Հայոց Ցեղասպանութենէն 109 տարի ետք՝ հայրենազրկում կանխելու գրաւականը
«Թուրքիա միակ մտասեւեռում մը ունի. անխտիր ամէ՛ն միջոց, ռազմավարական ամէ՛ն նենգութիւն գործ դնել՝ միանգամ ընդմիշտ գերեզմանելու համար Հայ դատը»
Սարգիս Զէյթլեան
1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք, մօտ մէկ տարի Արցախի բնակչութիւնը սովասպանութեան ենթարկելէ ետք, թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտ եղեռնագործութեան պատճառով Արցախը բռնագրաւուեցաւ, հայաթափուեցաւ, արցախահայութիւնը հայրենազրկուեցաւ, հայրենիքը կոտորակուեցաւ…։
Երեք տասնամեակ առաջ, 1992 թուականի Ապրիլի 10-ին ատրպէյճանցիներու կողմէ Արցախի Մարաղա գիւղը սպանդի ենթարկուեցաւ, որուն ընթացքին խողխողուեցան հարիւր արցախցի անզէն բնակիչ, որոնցմէ 30ը կին։ Պաքուի կողմէ, Արցախի հայութիւնը բնաջնջելու ծրագիրը պետական ռազմավարութիւն է, որ գործադրուեցաւ 2023 թուականի Սեպտեմբերին։
21-րդ դարու Հայոց Ցեղասպանութիւնը հետեւանքն էր ազգի անվտանգութեան անուղղայ եւ ուղեկորոյս ռազմավարութեան։ Ի հակադրութիւն Պաքուի հայաջնջման վարքագծին, ՀՀ գործող իշխանութիւններու քաղաքական օրակարգը ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան կանխարգիլման քարոզչական յստակ ուղեգիծէ զերծ է, այլեւ ճանաչման ու պահանջատիրութեան օրակարգը սկսած են հունաւորել դէպի քաղաքական անձնատուութիւն, որուն գլխաւոր ապացոյցն է 2022 թուականի Յունուար 24-ին ՀՀ վարչապետի կատարած յայտարարութիւնը, ուր ան կը հաստատէր, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք Հայ Դատի քաղաքականութիւն չէ վարած, իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը գլխաւորաբար սփիւռքեան գործունէութեան արդիւնք է։ Այս յայտարարութիւնը դարձակէտ կը հանդիսանայ հայոց պահանջատիրութեան տոմարներուն մէջ, այն առումով, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութեանց ղեկավար մը բառացիօրէն կը հրաժարէր Հայ Դատի հետապնդումէն ու պահանջատիրութենէն։
2015 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցի համակարգող պետական յանձնաժողովին կողմէ հրապարակուած հռչակագիրը կը հաստատէր հայութեան արդար իրաւունքներուն համար մղուող պայքարի 100-ամեակի կարգախօսը՝ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ», որ իրողութեան մէջ, պատմական յիշողութեան սերունդէ սերունդ փոխանցելու պահանջատիրութեան քաղաքականութեան եւ մարտավարութեան համահայկական ուղեգիծն էր։
1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ 21-րդ դարու Արցախի կորուստի ու հայաթափման դառն պատմական փորձառութիւնը հայութեան կը պարտադրեն հաշուեքննութեան ենթարկել ազգի լինելութեան եւ գոյապահպանման հիմնահարցը, միաժամանակ, ազգատիրութեան եւ հայրենատիրութեան գծով ազգն ու սերունդները ազգային գաղափարախօսութեամբ դաստիարակելու անյետաձգելի օրակարգը։ ՀՀ գործող իշխանութիւններու կողմէ հայրենի ժողովուրդին սնուցուող պահանջատիրութենէն այլասերելու եւ զայն թերարժեւորելու քարոզչութիւնը վտանգաւոր ճանապարհ է, որուն յետին ծրագիրը՝ «հող եւ տարածքներ՝ խաղաղութեան դիմաց» ազգակործան գաղափարն է։
Դէպի արեւելք թրքացեղ աշխարհատարածքները մէկ մականի ներքեւ միաւորելու թրքական ծաւալապաշտական դարաւոր ծրագիրը արգելակող միակ քաղաքական գործօնը կը մնան հայութիւնն ու Հայաստանը։ Հայոց Ցեղասպանութեամբ նախագծուած Հայաստանն ու հայը ի սպառ անէացնելու Օսմանեան եւ քեմալական թուրքիոյ ծրագրի երկարժամկէտ ու հանգրուանային ռազմավարութիւնը հայկական բարձրավանդակի տարածքները կոտորակելով բռնագրաւել, սկսելով Արեւմտեան Հայաստանէն, Նախիջեւան եւ Արցախ։ Այսօրուան դրութեամբ, նոյն այդ դարաւոր ծրագրի թիրախն է Սիւնիքը։
Աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններու մէջ յայտնուած հայրենիքին ու հայութեան շահերու պաշտպանութեան եւ կենսագործման համար, այսօր անհրաժեշտ է ազգային գաղափարախօսութեան ինքնատիրապետման գծով համընդհանուր զօրաշարժ եւ այդ առաջադրանքը իրագործելու համար օրուան հրամայականն է ապազգային իշխանութիւններու հեռացումը եւ ազգային սկզբունքներուն եւ արժեհամակարգին հաւատարիմ՝ որդեգրել քաղաքական այն համոզումը՝ որ մեր պետութիւնը, ազգն ու հայրենի երկիրը կարողութիւնը ունին զարգանալու՝ առանց զիջելու։
Երկու թշնամի երկիրներով շրջափակուած ու գոյութենական ճգնաժամի մէջ յայտնուած Հայաստանի համար վիճակուած է կամ շարունակական զիջումներով ընդունիլ թուրք-ատրպէյճանական պարտադրուող նախապայմանները եւ կա՛մ ազգովին միաւորուելու, ինքնակազմակերպուելու եւ յառաջիկայ հանգրուանի գոյապայքարի պատնէշները հզօրացնելու ու ամրագրելու ջանադիր՝ ռազմապատրաստ ու մարտունակ ըլլալ։ Այլընտրանքը՝ մեր գոյութենական կռուանները ռազմայնացնելն ու ամրոց պետութեան վերածուիլն է։
«Հորիզոն»ի Խմբագրական
Comments are closed.