Հայութեան հոգին ըստ Մաղաքիա Վրդ. Օրմանեանի

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ.

«Հայերը այսօր ազգ մի են, հին ազգի մը մնացորդ,
որ բարոյական կենդանութիւնը կորսնցուցած չէ:
Ծառ մի է հայն տերեւաթափ եւ ոստաքանց, այլ ոչ չորացեալ եւ փտեալ (…),
որուն համար վերընձիւղելոյ գարունն հասած է»,
Մաղաքիա Վրդ. Օրմանեան

ՄՈՒՏՔ

Այս յօդուածաշարքով, Օրմանեան վարդապետի (ապա՝ Պատրիարք Կ․ Պոլսոյ) հայութեան հոգիին տեսութիւնը պիտի բացատրելով վերհանեմ, կարգաւորեմ, համադրեմ։ Անիկա տարածուած է «Ազգային Բանախօսութիւններ» տիտղոսով գիրքին մէջ, որ լոյս տեսաւ մեծավաստակ եկեղեցականին վախճանման 100-ամեակին առիթով, Էջմիածին, 1918-ին, յառաջաբանով եւ ծանօթագրութեամբ Լիլիթ Սարվազեանի։

Գիրքը կը բովանդակէ վեց բանախօսութիւններ կամ ատենաբանութիւններ, որոնք կարդացուած էին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն Հայց․ Առաքելական Եկեղեցի իր անցման առաջին երկու տարիներուն։ Անոնց տիտղոսներն են՝ «Հայուն Անցեալը, Ներկայն Եւ Ապագայն», «Հայութեան Հոգին», «Միութիւն Հայութեան», «Հայ Ազգութիւն», «Կարօտ եմք» եւ «Հայ Երիտասարդութիւն»։

Արդ, բանախօսութիւնները կարդացուած են 19-րդ դարու 79-80-ին, եւ՝ անմիջապէս հրապարակուած․ առաջինը «Մասիս»ի մէջ, միւսները՝ անջատ տետրերով։

ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԻՆ

Կանխաւ ըսեմ, որ «հայութեան հոգի» ըսելով՝ Օրմանեան վարդապետ չէ հասկցած բնազանցական յաւիտենական ու անփոփոխ երեւոյթ մը. իրեն համար՝ ազգ մը դարաւոր «բարոյական շինուած» մըն է, բարոյական «մարմին մի», որ կը փոփոխուի թէ՛ դրականօրէն, եւ թէ՝ ժխտականօրէն, սակայն առաքինութիւններու խորք մը պահպանելով (թէ՝ որքա՞ն ժամանակ… գուշակութիւն չէ ըրած)։ Իր համոզմամբ, թէեւ հայութեան հոգին բնազանցական յաւիտենական ու անփոփոխ երեւոյթ մը չէ, սակայն այն «շինուած»ին էութեան մէջ կայ «իսկութիւն» մը, որուն ուժականութիւնը չէ սպառած, եւ վերակենդանացման պարագային՝ առաջնորդութիւն կը խոստանայ…։ Ըստ իրեն, հայութեան հոգին՝ «հայոց մեծամասնութեան հոգին է», որուն էութեան մէջ՝ միայն ձիրքեր կան, կամ՝ «յատկութիւններ» (ինք «յատկութիւններ» ըսելով՝ միայն արժանիքներ իմացած է)։

Հայութեան հոգին՝ հայ անհատներու «սեպհական հոգեկան յատկութեանց, եւ անհատներու իրարու յարաբերութեանց բովանդակութիւնն է», գրած է։ Բայց անհատական եւ հաւաքական որեւէ հոգի միայն չի կազմուիր փակ շրջանակի մէջ։ Յարաբերութիւններու ցանցերը անդին կ’երկարին, կը տարածուին…։

ԷՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋԸ

Վարդապետը սկիզբէն պարզած է, թէ ինք ընդհանուր տեսութեան սահմանին մէջ պիտի մնայ, եւ քանի կը խորշի «վերացական եւ իմաստասիրական խորհրդածութիւններէ», սակայն ոչ՝ իմաստասիրելէ, պիտի խօսի «գործնական եւ իրական խնդրոց» վրայ։ Իր ընդգրկելիքը բացատրելով, գրած է. «հայոյն անցեալը զննած ժամանակս՝ չեմ ուզեր հրաւիրել ձեր մտադրութիւնը մինչեւ նախապատմական ժամանակաց վէպերուն վրայ։ Չեմ փնտռեր հայոյն անցեալը Ս. Գրոց էջերուն մէջ, եւ ոչ ալ վիճել կ’ուզեմ, թէ Եդեմական դրախտին դիրքը մեր հայրենեաց կը պատկանի՞ արդեօք։ Արդեօք Եփրատն եւ Տիգրիսն Մովսէսի՝ համանուն եւ համադի՞ր են հիմա սոյն անունը կրող գետերուն. արդեօք նախամարդոյն բարբառը հայերէ՞նն էր. արդեօք Նոյեան տապանին կայարան եղող Արարատը մեր Մասեաց գագա՞թն է. արդեօք մարդկութեան երկրորդ խանձարուրը Նախիջեւանի հովի՞տն է. արդեօք ճշմարիտ աստուածգիտութեան սէ՞րը զինեց Հայկայ բազուկը Բելայ ամբարտաւանութիւնը նուաճելու»։ Այսինքն՝ ի մի խօսք՝ հրաժարած է հայութեան հոգիին մասին Մովսէս Խորենացիէն մինչեւ Հ. Արսէն Բագրատունի պատկերացումներէն։ Որովհետեւ՝ խորհած է, թէ ատոնք գիտական չեն, թէ՝ դարուն ոգին չի ներեր նման բաներ, եւ թէ՝ օգտակար չեն կրնան ըլլալ իր առաջադրութեան։ Նաեւ՝ ատոր համար իր առաջադրութեան օտար համարած է «պատմական դրութեանց խնդիրներ»ը (կը կարծեմ՝ նկատի ունեցած է պատմաքննական հարցերը), որոնք տարակարծութիւններով լի են. եւ զանոնք ալ «մէկ կողմ» թողած է։ Բայց պէտք է անմիջապէս ըսեմ, որ թէպէտ պատմաքննական խնդիրներով չէ զբաղած, սակայն պատմութեան վրայ նայուածքէն չէ հրաժարած)։ Ապա դրած է իր հարցումը. «Ի՞նչ էր հայը մեզմէ առաջ (…) մինչեւ «ամենամերձ կէտը»։

Գրած է. «Աւերակ է Հայաստան, աւերեալ է հայ ազգը, իւր աւերակաց նշխարքը բոլոր աշխարհի երեսը սփռուած են, այդ աւերակները թող մեզի իմացնեն հայոց անցեալը»։ Եւ ան հայակերտ շինութեանց աւերակներուն նայելով՝ տեսած է հայութեան ձիրքերը, ու հաստատած. «Հայը, ուրեմն, իւր անցելոյն մէջ այնպիսի ձիրքեր ունեցաւ, որ իւր կեանքը ապահովեցին»։ Հակառակ օտար լուծերուն, եւ զօրաւոր ազգերով շրջապատուած ըլլալուն՝ հայութիւնը տոկաց «այնպիսի փորձանաց… որոնց առջեւ զօրաւորագոյն ազգեր տկարացան, եւ իրենց գոյութիւնը չկրցան պաշտպանել»։ Իսկ հայութիւնը «կայ, եւ էր եւ եղեւ ազգ մի ո՛չ աննշանակ, մեծագոյն ազգաց հետ մրցելոյ կարող, եւ մրցանաց մէջ՝ ո՛չ միշտ յետադաս, եւ եթէ ոչ՝ քաղաքական եւ իշխանական զօրութեամբ, այլ զօրութեամբ մտաց եւ զօրութեամբ բարուց իրեն տիրապետողներուն վրայ ալ ազդեցութիւն գործածելու բաւական»։

Որո՞նք էին, ըստ իրեն, հայութեան անցեալի ձիրքերը կամ յատկութիւնները.

