սակարանի բաժնետոմսի) եւ ժողովրդավարական քուէն զիրար կ՛ամբողջացնեն: Քիչեր այն ժամանակ հասկցան, թէ դրամատիրական զարգացման մարքսեան վերլուծումը որքան ճիշդ էր եւ որքան ստուգելի` եւրասիական տարածքին դրամագլուխի առաջին կուտակման թատերական գործընթացին ընդմէջէն… Այսպէս, գոնէ 1990-ական «անցումային» տարիներուն կասկած չկար, որ 21-րդ դարը սկսած էր, պիտի յատկանշուէր համաշխարհայնացման գործընթացով եւ անոր շարժակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն էին:
… եւ անոր աւարտը` 2008-2011
Այս տեսլականով 21-րդ դարը, սակայն, «պահ» մըն էր միայն, ինչպէս 1999-2001 թուականներու իրերայաջորդ տնտեսական տագնապները եւ, անշուշտ, սեպտեմբեր 11, 2001-ը պիտի փաստարկէին: Եւ թէեւ մինչեւ 2008 Միացեալ Նահանգներու զինուորական գերակայութիւնը, որ բռնադատող ձեւով ինքզինք արտայայտեց «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»-ով ընդհանրապէս եւ Աֆղանիստանի (2001) եւ Իրաքի (2003) զինուորական ներխուժումներով ու գրաւումներով մասնաւորապէս, 2008-ի ֆինանսական ճգնաժամէն եւ 2011-ին Իրաքէն Միացեալ Նահանգների զինուորներու հեռացումէն ետք արդէն կարելի է միաբեւեռ աշխարհակարգի արագ մաշումի նախանշաները աւելի յստակօրէն տեսնել: Ընդհանուր առմամբ կարելի է ըսել, թէ հակառակ Միացեալ Նահանգների տակաւին որոշ ժամանակին համար շարունակուող զինուորական ուժային գերակայութեան, 21-րդ դարը ուրուագծուելու սկսած է որպէս աշխարհակարգ մը, որ հիմնականօրէն տարբեր պիտի ըլլայ 1648-ին Ուեսթֆալիայի դաշնագրով ծնունդ առած եւրոպայակեդրոն աշխարհակարգէն աշխարհաքաղաքական երկու կառուցային տեղափոխումներու պատճառով: Մինչ ուժերու հաւասարակշռութեան կշիռը հետզհետէ աւելի կը թեքի դէպի Ասիա-Խաղաղական տարածաշրջան, բնապաշարներով հարուստ երկիրները հետզհետէ աւելի զգալի դարձնելու սկսած են իրենց կարեւորութիւնը` տնտեսական զարգացման համար: Այս զոյգ տեղափոխումները կ՛իրականանան ոչ թէ աշխարհի գերհզօր միակ պետութեան հակակշիռ ուժի մը, կամ դաշնակիցներու հանդէս գալով, այլ` տարածաշրջանային հզօր պետութիւններու դերակատարութեան աճով:
Դարափոխութի՞ւն
2014 թուականը կրնայ անկիւնադարձային ըլլալ 21-րդ դարու աշխարհակարգի ամրագրման համար:
2014 թուականին Միացեալ Նահանգների զինուորական ներկայութիւնը Աֆղանիստան փոփոխութեան պիտի ենթարկուի: Ուաշինկթըն-Քապուլ համաձայնութեան մը պարգային, Աֆղանիստան պիտի վերածուի ամերիկեան զինուորական խարիսխի: Առանց այդ համաձայնութեան` ամերիկեան ուժերը պիտի հեռանան այնպէս, ինչպէս ըրած էին անգլիացիք 19-րդ դարուն եւ ռուսերը` 20-րդ դարու վերջաւորութեան: Ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը Կեդրոնական Ասիոյ յարակից տարածաշրջանին մէջ, գումարած` Հնդկաստանի հետ տակաւին 2005-ին Ուաշինկթընի հաստատած դաշինքին, վերահսկողութեան տակ պիտի պահէ արմատական իսլամականութեան կեդրոնատեղիներէն Փաքիստանը, բայց նաեւ անմիջական դրացնութիւն պիտի հաստատէ եւրասիական տարածաշրջանի համարկումով իր աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան գօտին ամրագրելու հետամուտ Ռուսիոյ հետ: Առանց այդ ներկայութեան` կարելի է նախատեսել ե՛ւ տարածաշրջանային բախումներու հեռանկար, ե՛ւ միաժամանակ եւրասիական տարածաշրջանին մէջ ռուսական ազդեցութեան աւելի անարգել ամրագրում:
Երկրորդ իրադարձութիւնը, որ 2014-ը բեկումնային տարուան կրնայ վերածել, Իրանի հետ հիւլէական հարցով պատմական համաձայնութեան զարգացումն է տարուան առաջին կէսին: Դրական զարգացման պարագային, Միացեալ Նահանգներ-Իրան զգուշաւոր մերձեցումը կրնայ հակակշիռ հաստատել 2011-էն ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ ինքզինք պարտադրող սիւննի իսլամականութեան վրայ: Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը վստահաբար իր անդրադարձը պիտի ունենայ նաեւ սուրիական քաղաքացիական պատերազմին վրայ, եւ այդ պատերազմը, կարելի է ըսել` առանց շատ սխալելու, Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական նոր քարտէսն է, որ կը սահմանէ…
