Հայութեան ապահով բնօրրանը՝ Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնը
- (0)

ԹՈՐՈՆԹՕ.- Այս տարուան թորոնթոհայ գաղութին վերամուտը անմոռանալի է եւ յատկանշական։ Վերամուտ մը, որ նոր հորիզոններ պիտի բանայ թորոնթոհայութեան դիմաց, վերամուտ մը, որ պիտի համախմբէ հարիւրաւոր հայ երեխաներ, պատանիներ, երիտասարդներ եւ հայորդիներ, վերամուտ մը՝ նորահաստատ Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնով։
Կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2026-ին, Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 35-րդ տարեդարձի յիշատակումը եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը, որմէ ետք, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի հնչեղութեամբ եւ ազգային երգերու նուագակցութեամբ, տեղի ունեցաւ քայլերթ մը՝ հայ կեդրոնէն մինչեւ նորահաստատ Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոն։
Սոյն քայլերթին մասնակից դարձան Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, հոգեւոր հայրեր, եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, սկաուտներ եւ ԳԵՄ-ականներ, հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից միութիւններու անդամներ եւ թորոնթոհայ հոծ բազմութիւն մը։
Բացման հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ քայլերգներու հնչեղութեամբ եւ Դրօշակի Արարողութեամբ՝ սկաուտներու ձեռամբ, որմէ ետք հանդիսավարը՝ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի նախկին ուսանողներէն տիկին Թալին Սարգիսեան Մուշեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Նարեկը նոր եւ նշանակալից էջ մը պիտի բանայ մեր համայնքի պատմութեան մէջ։ Անոր դռները պիտի բացուին մեր համայնքի անդամներուն առջեւ՝ ստեղծելով աւելի հիւրընկալ, աշխոյժ եւ միաւորող միջավայր մը, ուր պիտի շարունակենք կրթել, դաստիարակել, ստեղծագործել եւ ծառայել մեր ժողովուրդին», ապա ընթերցեց նահանգապետ Տակ Ֆորտի շնորհաւորական բացիկը։
Ձեռնարկը կը վայելէր ներկայութիւնը Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, համայնքի հոգեւորականներու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Րաֆֆի Տօնապետեանի եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, Կեդրոնական կոմիտէութեան եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի անդամներու, ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնութեան, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամներ Արիս Պապիկեանի եւ Ճանըթըն Ցաուի, Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամ Շէլի Քերոլի, ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ հոգաբարձական կազմերու, թորոնթոհայ գաղութին մէջ գործող միութիւններու, յարանուանութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ համակիրներու։
ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Գույումճեան, որմէ ետք խօսք առաւ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ հանդէս եկաւ Ժագ Յակոբեանի «Անունը՝ Նարեկ» բանաստեղծական տողերու յիշատակումով եւ յայտնեց, թէ Գրիգոր Նարեկացիի անմահ պատգամը այսօր նոր մարմնաւորում կը ստանայ Նարեկ Հայ Կրթական եւ Մշակութային կեդրոնի բացումով։ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետուհի Անի Հոթոյեան Ժոլի։
ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին փունջ մը երգեր՝ գլխաւորութեամբ Սոնա Յովսէփեանի եւ տիկին Թալին Արթինեան Գլըպոզեանի։
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի պատասխանատու Տարօն Տէր Խաչատուրեանը, որ ԱՄՆ-էն յատուկ այս առթիւ ժամանած էր, ելոյթ ունեցաւ որպէս պատգամաբեր (Տարօն Տէր Խաչատուրեանի արտասանած խօսքը առանձնաբար հրապարակուած է «Հորիզոն Մետիա»-ի կողմէ)։
Հանդիսավարին հրաւէրով նուիրատուները կատարեցին ժապաւէններու հատումը՝ ընկերակցութեամբ հանդիսավարի խօսքին, որ կ՚ըսէր. «Այս ընտանիքներն ու անհատները հաւատացին այս մեծ նախաձեռնութեան եւ իրենց ներդրումը կատարեցին անոր իրականացման մէջ․ ահա այսօր այս շէնքին մէջ ունին իրենց անունները կրող դասարաններ, գրասենեակներ ու տարբեր տարածքներ, որոնք պիտի յիշեցնեն անոնց նուիրումը եւ այն հետքը, որ անոնք ձգեցին մեր համայնքի կեանքին մէջ»։ Ապա ան ընթերցեց առիւծի բաժինով նուիրատուներու ցանկը, որոնց նիւթական աջակցութեան շնորհիւ գաղութը օժտուեցաւ հայապահպանման երրորդ կեդրոնով։ Ան նաեւ շնորհակալական ջերմ խօսքեր յայտնեց Սրբազան Հօր՝ Գրիգոր Նարեկացիի գունազարդ նկարը նուիրելուն առթիւ, ինչպէս նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան այս աշխատանքի իրականացման։
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ աղօթքով օրհնեց նորահաստատ կեդրոնը, ապա անդրադարձաւ կեդրոնի առաքելութեան, որ պիտի ըլլայ դարբնոցը նորահաս սերունդի մտքերուն եւ հոգիներուն, որոնք պիտի թրծուին հայութեան շունչով եւ ոգիով ու, տարուէ տարի հասակ առնելով, պիտի ըլլան երաշխիքը հայ մշակոյթին, լեզուին եւ ինքնութեան պահպանման։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց կոմիտէութեանց եւ կամաւոր ծառայողներուն, ինչպէս նաեւ Հասըրճեան ընտանիքին եւ բոլոր նուիրատուներուն, որոնց նիւթական ներդրումին շնորհիւ թորոնթոհայութիւնը ունեցաւ Նարեկ կեդրոնը։
Տիկին Մուշեանի հրաւէրով Առաջնորդ Սրբազանին կողքին բեմ բարձրացան Հասըրճեան ընտանիքի անդամները, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները, «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչն ու ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի ներկայացուցիչը, որոնք ներկայ եղան հացի եւ աղի օրհնութեան եւ կատարեցին գլխաւոր ժապաւէնի հատումը։ Ապա, հերթականութեամբ, միութիւններու ներկայացուցիչներու ձեռամբ տեղի ունեցան միւս երկու ժապաւէններու հատումները։
Աւարտին ժողովուրդը շրջագայեցաւ Նարեկ կեդրոնէն ներս՝ դիտելու արդիական միջոցներով օժտուած դասարաններն ու սրահները եւ ճաշակելու հիւրասիրութիւնը, որ նուիրատու ճաշարանատէրերու կողմէ հրամցուեցաւ ներկաներուն։
ՀՈՒՐԻՆԱ
Խօսք առնողներուն պատգամներն ու նուիրատուներու ցանկը առանձնաբար պիտի հրատարակուին «Հորիզոն Մետիա»-ի կողմէ։