1.- Անհատական իղձերու, զգացմունքներու, կարողութիւններու եւ տաղանդներու կատարելութիւններ։ 2.- Խորարմատ զգացում հաւաքական «սիրտ»ին մէջ այն ոգիին, որ զինք զատած են ուրիշ ժողովուրդներէ։ 3.- Հաւատարմութիւն «հայրենական» աւանդութիւններուն, որոնցմով իր տարբերութիւնը հաստատած է։ 4.- Աչալրջութեամբ գործածում այն միջոցներուն, որոնք խափանած են իր խառնումը ուրիշ ազգերու։ 5.- Ցուցաբերում անհատական խրոխտութեան՝ «որով ափ մի մարդիկ ահեղ բանակաց ձեռուըները» կաշկանդած են։ 6.- Գործարկում յատուկ ընդունակութիւններու, որոնք անհատները կ’ընեն այն՝ ինչ որ են։ 7.- Ինքնասիրութիւն, ինք կ’ըսէ «անձնասիրութիւն», որ սիրած է «ինչ որ իւրն է», հակառակ անոր թերի ըլլալուն։ 8.- Կապուածութիւն լեզուին, հաւատքին, ծէսին, սովորութիւններուն։ 9.- Ինչ ինչ կացութիւններու մէջ, ուժով ձեռքբերումներու անկարութեան դիմաց՝ արուեստի, արհեստի մէջ ինքնիրագործում։ 10.- Իր ժառանգածին աճեցում, եւ դուրսէն իւրացուցածին՝ ազգային ձեւաւորում։

Վարդապետը այս տաս կէտանի ցանկը տուած է «Հայուն Անցեալը, Ներկայն Եւ Ապագայն» բանախօսութեամբ, եւ առժամաբար՝ բաւարարուած։ Եւ ըսած՝ թէ ասոնք վերցնելու պարագային, հայութեան անցեալը կը դադրի մեկնաբանելի ըլլալէ։ «Բաւարարուած է», ըսի, որովհետեւ ետքը՝ «Հայութեան Հոգին» բանախօսութեան մէջ, այլ «յատկութիւններ» ալ թուարկած է, ինչպէս արթնութիւն, արիութիւն, յարատեւութիւն, չափաւորութիւն եւ միաբանութիւն։ Արթնութեամբ հասկցած է՝ հայութեան հոգիին «բնական արթնութիւն»ը, որուն բխումներ ճանչցած է՝ անոր «աշխոյժ բնաւորութիւն»ը, «մտաց սրութիւն»ը, «որ եւ իցէ առթի» ինքզինքը չկորսնցնելու, եւ «ամէնէն մեծ վտանգի մէջ» իսկ՝ կարողութիւնը ելքի դարման մը գտնելու եւ անոր գործադրութեան փութալու։ Արիութեամբ հասկցած է՝ «սրտի արիութիւն», որ դժբախտութիւններէն, նոյնիսկ անոնց «երկնաչափ»ներէն՝ չէ ընկճուած, եւ յոյսն ու փոյթը չէ կորսնցուցած։ Յարատեւութեամբ հասկցած է՝ ազգը, կրօնքը, լեզուն եւ սովորութիւնները պահպանելու նախանձախնդրութիւնը։ Չափաւորութեամբ հասկցած է՝ գիտութիւնը «առթից համեմատ» վարուելու, իր յաջողութեամբ չզեղծանելու, ինքզինք մոռնալով՝ իր գլխուն եկած եղելութիւններուն եւ կրածներուն «խաղալիք չըլլալ»ու, եւ բոլոր պարագաներուն մէջ՝ իր «միակերպութիւն»ը (ազգային նկարագի՞րը) պահպանելու՝ «արտաքին եւ բաղդի միջոցաց» օգտագործմամբ եւ կանոնաւոր կարգադրմամբ։ Միաբանութեամբ հասկցած՝ ազգի անհատներուն կարողութիւնը իրարու միանալով «ընդհանուր բարին եւ ընդհանրութեան աւանդ եղող բարիքը» պահպանելու, պաշտպանելու, զարգացնելու եւ կատարելագործելու։

Այս ու նախորդ ցանկին ձիրքերը կամ յատկութիւնները անթերիօրէն ի գործ դրուա՞ծ են։ Դրական չէ իր պատասխանը։ Այսուհանդերձ, հայութեան նաւը սպառսպուռ խորտակումէ ազատած է՝ շնորհիւ իր իսկութեան կարելի վերակենդանացումներուն, խորհած է վարդապետը։

(Շարունակելի 1)