Հայաստանն ու հայութիւնը 2014-ին
2014-ը 20-ամեակն է արցախեան զինադադարին, այն տարին, որ Մինսքի խումբի լիազօրութիւններու պայմանաժամը իր լրումին կը հասնի: Երեւանի համար անշուշտ լաւագոյնը գործընթացի շարունակման ապահովումն է, սակայն դժուար չէ անդրադառնալ, որ խորքին մէջ Ազրպէյճանն է, որ պիտի որոշէ պատերազմի վերսկսումը կամ զինադադարի շարունակումը: Աւելի՛ն. նոյնիսկ եթէ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսումը մեծ ռիսք է Ազրպէյճանին, հաւանականութիւնը շատ է, որ Պաքու հակամարտութեան լուծման գործընթացը դուրս բերէ Մինսքի խմբակէն եւ տեղափոխէ ՄԱԿ, ուր, ի տարբերութիւն հայկական դիւանագիտութեան, Պաքու արդէն իր քայլերը առած է Հայաստանին ճնշումի տակ դնելու համար:
Միւս իրադարձութիւնը, որ ճակատագրական անդրադարձ պիտի ունենայ հայութեան 21-րդ դարու ապագային վրայ, անշուշտ սուրիահայութեան կացութիւնն է: Երկու տարի առաջ, երբ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը մագլցում կ՛արձանագրէր եւ հայրենի պետութիւնն ու սփիւռքեան համայնքները մէկ օրէն միւսը դէմ յանդիման գտնուեցան սուրիահայութեան գոյապայքարին օժանդակութեան հրատապ հարցին, իրենք իրենց բնականաբար պարտադրեցին օրուան խնդիրները: Այս կացութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ սուրիական տագնապը իր լուծումին չէ հասած: Սակայն արդէն օրակարգի վրայ ինքզինք կը պարտադրէ 21-րդ դարու սփիւռքեան գոյավիճակի սահմանումը, սփիւռքեան գոյավիճակի նոր տեսութեան մը յառաջացումը` որպէս մեկնակէտ վերակազմակերպական նոր գործընթացի մը:
Կարճ` Համաշխարհային Ա. պատերազմէն հարիւրամեակ մը յետոյ միջազգային յարաբերութիւնները դարափոխութեան գործընթացի մը ազդանշանները կու տան: Միաբեւեռ աշխարհակարգի հազիւ քսանամեայ «պահ»-էն ետք ուժերու հաւասարակշռումի գործընթացը աշխարհաքաղաքական նոր կացութիւն մը կը ձեւաւորէ: Հայաստանն ու սփիւռքի ամենահիմնարար համայքներէն մէկը կը գտնուին ուժերու հաւասարակշռումի գործընթացի ամենաթէժ տարածաշրջաններուն մէջ: Հայութեան ճակատագիրը 21-րդ դարուն սերտօրէն առնչակից է անոնց: Ինչպէս որ էր հարիւր տարի առաջ…
Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, թէկուզ եւ ամենափոքր ժողովուրդներու պարագային, սեփական ճակատագրի որոշումը կարեւոր չափով կախում ունի իր ներքին կազմակերպական կուռ ըլլալէն, խոցելիութեան սահմաններէն եւ մանաւանդ` աշխարհի մէջ իր տեղը որոշելու կարողութենէն: Այս բոլորը կրնանք սահմանել որպէս քաղաքական մտածողութիւն` հաւաքական գոյավիճակի ծրագրման կարողութեան իմաստով: Առ այդ, հաւաքական գոյավիճակի ծրագրման իմաստով ո՞ւր էր հայ քաղաքական մտածողութիւնը հարիւր տարի առաջ եւ ի՞նչ կացութեան մէջ կը գտնուի այսօր:
Հայութիւնը 20-րդ Դարէն 21-րդ Դար
Հարիւր տարի առաջ հայութիւնը բաժնուած էր երկու կայսրութիւններու միջեւ, եւ հաւաքական ճակատագիրը որոշուեցաւ այդ կայսրութիւններու փլուզման գործընթացներով: Արտասահմանեան համայնքներ կային անշուշտ, բայց չէին կազմակերպուած, ոչ ալ քաղաքականապէս աշխուժ էին այնպէս, ինչպէս ինքզինք որպէս սփիւռք ճանչցած արտասահմանեան հայութիւնը պիտի ընէր 21-րդ դարու կէսերէն սկսեալ: Հայ քաղաքական մտածողութիւնը այն ժամանակ ձեւաւորուած էր արեւմտահայ եւ արեւելահայ զոյգ զարթօնքներով, Արեւմտահայաստանի մէջ կեղեքումներու դէմ տարերային ըմբոստութիւններով, եւրոպական պետութիւններու միջամտութեամբ փրկութիւն ակնկալող նախաձեռնութիւններու ձախողութեան դասերով եւ, մանաւանդ, 19-րդ դարու վերջին քառորդին ծնունդ առած ազգային ազատագրական շարժումով: Պատճառաբանութեան բարդ շղթայ մը կայ այս բոլոր իրադարձութիւններուն միջեւ, եւ այս իմաստով սխալ չէ բանաձեւել ազգային ազատագրական շարժումը որպէս հայութեան արդէն կազմաւորուած հաւաքական գիտակցութեան արտայայտութիւնը: Արմէնականներու նախաձեռնութեամբ սկզբնական շրջանին, բայց շուտով նախ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարութեամբ, ապա Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ մղուած ազգային ազատագրական պայքարը քաղաքական մտածողութիւնը ամբողջական իմաստով յեղափոխեց հայը, որ այլեւս Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ ընդմէջէն ինքզինք ճանչցող քրիստոնեան չէր միայն, այլ` իր ճակատագիրը իր ձեռքերով կերտելու ելած գիտակից հաւաքականութիւն մը: Ինչ որ իւրայատուկ էր, 19-րդ դարու վերջին քառորդին ընթացք առած ազգային ազատագրական պայքարին անոր էապէս յառաջդիմական բնոյթն էր:
