«Հայութեան Տեղաշարժերը Եւ Փոխակերպումները 20-րդ Դարուն Եւ 21-րդ Դարու Սկիզբին» Գիտաժողովը Հայկազեան Համալսարանին Մէջ
27 յունիս 2023-ի երեկոյեան, Պէյրութի մէջ ընթացք առաւ Հայկազեան համալսարանի եւ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի (ՀՊՄՀ) գործակցութեան արդիւնք «Հայութեան տեղաշարժերը եւ փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին» գիտաժողովը, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Բարի գալուստի բացման խօսքին մէջ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ընդգծեց, որ` «Այս գիտաժողովը կը նպատակադրէ հայագիտութեան տարբեր մարզերու մշակները հրաւիրել, որ նորովի դիտարկեն վերջին երեսնամեակի հայ քաղաքական իրականութեան վերածնունդը եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու հռչակումին ելակէտէն դիտեն մեր մօտիկ անցեալի 120 տարին, ըստ այդմ ուղեգիծներ ճշդեն, եւ նորատեսակ ընթացք առնէ հայութեան կենսագործունէութիւնը»:
Գիտաժողովին պիտի մասնակցէր նաեւ 2022 ապրիլէն Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի տեղահանուածներու եւ փախստականներու, ընկերային աշխատանքի, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հետ համագործակցութեան հարցերով խորհրդական Էլինա Մխիթարեանը: Դժբախտաբար, սակայն, Ազրպէյճանի ապօրէն շրջափակումը Արցախի Հանրապետութեան, անկարելի դարձուց Է. Մխիթարեանի ժամանումը Պէյրութ: Փոխարէնը` ան հեռակայ, կարճ ելոյթ մը ունեցաւ, ուր շեշտեց թուրք- ազրպէյճանական առանցքին կողմէ Արցախի բնակչութեան բարօր զարգացման միջազգային իրաւունքի բռնաբարումը` «Գոյաբանական եւ անվտանգային բազմակողմ սպառնալիքների տակ` նպատակ ունենալով Արցախի բնիկ ազգաբնակչութեանը հասցնել ինքնակամ գաղթի: 1988-ին արցախեան շարժումը պատմութեան քառուղիներում շատերիս առկայութիւնը դարձրեց ներկայութիւն: Արցախեան առաջին պատերազմում տարած յաղթանակը հայի ինքնութեան արժանապատուութեան դրսեւորումն էր: Սակայն 2020-ին պարտուեցինք բոլորով: Կը ցանկանամ գիտաժողովի ողջ ընթացքում բոլորի մօտ եւ իւրաքանչիւրի մտքում առանձին առկախ լինի մի հարց. ինչպէ՞ս, յստակ ո՞ր քայլերով պէտք է փրկել հայրենիքը: Աւելի շօշափելի` քան Ցեղասպանութիւնից մազապուրծ սփիւռքահայը, ոչ ոք չի գիտակցում հայրենիքի կորստի ցաւը: Արցախցիները պատրա՛ստ են իրենց երեխաներին պահել կիսաքաղց ու թշնամի դիպուկահարների հարուածի տակ: Բայց նպատակը, նպատակը պէտք է յստակ լինի աշխարհի բոլոր երկրների հայերի համար: Վայրկեան առաջ թօթափել թմբիրը, անտարբերութիւնը, այլապէս անդառնալի իրավիճակի պիտի հասնենք. հայոց պետականութեան եւ հայութեան ոչնչացման սպառնալիքը պարտադրում է գործելու, անյապա՛ղ գործելու: Արցախը սեւ չարիքի զսպաշապիկն է, Արցախը կործանման շղթայի տոմինոյի առաջին քարն է միայն, կոչ եմ անում բոլորին` փրկե՛նք Արցախը»:
Ողջոյնի իր գիրին մէջ, որ կարդաց դոկտ. Էդկար Յովհաննիսեան, ՀՊՄՀ նախագահ, փրոֆեսէօր Սրբուհի Գէորգեան ընդգծեց, որ` «Քննարկուող հարցերի շրջանակը ոչ միայն ակադեմական հետաքրքրութիւն է առաջացնում, այլեւ մի շարք հիմնախնդիրների կիրառական լուծումներ կարող է առաջադրել: Հայ եկեղեցու, համահայկական բազմաթիւ այլ հասարակական-քաղաքական կառոյցների, հայկական մշակոյթի, հայ ինքնութեան, հայութեան աշխարհընկալման, Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայկական պետականութեան հանդէպ մեր ընկալումների յարափոփոխ ընթացքի ուսումնասիրութիւնն ու դրա գնահատումը ե՛ւ արդիական է ե՛ւ գնահատելի: Յոյս ունենք, որ հարցերի այս շրջանակի քննարկումը մեզ հնարաւորութիւն կը տայ առաւել պատրաստ դիմագրաւել գալիք փոխակերպումներին»:
Գիտաժողովի պաշտօնական բացման հիւր բանախօս դոկտ. փրոֆեսէօր Խաչատուր Ստեփանեան իր` «Ի. դարում տեղաշարժերով պայմանաւորուած հայութեան փոխակերպման գործընթացի փուլերը» զեկոյցին մէջ հայկական փոխակերպման գործընթացները բաժնեց երեք տարբեր փուլերու եւ ներկայացուց հայութեան` այդ փուլերուն ընթացքով տեղի ունեցած կենցաղային, ընկերային, լեզուամշակութային եւ այլ հիմնական փոխակերպումները:
Պաշտօնական բացման նիստի փակման իր խօսքին մէջ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան հարց բարձրացուց, թէ` «Մեր ազգային պետական կամ ոչ պետական իրականութեան մէջ, որո՞ւ պարտականութիւնն է բիւրեղացնել այնպիսի ռազմավարութիւն մը, որ պիտի նպաստէ հայկական ապահովութեան-անվտանգութեան, ազգային, կրթա-դաստիարակչական, ռազմական, զինուորական, լեզուական, բարոյակրօնական, ընկերային, տնտեսական, կենսոլորտային, cyber, եւ այլ ոլորտներուն», եւ նկատեց` «Սփիւռքեան լայն տարածքին վրայ կենսական է, որ ռազմավարութիւնները ունենան պատմական, գիտական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ մշակութային խորք, որ կը հասնի Երեւանէն շատ անդին եւ կը կարգաւորէ ընդհանրական հայկականութեան գոյութիւնը»:
Գիտաժողովի յաջորդող երկու օրերուն` չորեքշաբթի 28 եւ հինգշաբթի 29 յունիսին սահիկաշարերով (powert point) ներկայացուեցան 17 զեկոյցներ: Փրոֆեսէօր Վաչագան Գրիգորեան վերլուծեց Ի. դարու հայ արձակի փոխակերպումները, դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան մանրամասնեց արեւմտահայերէնի փոխակերպումները, փրոֆ. Քլոտ Արմէն Մութաֆեան կատարեց պատումը Կարպատեան Եւրոպայի հայերուն` 1900-էն ի վեր, փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան (հեռակայ) լուսաբանեց Մուսա Լերան հայերու փոխակերպումները, դոկտ. Լուսինէ Սահակեան` համշէնահայերու Ի. դարու արտագաղթերու հետեւանք ինքնութենական փոխակերպումներու մարտահրաւէրները, դոկտ. Կարէն Մկրտչեան քննարկեց Իրանի հայօճախի 1979-2020 շրջանի տեղաշարժերուն պատճառով յառաջացած ընկերային-կրթական խնդիրները, դոկտ. Անի Ֆիշենկճեան խօսեցաւ սուրիահայերու 1946-2010 շրջանի տեղաշարժերուն եւ ասոնց հետեւանք` փոխակերպման մարտահրաւէրներուն մասին, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան լուսարձակի տակ առաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիին փոխակերպումները, դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան գնահատումը կատարեց Հայ եկեղեցւոյ հաստատութենական աշխարհիկացման` ԺԹ.-ԻԱ. դարերուն, դոկտ. Րաֆֆի Չերչեան քննեց հայ կրօնական ճարտարապետութեան մէջ յառաջացած փոխակերպումները, դոկտ. Էդկար Յովհաննիսեան կեդրոնացաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 1920-30-ականներուն ապրած տարագրութեան եւ փոխակերպումի դրուագներուն վրայ, դոկտ. Լիլիթ Յովհաննիսեան լուսաբանեց յետանկախական հայրենի պատմագրութեան փոխակերպումները` Հայկական հարցի 1878–1923 շրջանի դիւանագիտական երեսակներու լուսաբանման առնչութեամբ, Վիլեն Մնացականեան մանրամասնեց Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական քաղաքականութեան փոխակերպումը` ծրագրային եւ շուկայական տնտեսութեան ժամանակաշրջաններուն, դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան բացայայտեց Հայոց Ցեղասպանութեան ուսուցման փոխակերպումները` անցեալ, ներկայ եւ նոր ուղղութիւններու համապատկերին մէջ, դոկտ. Յակոբ Թադէոսեան վերլուծեց հայրենասիրութեան ընկալման եւ դրսեւորումներու ընկերահոգեբանական փոխակերպումները, տիար Յարութ Սասունեան արծարծեց սփիւռքի ներկայացուցչականութեան փոխակերպումները եւ սփիւռքահայ խորհրդարանի մեկնարկման ծրագիրը, իսկ Տիգրան Եկաւեան քննարկեց Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռք փոխյարաբերութիւններու փոխակերպումները:
Գիտաժողովի առաջին օրուան Բ. նիստին տեղի ունեցաւ փրոֆ. Մութաֆեանի նորագոյն` Jérusalem et les Arméniens jusqu’à la conquête ottomane (1516) գիրքին շնորհանդէսը. դոկտ. Տագէսեան ներկայացուց անխոնջ եւ բեղուն գիտնականին վաստակը, իսկ հեղինակը ներկայացուց հատորը եւ հատորին ընդմէջէն` հայութիւնը Երուսաղէմի մէջ մինչեւ ԺԶ. դարասկիզբ:
Գիտաժողովի ութ նիստերը վարեցին դոկտորներ` Վաչագան Գրիգորեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Խաչիկ Մուրատեան, Էդկար Յովհաննիսեան, Խաչատուր Ստեփանեան, Անդրանիկ Տագէսեան եւ Եղիա Թաշճեան:
Զեկուցողներէն իւրաքանչիւրին յատկացուած էր կէս ժամ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի խորքային-վերլուծական-քննական ու գործնական առաջադրանքներ ներկայացնել:
Գիտաժողովին մէջ յատկանշական էին զուգահեռները` Մուսա Լերան, Համշէնի եւ Կարպատեան Եւրոպայի հայկական, ինչպէս նաեւ Իրանի ու Սուրիոյ հայօճախներու ենթախումբերուն միջեւ: Համապատկերային բնոյթ կը կրէին լեզուի եւ գրականութեան գիտական մեկնաբանութիւնները: Հաստատութենական առումով ուշագրաւ էին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ աւետարանական եւ առաքելական եկեղեցիներուն նուիրուած քննարկումները: Յղացք-հասկացութենական (conceptual) առումով շահեկան էին հայրենասիրութեան, պատմագրական մեկնաբանութեան, ճարտարապետական վերլուծութեամբ մեկնաբանուած զեկոյցները: Կարեւոր նորութիւն էր տնտեսական բնագաւառին եւ հոգեբանութեան ելակէտէ մեկնած նիւթերուն ընդգրկումը. ասոնք կենսական այլ երեսակներ աւելցուցին գիտաժողովին եւ զայն դարձուցին առաւել ընդգրկուն: Եւ անշուշտ ընդգծելի էին հայութեան եռամիասնութեան` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կառոյցներու կառավարման-ներկայացուցչականութեան եւ փոխգործակցութեան նուիրուած տեսլական եւ քննական զեկոյցները:
Աննախընթաց գիտաժողով մը եղաւ այս մէկը, ուր շեշտը դրուած էր հայութեան վերջին 120-ամեայ իրականութեանց, նորագոյն այս փուլի խնդիրներու քննարկման եւ դէպի ապագայ նայելու հրամայականին` ելակէտ ունենալով պետականութեան փաստը:
Գիտաժողովի ընթացքին նկատելի դարձան Հայաստան-սփիւռք թիւրիմացութիւններու առկայութեան նուազումը, երիտասարդ սերունդ եւ աւանդական մօտեցումներ բախումը, բայց մանաւանդ` հայ իրականութեան վարումի, ապագայի ծրագրաւորումի խնդիրներուն հրատապութեան զգացողութիւն-գիտակցութիւնը եւ լուծումներու անհրաժեշտութիւնը:
Գիտաժողովին ընթացքին յառաջացաւ ջերմ, ազատ, անմիջական միջավայր մը: Նորատեսակ այս հարթակին նախանձախնդիր, երկար քննարկումներուն եւ վերլուծումներուն, միտքերու բախումին, որոնումներուն, յղկումին, բիւրեղացումին մասնակցեցան գիտաժողովին ներկայ եղած հիւրեր, երիտասարդներ, որով գիտաժողովին բարձրաձայնուած խնդիրները հանրայնացուեցան եւ քայլ մը եւս առնուեցաւ հանրութիւնը առաւել մասնակից դարձնելու նման հրատապ հարցերու արծարծման:
Տեղին է նշել, որ գիտաժողովին առաջին փուլը տեղի ունեցած էր 29-30 յունիս 2022-ին, ՀՊՄՀ-ի մէջ: Այս երկրորդ գիտաժողովը որոշակիօրէն յստակ դարձուց հայ իրականութեան ընելիքներուն ծիրը եւ խթան կը հանդիսանայ, որ շարքին երրորդը աւելի նպատակաուղղուած առաջադրանքներով կիրարկելիութեան գործիքակազմեր եւ գործընթացներ առաջարկէ յօգուտ հայ իրականութեան աւելի բարենպաստ ապագայի:
Comments are closed.