Այսպէս, ծրագրային թէ գործելաոճային իրենց բոլոր տարբերութիւններով, ՍԴՀ կուսակցութիւնը եւ ՀՅ դաշնակցութիւնը հայկական յեղափոխութիւնը գաղափարախօսական թէ պատմափիլիսոփայական աշխարհահայեացքով տեղադրեցին համայն մարդկութեան ազատագրութեան մեծ դատին, իմա՛` ընկերվարական շարժման ոլորտին մէջ: Հայկական յեղափոխութիւնը ազգային ինքնութեան ճակատագրի կերտումը սահմանեց բացառաբար ձախակողմեան, այսինքն` ընկերային արդարութեան եւ հաւասարներու հասարակարգի ստեղծման պրիսմակին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, հայկական յեղափոխութիւնը այն ժամանակ գրեթէ բացառաբար դասակարգային պայքարով կլանուած եւրոպական ընկերվարական շարժման օրակարգին կը բերէր կայսրութիւններու մէջ ճնշման ենթարկուած հաւաքականութիւններու ազգային դատերուն իմաստն ու արդարութիւնը: Հայկական յեղափոխութիւնը, անշուշտ, առանձին չէր այդ նախաձեռնութեան մէջ: Սիոնական շարժումը, վրաց մենշեւիկները եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ պայքարող քրիստոնեայ ժողովուրդներ, ինչպէս` սերպերն ու մակեդոնիացիները, իրենց քաղաքական մտածողութիւնը նոյն ուղղութեամբ կը զարգացնէին, թէեւ, հասկնալիօրէն, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ պայմաններուն մէջ: Ազգային ազատագրական պայքարը ձախակողմեան գաղափարախօսական հասկացողութեամբ սահմանելու եւ կազմակերպելու ճիգը երեւոյթի պիտի վերածուի միայն 20-րդ դարու երկրորդ կէսերուն. Չինաստանի մէջ Մաոյի զօրաշարժը ընդդէմ ճափոնական գրաւման եւ Չան Քայ Չեքի բռնատիրութեան, Քուպայի յեղափոխութիւնը Ֆիտել Քասթրոյի առաջնորդութեամբ, Ասիոյ, Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Լատին Ամերիկայի մէջ հակագաղութատիրական եւ հակակայսերական ազատագրական շարժումները 1960-1970-ական թուականներուն, ինչպէս նաեւ` Հիւսիսային Իրլանտայի եւ պասքերու պայքարները: Աւելի ժամանակակից նման մտածողութեան ոլորտին մէջ կարելի է տեղադրել Վենեզուելայի Հուկօ Չաւեսն ու սկովտիացի մտածող եւ քաղաքական գործիչ Սթեֆըն Մաքսուել, ի շարս այլոց:
Ինչ որ տասնիններորդ դարու հայ քաղաքական մտածողութեան իւրայատուկ էր ազգային պետականութեան բացակայութիւնն էր: Հնչակեանները տակաւին իրենց “մօտաւոր“ եւ “հեռաւոր“ ծրագրային նպատակներով այդ ուղղութեամբ ծրագրային բանաձեւում ունէին թէեւ վերջնական նպատակով շատ աւելի մօտ էին մարքսեան տեսլականին: Դաշնակցութիւնը շատ աւելի վերացական էր իր ծրագրային բանաձեւումին մէջ եւ գործնականօրէն հետամուտ զինեալ պայքարի ճամբով արեւմտահայութեան իրաւունքներու առօրեայ պաշտպանութեան: Ամէն պարագայի, սխալ չէ ըսել որ հայ քաղաքական մտածողութիւնը այն ժամանակ գործնական իմաստով խարսխուած էր Օսմանեան կայսրութենէն ներս բարեկարգումներու առաջադրութեան վրայ որով եւ կը մտածուէր վերջ տալ հայութեան կեղեքման ու շահագործման: Նման առիթ ստեղծուեցաւ 1908-ին Օսմանեան Սահմանադրութեամբ որուն մեծ խոստումն էր կայսրութեան բոլոր ազգութիւններուն տալ օրէնքի առջեւ հաւասար քաղաքացիի իրաւունք: Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին, հետեւաբար Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայութիւնը իր պատմական հայրենիքի վրայ թէ Պոլսոյ կամ այլ քաղաքներուն մէջ, առնուազն օրէնքի սահմանումով այդ պետութեան քաղաքացին էր: Ճիշդ է, քաղաքացիական հաւասարութեան թերահաւատութիւնը կը տիրապետէր ի հետեւանք ջարդերու եւ հալածանքներու շարունակումին, որով եւ Պատերազմի ճիշդ նախօրեակին դարձեալ բարեկարգումներու հարցը եւրոպական օրակարգին գալու երեւոյթը: Բայց իրողութիւնն այն էր, որ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայութիւնը քաղաքացիական կարգավիճակ ունէր եւ ուրեմն պարտաւոր էր սահմանադրական իր պարտաւորութիւնը յարգելու, երբ պետութիւնը պատերազմ յայտարարեց: Մնացեալը արդէն յայտնի է… Քաղաքացիութեան նման սթաթուս չկար 1905-էն ի վեր թափով իր անկումը ապրող Ցարական կայսրութեան մէջ: Քաղաքական խմորումները հոն շատ աւելի ընկերային յեղափոխութեան հեռանկարով տեղի կ՛ունենային քան այսպէս կոչուած ազգային ազատագրական պայքարի: Ի դէպ, երկու կայսրութիւններէն ներս ալ “ազգային“ը աշխարհագրական սահմաններով հայրենիքի եւ գերիշխան պետութեան տրամաբանութեամբ չէր սահմանուէր, որքան ալ որ հայութեան նման հաւաքականութիւններ քաջ գիտակից էին իրենց պատմական արմատներու հողերու պատկանելիութեան: Այսինքն, որքան ալ որ Ցարական կայսրութեան մէջ պատմականօրէն հայկական հողատարածքը վարչական տարբեր նահանգներու բաժնուած ըլլար տեղւոյն հայ բնակչութիւնը անոնց պատմական ինքնութեան մասին կասկած չունէր: Բայց հայութիւնը, ի մասնաւորի կայսրութեան մեծ քաղաքներուն մէջ, անտարբեր չէր ընկերային ու աշխատաւորական շարժումներու խմորումներուն, որոնք, ի դէպ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան քաղաքական գործունէութեան ոլորտին մէջ մտան 1907-ի Ընդհանուր Ժողովի Կովկասեան նախագիծով: Հետեւաբար, եթէ 1916-էն սկսեալ Կամաւորական Շարժումն էր, որ յատկանշեց արեւելահայոց մասնակցութիւնը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին ռուսական բանակին, այսինքն` Դաշնակիցներուն կողքին, այդ մէկը շատ աւելի հետեւանք էր արեւմտահայոց ճակատագրին գիտակցութեան եւ ինքնապաշտպանութեան առողջ բնազդին, որ արթուն մնացած էր ֆետայական շարժման մասնակից եւ հիմա կամաւորական գունդերը առաջնորդող մարտական ղեկավարներուն:
Անկիւնադարձային իրողութիւնը, բնականաբար, հայ անկախ պետականութեան ակամայ ստեղծումն էր 1918-ի Մայիսին: “Ակամայ“` որովհետեւ, ինչպէս ծանօթ է, այն արդիւնք էր պատմական իրադարձութիւններու եւ ոչ թէ` ծրագրուած նախաձեռնութիւն: Պատմական հայրենիքն ու ազգային ինքնութիւնը իրարու առընչող գերիշխան պետականութեան հասկացողութիւնն ու անոր կարեւորութիւնը ամրագրուեցաւ հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ միայն 20-րդ դարուն ե՛ւ այն հատուածներուն համար, որ Հայաաստանի Խորհրդայնացումը կամ ողջունեցին կամ ալ ընդունեցին որպէս իրականութիւն, ե՛ւ միւսներուն համար որ զայն տեղադրեցին Սեւրի դաշնագրով գծուած հայկական պատմական հողատարածքներու վերադարձին ու միջազգային իրաւունքի հասկացողութեամբ գերիշխան պետութեան ստեղծման նպատակին մէջ: Սխալ չէ 20-րդ հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ նորութիւն հանդիսացած երկրորդ երեւոյթը` արտասահմանեան հայութիւնը Սփիւռք հասկացողութեամբ սահմանումը կապել հայրենիքին ու պետականութեան: Այլ խօսքով` հայութեան փրկութիւնը որպէս ազգային հաւաքականութիւն տեսնել հողահաւաքի եւ հայահաւաքի, հայրենադարձութեա՛ն, տրամաբանութեան մէջ անկախ թէ գաղափարախօսական ո՛ր ակնոցով կը դիտուէր կամ գործնականին մէջ ինչպէ՛ս կ՛արտայայտուէր այն:
Զանց առնելով Սփիւռքեան քաղաքական հոլովոյթին, արցախեան շարժումին ծնունդ տուած խանդավառութեան եւ հայ անկախ պետականութեան անցնող քսաներկու տարիներու մասին այլապէս անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնը, հայութեան գոյավիճակը այսօր բաղդատած հարիւր տարի առաջուայ կացութեան հետ կը յատկանշուի անկախ պետականութեան եւ Սփիւռքի երեւոյթներով, անոնց անմիջական ապագայի հարցադրումներով եւ երկու երեւոյթները իրարու առընչող հայրենադարձութեան մարտահրաւէրով: Այսինքն` ե՛ւ անկախ պետականութիւնը, ե՛ւ Սփիւռքը իրենց գոյութեան շարունակման յատուկ հարցեր ունին:
….Եթէ 2014-ը միջազգային համակարգի ձեւաւորման իմաստով դարափոխութիւն կը նշանակէ, ապա եւ հայ անկախ պետականութեան համար գլխաւոր հարցը կը մնայ Ռուսիոյ նախաձեռնած Եւրասիական Համարկումի ծրագրին բնոյթը երկու իմաստով: Առաջին` Եւրասիական Համարկումի ծրագիրը Ռուսիոյ համար տարածաշրջանային իր ազդեցութեան գօտին կառուցային իմաստով ամրապնդելու փորձ է, որ կրնայ դիտուիլ որպէս Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան (Ա.Պ.Հ.) աւելի զարգացած կամ բնորդ, միեւնոյն ժամանակ հասկցուիլ որպէս ռուսական ծաւալապաշտութեան նոր հանգրուան: Պէտք է ընդգծել որ Փութինի այս նախաձեռնութիւնը ոչ ցարական կայսրութեան նոր տարբերակ մը պիտի ըլլայ, ոչ ալ Խորհրդային Միութեան վերակազմաւորումը, այն իմաստով, որ համարկումի գործընթացը տեղի կ՛ունենայ միջազգային իրաւունքով գերիշխան ճանչցուած պետութիւններու մասնակցութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ սակայն ո՞վ կրնայ կասկածի տակ առնել, որ միջազգային իրաւունքի կողքին եւ թերեւս անկէ աւելի կը կշռէ պետութիւններու ուժային յարաբերութիւններու համակարգը: Այս իմաստով, Եւրասիական Համարկումի ծրագիրը կապիտալիստ Ռուսիոյ, կամ ռուսական կապիտալի, ծաւալապաշտական ծրագիրն է նաեւ: Մէկ կողմ ձգելով այն հիմնական հարցումը թէ մինչեւ ե՞րբ ռուսական կապիտալիզմը կրնայ պահել տնտեսութեան զարգացման ներկայ մակարդակը, կամ` ե՞րբ հարստութեան այս անհաւասար բաշխումի հետեւանքով առաջացած եւ հետզհետէ սրող սոցիալական բեւեռացումը ռուսական հասարակութենէն ներս պայթունավտանգ աստիճանի պիտի հասնի, յստակ է որ Հայաստանի համար ռուսական պարտադրանքով դէպի Եւրոպական Միութիւն կատարուած քայլերուն յանկարծական լքումը եւ Մաքսային Միութեան համաձայնագրի ստորագրումը Սեպտեմբեր 3, 2013-ին արդիւնք է երկու կախուածութիւններու` զինուորական եւ կապիտալիստական: Առաջինին մասին արդէն շատ խօսուած է եւ աւելորդ է այդ էջը կրկին բանալ: Կը մնայ միայն նշել, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը այնպէս ալ չյաջողեցաւ Մոսկուային արժեւորել տալ Կովկասի մէջ իր միակ ռազմական դաշնակիցին կարեւորութիւնը…
Երկրորդ կախուածութիւնը, որ, ի դէպ, ընդհանրապէս կ՛անտեսուի որպէս թապու, աւելի վտանգաւոր է եւ, թերեւս, շատ աւելի լաւ կը բացատրէ հայրենի իշխանութիւններու անկարողութիւնը իրենց ռուս գործընկերներուն դէմ: Քանի որ Հայաստան, որպէս սուրբ գրային ճշմարտութիւն ընդունած է ազատ շուկայականութիւնը որպէս տնտեսական քաղաքականութեան տոկմա, ռուսական կապիտալէն հայաստանեան կախուածութեան ախտաճանաչումը որպէս սկզբունք ընդհանրապէս կ՛անտեսուի: Բայց իրողութիւնը այն է, որ Հայաստանի տնտեսական անցումը դէպի շուկայական համակարգ եղաւ ազատականացման եւ սեփականաշնորհման պիտակներով կատարուած ալան-թալանի ճամբով եւ ծնունդ տուաւ երկիրը “քաունթրի քլապ“ի վերածած բուռ մը օլիկարգերու, որոնք գրեթէ նոյնացած են պետութեան հետ ի դէմս պետական ամենաբարձր պաշտօններ վարած անձնաւորութիւններու, որոնք պիզնէսմէնի վերածուած են, կամ պիզնէսմէններու, որոնք պատգամաւոր եւ նախարար եղած են: Գաղտնիք չէ, որ հիմնականօրէն ֆինանսներու հոսքով յատկանշուած հայրենի տնտեսութեան մէջ ռուսական կապիտալին ներթափանցումը գրեթէ բացարձակ է եւ այդ մէկը հայ օլիկարգներուն մասնակցութեամբ: Այլ խօսքով` Մաքսային Միութեան Հայաստանի մասնակցութիւնը ներկայ իրավիճակով պիտի ծառայէ հայաստանեան մեծ կապիտալի շահերուն, միշտ աւելի հարստանալու հետամուտ շահագործողներու այդ դասակարգը աւելի պիտի յղփանայ, եւ, ցինիքաբար, նոյնիսկ դրական պիտի համարէ, որ Հայաստանի մէջ աշխատանք չգտնող մասսայական հատուածը փոխանակ բողոքելու պիտի նախընտրէ փրթիները հաւաքել եւ խոպան երթալ…
Մաքսային Միութեան համաձայնագրի ստորագրութեան յաջորդած դժգոհութեանց ալիքը եւ անոր բանական բացատրութեան փորձերը ընդհանրապէս իրարու հակադրեցին դէպի Եւրոպա կամ դէպի Ռուսիա գործընթացներու այլընտրանքը: Հայաստան որպէս գերիշխան պետութիւն կրնար ընտրել մէկը կամ միւսը, եւ այնքան ալ կարեւոր չէ Եւրոպա թէ Ռուսիա պրէնտներէն մէկուն ընտրութիւնը որքան այլընտրանքը կատարելու կոչուած երկրի ազգային շահերը: Հիմնականը այդ ազգային շահերու սահմանումն է: Հայաստանի պարագային, երկիրը գնած օլիկարգներուն ամբողջ ճիգը ազգային շահերը իրենց շահերուն հետ նոյնացնելու կը ձգտի, եւ քանի որ անցնող տասը տարիներուն այդ դասակարգը կրցաւ ժողովրդավարութեան խաղին ընդմէջէն ստեղծել համակարգ մը որ ընտրութենէ ընտրութիւն ինքզինք կը վերարտադրէ, կրնայ նաեւ Պետութիւնը օգտագործել իր շահերու պաշտպանութեան համար: Հետեւաբար, թէկուզ եւ Հայաստանի ընդգրկումը Եւրասիական Համարկման ծրագրի մէջ հաստատ կը թուի, իր ազգային շահերու պաշտպանութիւնը հիմնականին մէջ կախում պիտի ունենայ ներքաղաքական մարտահրաւէրէն. որքանո՞վ կարելի պիտի ըլլայ պետական համակարգը դուրս բերել օլիկարգներու ճիրաններէն եւ ապահովել հասարակութեան լայն մասնակցութիւնը ոչ միայն քաղաքական այլ նաեւ ու մանաւանդ տնտեսական, այսինքն` հարստութեան վերաբաշխումի, որոշումներու կայացման գործընթացներուն: Միայն այդ ձեւով կարելի է որոշել Եւրասիական Համարկումի Հայաստանի մասնակցութեան չափանիշին եւ գործընթացը դնել Հայաստանի ու Հայութեան զարգացման ծառայութեան եւ ոչ թէ վերածուիլ ռուսական մեծ կապիտալի եւ անոր ճամբով իրականացող նոր կայսերական ծաւալումի մէկ խաղաքարտին:
Նախքան այս նոր դարափոխութեան շէմին Սփիւռքի գոյապայքարի հիմնահարցերուն անդրադառնալը լուսարձակի տակ առնենք հայրենադարձութեան յղացքը այնպէս ինչպէս տրամաբանեցինք աւելի վեր: Հայաստանի մեծ կապիտալը, այսինքն` օլիկարգները, որուն կազմաւորման քաղաքական եւ գաղափարախօսական հիմերը դրաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հ.Հ.Շ.-ն, իր լրումին հասցուց Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանակարգը եւ ամրագրեց Սերժ Սարգսեանի Հանրապետական միակուսակցականապետութիւնը, երբեք այնքան ալ չէ մտահոգուած հայրենադարձութեամբ: Այնպէս ինչպէս երբեք ռիսքը չէ առած ներդրումներ կատարելու Արցախի թէ ազատագրուած հողատարածքներու վերաբնակեցման համար: Աւելի՛ն, այդ կապիտալին շատ աւելի ծանօթ են հեռաւոր Քայման կղզիները քան ըսենք Լաչինը: Լեւոն Տէր Պետրոսեան “նարինջ ուտող“ սփիւռքցիներուն առջեւ հայրենի անցումի գործընթացին մասնակցելու ամէն դուռ փակեց ոչ միայն որովհետեւ անկախ պետականութեան զարգացման տարբեր աշխարհահայեացք ունէր այլ նաեւ, եթէ ոչ մանաւանդ, ուզեց սեփականաշնորհուող Հայաստանը ապահովել իր անմիջական շրջապատին: Ռոպերթ Քոչարեան յանձնառութիւն առաւ քաղաքացիութեան օրէնքը փոխելու եւ Սփիւռքին ներգրաւելու Հայաստանի տնտեսական գործընթացին մէջ, երբ արդէն կապիտալի առաջին կուտակումը ստեղծած էր դրամատիրական համակարգը: Ատով հանդերձ, օրէնքը ուշացաւ որովհետեւ Ազգային Ժողովէն ներս մեծ կապիտալի դրածոյ պատգամաւորները ամէն ձեւի արգելքներ կը ստեղծէին: Սերժ Սարգսեան իրականութիւն դարձուց հայրենադարձութեան ծրագիրը գործնականացնելու կոչուած կառոյցը` Սփիւռքի Նախարարութիւնը, որ սակայն երբ լուրջ ճիգեր կ՛ընէ սուրիահայութիւնը Հայաստան տեղափոխելու եւ հաստատելու համար, կը բախի օդանաւային ընկերութեան գիները անխղճօրէն բարձրացնելու չվարանող հրէշներու: Մաքուր խղճով գործող ազնիւ դիւանագէտներ եւ ազգայիններ տարիներու աշխատանք կը տանին, որպէսզի համաշխարհային վարկ ունեցող ձեռնարկութիւններ հարիւրաւոր միլիոններու ներդրում ընեն Հայաստան եւ մեծ կապիտալը կ՛ակտիւանայ պետական միջոցներու չարաշահումով հայրենի շուկային մէջ անոնց մրցունակ զարգացման տարածութիւնները փակելու համար: Մէկ խօսքով, հայրենադարձութեան ծրագիրը կայ, անոր գիտակից են քիչ թէ շատ պետական մտածողութիւն ունեցողները, սակայն մեծ կապիտալը թոյլ չի տար, որ այդ ծրագիրը լիովին իրագործուի: Այս վերջինը կը նշանակէ նախ եւ առաջ ունենալ երկիր մը, որ քաշողական ըլլայ ընկերային եւ տնտեսական զարգացման, ապագայ սերունդներուն կենսամակարդակի բարելաւման յոյս ներշնչելու իմաստով: Եւ ատոր համար հարստութեան վերաբաշխումի նուազագոյն հաւասարութիւն մը անհրաժեշտ է, սոցիալական արդարութեան զգայնութիւն եւ հանրային առողջապահութեան, կրթութեան եւ թոշակներու գործող համակարգ: Հայաստանի քաղաքական համակարգը այսօր աւելի մօտ է աւատապետութեան, ուր սոցիալական քաղաքականութիւնը նոյնացած է օլիկարգներու բարեգործական ցանկութիւններուն հետ եւ լաւագոյն ապագային երաշխիքը կը բանաձեւուի հայրենասիրական ճառերով:
Այս իմաստով, թերեւս հետաքրքրական է դիտել տալ, որ Սփիւռքէն կամաւոր հայրենադարձութիւնը չէ եղած այն համայնքներէն ուր ըլլալու կամ չըլլալու վտանգ կայ, ոչ ալ կենսամակարդակի բարելաւման հեռանկարով: Ընդհակառակը, կամաւոր հայրենադարձութեան յաջողակ երեւոյթները կու գան ընդհանրապէս քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս իրենց գտնուած երկիրներու մէջ լաւապէս համարկուած համայնքներէ եւ հիմնականօրէն գաղափարական համոզումներով:
Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն ետք Հայաստան ապաստանողներու երեւոյթը 2013-ին անկիւնադարձայի՞ն է այս իմաստով: Այսինքն` Հայաստան պատրա՞ստ է գոյութենական հարց դիմագրաւող համայնքի մը տեղափոխման եւ տեղաւորման մարտահրաւէրին: Հարցումը հիմնական է որովհետեւ 2014-ը կրնայ որոշիչ ըլլալ նաեւ սուրիական տագնապի հանգուցալուծման համար: Հետեւաբար, ենթադրելով լաւագոյն ելքը` խաղաղութեան բանակցութիւններու յաջող ընթացք եւ պատերազմի աւարտ, պէ՞տք է սուրիահայ համայնքի զանգուածային հայրենադարձի ծրագիր պատրաստել եւ իրականացնել, թէ՞ այն փորձառութիւնը որուն մէջ ինքզինք պատիւով փաստեց Սփիւռքի Նախարարութիւնը իր աւարտին կը հասնի եւ համայնքը կը վերադառնայ իր նոր առօրեային: Անշուշտ չենք գիտեր թէ համայնքի տրամադրուածութիւնը ընդհանրապէս ինչ կրնայ ըլլալ նման առաջարկի մը դէմ յանդիման, բայց երեւի իրապաշտ է ենթադրել,- որ շատերը պիտի չուզեն լքել իրենց տուները, ինչ որ առաւել հասկնալի է հալէպահայութեան պարագային: Սակայն սխալ պիտի ըլլայ ձեռք բերուած այս մեծ փորձառութեան հիման վրայ առաջ չերթալ եւ հայրենադարձութեան ծրագիրը աւելի հաստատ հիմերու վրայ դնելու ձեւերու մասին չմտածել… մէկ խօսքով` Սփիւռքի Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ սուրիահայերու հայրենադարձութեան փորձառութենէն մեկնած` կառուցել հայրենադարձութեան տրամադիր ամէն սփիւռքահայու հայրենիք տեղափոխման ու հաստատման գործընթացը դիւրացնող մեքանիզմ:
Ամէն պարագայի, ի՛նչ ալ ըլլայ սուրիական տագնապի զարգացումը 2014+ին, Սփիւռքի գոյատեւման օրակարգին վրայ ամենահիմնական հարցը` սուրիահայութեան, եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայութեան, տարածաշրջանային քաղաքական համարկումի մարտահրաւէրն է հետեւեալ տրամաբանութեամբ. 2011-էն ի վեր արաբական երկիրներու մէջ տեղի ունեցած սոցիալական ըմբոստութիւններն ու անոնց տարբեր զարգացումները ամբողջ տարածաշրջանը աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու շէմին դրած են: Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին Սայքս-Փիքօ համաձայնութեամբ ստեղծուած սահմանները թուլացած են. քրտական տարբեր շրջաններու իրողական անկախութիւնը, ազգ-պետութիւն հասկացողութեան անվաւերականութիւնը, արաբական ազգայնութեան վերջնական ձախողութիւնը եւ, մասնաւորաբար, ներիսլամական պառակտումը` սիւննիներու եւ շիաներու միջեւ կրնայ մինչեւ իսկ կառավարման նոր կառուցաձեւերու փնտռտուքը հրամայական դարձնել: Սուրիական տագնապը երեւան հանեց քանի մը ճշմարտութիւն: Առաջին, արաբական ազգային ոչ մէկ ծրագիր կրցած է յաջողիլ կրօնա-յարանուանական ինքնութիւնները գերազանցող պետական համակարգ ստեղծել: Ի՛նչ ալ ըլլայ իշխող ուժին գաղափարախօսութիւնը, պետական համակարգը չէ որ հասարակութիւնը ներթափանցած է այլ կրօնա-յարանուանական ինքնութիւններն են, որ թափանցած են պետական համակարգերը եւ զանոնք իրենց շահերուն ծառայութեան դրած: Այս ձախողութեան հիմնական պատճառը ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց եւ տարրական ազատութիւններու բացակայութիւնն է: Պետական ամբողջատիրական համակարգերու բարեկարգչական խոստումները երբեք չեն իրագործուիր, եւ երբ տնտեսական ազատականացումները հասարակութեան տարբեր խաւերուն զարգացման առիթ կը ստեղծեն ամենէն աւելի հարստացողները միշտ կ՛ըլլան պետական համակարգին տիրապետող հատուածները: Երկրորդ, մինչ արաբական երկիրներու մէջ ըմբոստութիւններուն հիմնական պատճառը սոցիալական անարդարութիւններն ու ժողովրդավարութեան բացակայութիւնն էր, ամբողջատիրական վարչակարգերու այլընտրանքը սիւննի արմատականութիւնն է, որուն ամենավայրագ երեսը երեւան ելաւ Աֆղանիստանէն ու Չէչէնիայէն յետոյ Մալիի, Լիպիոյ, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի որոշ շրջաններուն մէջ: Երեւոյթը իւրայատուկ է, ինքնիրմով կը զարգանայ, բայց նաեւ կը վայելէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ նման երկիրներու ուղղակի թէ անուղղակի աջակցութիւնը: Սիւննի արմատականութեան այլընտրանքէ այսպէս կոչուած “իսլամական ժողովրդավարութիւնը“ չէ ինչպէս “թրքական բնորդ“ը կը քարոզէ: Իսլամական Օրէնքը ամբողջութեամբ թէ մասամբ սահմանադրութեամբ ամրագրելու ծրագրային դրոյթները պատճառ հանդիսացան որ Թունուզի եւ Եգիպտոսի նման երկիրներու մէջ ուր “իսլամական ժողովրդավարութիւնը“ փորձարկուեցաւ հասարակութեան ե՛ւ լայիք խաւերը, ե՛ւ մանաւանդ ոչ-իսլամ հատուածները ընդդիմանան ընդհուպ մինչեւ զինուորականներու վերադարձին զօրակցելով: Երրորդ, սիւննի արմատականութեան այս երեւոյթին ակրեսիւ արտայայտումը գոյութենական վտանգ կը ստեղծէ տարածաշրջանի ամենահին եւ ամենաանպաշտպան բնակիչներուն` քրիստոնեայ համայնքներուն: Իր բոլոր թերութիւններով, լիբանանեան յարանուանական ժողովրդավարութեան համակարգը գէթ տեսականօրէն կրօնա-յարանուանական գոյակցութեան միակ երաշխիքը կը թուի ըլլալ ցարդ: Հետեւաբար, որքան ալ որ վերացական թուի, լիբանանեան համակարգը միակն է որ կրնայ բնորդ ըլլալ տարածաշրջանային կառավարման նոր բնորդներու: Բայց այդ մէկը կախում ունի հիմնականօրէն Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ինքնակազմակերպման կարողութենէն եւ տարածաշրջանային ցանցի առաջացման կարողութենէն: Այս ուղղութեամբ է որ Միջին Արեւելքի հայութիւնը, որուն կարգին անշուշտ սուրիահայութիւնը, սփիւռքեան իր գոյատեւման անմիջական ապագան պէտք է որոշէ:
Սփիւռքի գոյատեւման օրակարգին է անշուշտ այն ինչ ընթացիկ դարձած է կոչել “նոր սփիւռք“ ի տարբերութիւն “դասական սփիւռք“ին, եւ անով կը հասկցուի Հայաստան կամաւոր կերպով եւ տնտեսական պատճառներով հիմնականօրէն Ռուսիա գաղթած հայութիւնը, թիւով գրեթէ այնքան որքան Հայաստանի բնակչութիւնը… Անոնց կազմակերպման եւ քաղաքական ակտիւացման հիմնախնդիրը հրամայական է անշուշտ բազմաթիւ պատճառներով, որոնց շարքին պէտք է դասել նաեւ Եւրասիական Համարկումի ծրագրի իրականացման պարագային Մոսկուայի մէջ ազդեցութիւն ձեռք բերելու իմաստով – եթէ նման բան թոյլ կու տայ ռուսական քաղաքական համակարգը… Մոսկուայի մէջ քաղաքական ազդեցութեան ձեռքբերման, քաղաքական ակտիւիզմի, կամ այսպէս կոչուած “լոպպիստական“ գործ տանելու ի՞նչ դասեր կարելի է քաղել խորհրդային տարիներու փորձառութենէն: Թերեւս արժէ նման ուսումնասիրութիւն մը կատարել եւ բաղդատել խորհրդային այլ ժողովուրդներու փորձառութեան, ըսենք` Միկոյեան եւ Ալիեւ, ապա խորհրդածիլ այսօրուայ իրավիճակին մասին: Կը մնայ որ հացի խնդրով Հայաստանէն Ռուսիա գաղթողներուն մեծամասնութիւնը այսօր կը մտածէ ամենէն աւելի ռուսական քաղաքացիութեան ձեռքբերման եւ յետոյ Փութինի յաւերժական ընտրութեան քան ինքնակազմակերպումի մասին: Այպանելի չեն բնաւ: Այս “նոր սփիւռք“ կազմակերպման խնդիրը օրակարգի վրայ դնելով հանդերձ, արդար չէ՞ հարց տալ թէ ի՛նչ կարելի է ընել որ նման հարց օրակարգի վրայ ընդհանրապէս չըլլայ, կամ` ինչո՞ւ հայրենադարձութիւնը հոնկէ չսկսիլ…