Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողի մը ոդիսականը. Նորայր Պէնօհանեան` Աղեքսանդրիոյ հայութեան «Հայրիկ»ը

Horizon Weekly Newspaper

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Նորայր Պէնօհանեան ծնած է 1912-ին Մարզուան: Հօր անունն է Յակոբ եւ մօր անունը՝ Եսթեր Դանիէլեան: Մարզուան 1915-էն առաջ ունեցած է 26000 բնակչութիւն, մեծամասնութեամբ հայեր, որոնք եղած են հայախօս, նոյնիսկ թուրքերը սորված են հայերէն:

Նորայրին հայրը՝ Յակոբ Պէնօհանեան, աշխատած է կաշիի գործով եւ ունեցած է կօշկակարական երկու վաճառատուներ: Ունեցած է այգիներ եւ պարտէզներ: Եղած է յայտնի վաճառական եւ յեղափոխական: Ան տան մէջ պահած է անձնական զէնքեր ինքնապաշտպանութեան համար, սակայն չէ կրցած օգտագործել այդ զէնքերը ամէնէն կարեւոր առիթին, երբ թուրք զինուորները անակնկալօրէն խուժած են իր տունը, ձերբակալած են զինք եւ տարած են թրքական անյայտ հաւաքավայր մը: Յակոբ ձերբակալուած ատեն կողակիցին՝ Եսթերին ըսած է. «Դո՛ւն տէր պիտի կանգնիս զաւակներուս, պիտի ըլլաս թէ՛ մայր, թէ՛ հայր»: Ան կը շղթայուի եւ այդպէս կը տարուի ոստիկանատուն: Այս բոլորը կատարուած են երեք տարեկան Նորայրի ներկայութեան: Յակոբ այդ ձերբակալումէն ետք տուն չէ վերադարձած:

Նորայր ապրած է Մարզուանի մէջ մեծ բակով երկյարկանի տան մը մէջ: Տունը ունեցած է շատ մը սենեակներ, աղբիւր մը եւ լոգնալու համար մեծ բաղնիք մը: Այս տունը եղած է պապենական օճախը, ուր ապրած են Պէնօհանեան 7 ընտանիքներու մօտաւորապէս 60 անդամները: Տունը գտնուած է հայկական թաղին մէջ եւ հայկական եկեղեցիին մօտ, որ կոչուած է «Հայր եւ Որդի»:

1915-ի առաջին ամիսներուն թուրք ոստիկաններ հաւաքած են Մարզուանի երիտասարդներն ու տղամարդիկը եւ տարած են քաղաքէն դուրս անյայտ վայր մը, ուր բոլորը սպաննուած են: Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս Նորայրին ականատեսութեամբ, հայրը՝ Յակոբ, եւ հօրեղբայրը եղած են այս ձերբակալուածներէն: Անոնք շղթայակապ տարուած են եւ սպաննուած:

Մարզուանի մէջ մնացած են հայ կիները, աղջիկները, տարեցները եւ երեխաները: Անոնք բոլորը յաջորդող օրերուն տեղահանուած են իրենց տուներէն եւ կարաւաններով քալած են քանի մը թուրք զինուորներու հսկողութեամբ, անորոշ ուղղութեամբ: Անոնք դարձած են գաղթական եւ ապա աքսորեալ: Անոնցմէ շատերը ճամբուն վրայ սպաննուած են, երիտասարդ աղջիկներէն շատերը առեւանգուած են եւ ուրիշներ հրապարակներու վրայ աճուրդով ծախուած են իսկ երեխաներէն շատերը թուրք ընտանիքներու կողմէ իւրացուած են: Ողջ մնացողները ապրած են գաղթականութեան արհաւիրքը, դառնութիւնն ու անօթութիւնը:

Եսթեր իր երկու զաւակներով, ձգելով իրենց հօրենական տունը, մաս կազմած են Մարզուանի կարաւաններէն մէկուն: Եսթեր շատ դանդաղ եւ դժուարութեամբ կը քալէ, դուստրին աջ ձեռքը բռնած եւ կռնակին վրայ շալկած Նորայրը: Այս պատճառով անոնք կը կորսնցնեն կարաւանին հետքն ու կը քալեն մերթ ընդ մերթ ժայռի մը վրայ նստելով: Յանկարծ մթութեան մէջ պղտոր լոյս մը կը տեսնեն: Կը մօտենան լոյսին եւ իրենք զիրենք կը գտնեն դուռը քանդուած պզտիկ տնակի մը առջեւ: Ներսէն կը լսեն հեծկլտանքով հայերէն լեզուով հետեւեալը. «Ալ կը բաւէ, Տէր Աստուած, ամուսինս տարին, չեմ ուզեր ես եւ երկու զաւակներս զոհ երթալ թուրք զինուորներուն»: Եսթեր երկու զաւակներով ներս կը խուժէ եւ անակնկալի կու գայ, տեսնելով երիտասարդ մայր մը, գետին ինկած երկու երեխաներով միասին: Այս երիտասարդ մայրը երեխաներուն հետ աֆիոն խմած են, որպէսզի մահանան եւ թուրք ոստիկաններուն չյանձնուին: Երեխաներէն մէկը քիչ ետք կը մահանայ, իսկ երկրորդը եւ մայրը կը փսխեն ու կը վերագտնեն իրենց արթնութիւնը ու կ’ազատին մահէ: Եսթեր իր երկու զաւակներով դուրս կու գան այս սրտաճմլիկ տնակէն եւ կը շարունակեն անորոշութեամբ լեցուն իրենց ճանապարհը: 1-2 ժամ քալելէ ետք կը հասնին Մարզուանի արուարձաններուն մէջ գտնուող Ճիզուիթ վարդապետներու եկեղեցին, որ հրոյ ճարակ դարձած է թուրք զինուորներուն կողմէ:

Նորայր մօրը եւ քրոջը հետ կը շարունակեն քալել եւ կը հասնին թրքական զօրանոց մը, որ շրջապատուած էր խոր եւ լայնատարած փոսով մը: Մեծ թիւով սպաննուած հայերու այլանդակ դիակներ կը տեսնեն այդ փոսին մէջ: Զօրանոցին պահակները կը ձերբակալեն եւ կը բանտարկեն զիրենք: Բանտի խուցին մէջ Նորայրին քոյրը քիթի արիւնահոսութիւն կ’ունենայ: Մայրը կասեցնելու համար աղջկան քիթի արիւնահոսութիւնը ոստիկանի մը մէկ ոսկի կու տայ գաւաթ մը ջուր ունենալու: Թուրք զինուորը հպարտանքով եւ հրապարակային կը միզէ եւ մէզով լեցուն գաւաթը կու տայ Եսթերին: Անոնք կը գիշերեն զօրանոցի բանտին մէջ եւ յաջորդ առաւօտ իրենց շուրջ, զօրանոցին մէջ կը գտնեն հարիւրաւոր հայրենակիցներ: Թուրք զինուորները կը խոշտանգեն բոլոր հայ բանտարկեալները, կը բռնաբարեն հայ աղջիկները, կը խարազանեն տարեց մամիկները եւ տեղւոյն վրայ կը սպաննեն երիտասարդ հայերը: Յղի հայ կին մը, որ անկիւն մը նստած մտածումներու մէջ մխրճուած է, կ’ենթարկուի ոճրագործ թուրք զինուորներուն խոշտագումին: Անոնք գրաւի կը դնեն հայ յղի կնկան ծնելիք զաւկին աղջիկ թէ տղայ ըլլալը: Զիուորներէն մէկը վայրագօրէն եւ գազանաբար կը նետուի յղի կնկան վրայ եւ խոշոր դանակով մը կը բանայ անոր փորը եւ դուրս կը հանէ ծնելիք մանչ մանկիկը: Խեղճ կինը արիւնլուայ հոգին կ’աւանդէ: Ուրիշ մամիկ մը անկիւն մը քաշուած Սուրբ Գիրք կարդալուն համար կը սպաննուի: Եսթեր դառնալով երկու զաւակներուն կ’ըսէ. «Եթէ թուրք զինուորները զիս սպաննեն եւ զօրանոցը շրջապատող փոսը նետեն կը խրատեմ ձեզի, որ դուք ալ ինծի միանաք, դուք ձեզ փոսին մէջ նետելով»: Բարեբախտաբար այդպիսի բան չի պատահիր: Զօրանոց-բանտին մէջ գտնուող հայերուն մէջ եղած է Յովսէփ Քիրիշեան անունով ուսուցիչ մը, որ մօտենալով հայ բանտարկեալներուն ըսած է. «Կը կարծեմ, որ մօտօրէն բոլորս ազատ պիտի արձակուինք եւ մեր տուները պիտի երթանք»: Յաջորդ օրերուն իրապէս Եսթեր եւ երկու զաւակները, մնացեալ բոլոր հայ բանտարկեալներուն հետ, ազատ կ’արձակուին: Եսթեր զաւակներուն հետ 2-3 օր քալելէ ետք կը վերադառնան իրենց տունը, որ այրած եւ քանդուած էր, այնպէս ինչպէս քանդուած եւ կամ այրած էին հայկական հարիւրաւոր տուներ:
Նորայր, մայրն ու քոյրը կ’ապաստանին հօրաքրոջը տունը, որ շատ չէր վնասուած, եւ ուր հօրաքոյրը աղջկան հետ կ’ապրէր առանձին: Հօրաքրոջը աղջիկը մի քանի օր ետք կ’առեւանգուի եւ հօրաքոյրը կը մնայ առանձին:

Horizon Weekly Newspaper

Նորայրին մայրն ու քոյրը, որպէս ծառայ, կ’աշխատին թուրք մեծահարուստ ընտանիքի մը քով, իսկ ինք կը մնայ հօրաքրոջը քով: Շրջան մը ետք Եսթեր ջուլհակութեամբ ընտանիքին ապրուստը կ’ապահովէ: Ան բուրդ եւ թել կը գնէ եւ անձեռոցներ ու «խաւլի» հիւսելով կը ծախէ, իսկ Նորայր եւ քոյրը կ’ընդունուին Մարզուանի ամերիկեան միսիոնարական բարեսիրական կազմակերպութեան որբանոցը, ուր արդէն կ’ապրէին հազարաւոր հայ որբեր:
Նորայր այս որբանոցին մէջ կը մեծնայ, հայերէն եւ թրքերէն լեզուները կը սորվի եւ կ’ունենայ ուրախ եւ հանգիստ կեանք մը: Օր մը, երբ որբանոցէն դուրս ելլելով ընկերներուն հետ կը խաղայ որբանոցին մօտակայ դաշտին մէջ, անակնկալօրէն թուրք մը դանակով վրան կը յարձակի եւ կը փորձէ դաշունահարել զինք: Նորայր հրաշքով փախուստ կու տայ ոճրագործ թուրքին ձեռքէն եւ վազելով կը հասնի որբանոց:

1918-ին աքսորավայրերու մէջ ապրող մարզուանցիներէն շատերը, մօտ 3-4 հազար անձ, կը վերադառնան իրենց քաղաքը: Անոնք կը վերաշինեն իրենց տուները, եկեղեցիներն ու դպրոցները: Կամաց կամաց բնականոն կեանքը կը սկսի վերահաստատուիլ: Այս միջոցին Մարզուանի թուրքերէն շատերը կը վախնան, որ հայերը վրէժ կրնան լուծեն իրենցմէ, ուստի անոնք կը մնան իրենց տուներուն մէջ ու կ’ապրին զգուշութեամբ:

Զինադադարին, անգլիացիներուն մեկնումէն ետք, ֆրանսացիները կը ստանձնեն շրջանին իշխանութիւնը, սակայն անոնց ալ կեցութիւնը երկար չի տեւեր: 1921-ին ֆրանսացիներն ալ կը լքեն երկիրը, եւ կը սկսի հայերուն երկրորդ գաղթականութիւնն ու ջարդը: Հայ մարտիկները կը դիմադրեն եւ յարձակողականի կ’անցնին: Այս մարտիկներէն եղած են Զօրավար Անդրանիկի երկու հօրեղբայրները՝ Գագիկ եւ Մերուժան Օզանեանները: Տեղի կ’ունենան զինուորական գործողութիւններ եւ թուրքերու սպանութիւններ, սակայն հայերը տեղի կու տան: Թուրքերը կը թալանեն, կը կողոպտեն Մարզուանի հայերուն տուները: Կը քանդեն հայոց վերաշինուած եկեղեցիներն ու դպրոցները: Կը սպաննուին մեծ թիւով հայեր: 60-70 հոգի հաշուող Պէնօհանեաններէն ողջ կը մնայ միայն ինք՝ Նորայրը: Յոյները լսելէ ետք կարգ մը տարաձայնութիւններ, թէ թուրքերը պիտի ջարդեն նաեւ զիրենք, նմանապէս կը լքեն Մարզուանը եւ կը մեկնին Պոնտոս:

1922-ին Մարզուանի Ամերիկեան միսիոնարական որբանոցի պատասխանատուները կ’որոշեն հայ որբերը փոխադրել Աթէնք: Ուստի հայ որբերը կը տանին նախ Սամսոն եւ հոնկէ նաւով կը հասցնեն Աթէնքի Զամբիոն պալատը, որ որբանոցի վերածուած էր Ամերիկեան Նպաստամատոյցին կողմէ: Այս որբերուն մէջ եղած է նաեւ Նորայրը:

1-2 տարի ետք նպաստամատոցի որոշումով հայ որբերը Զամբիոն որբանոցէն կը փոխադրեն Եգիպտոս: Որբերուն փոխադրութիւնը տեղի կ’ունենայ իտալական նաւով մը: Ճամբուն ընթացքին որբերը փոխադրող իտալական նաւը յարձակումի կ’ենթարկուի թրքական զինուորական նաւու մը կողմէ: Թուրքերը կը փորձեն ընկղմեցնել որբերուն նաւը եւ խեղդամահ ընել բոլոր հայ որբերը: Ամերիկեան ռազմանաւ մը օգնութեան կը փութայ եւ արգելք կը հանդիսանայ թուրքերուն ոճրագործութեան:

Հայ որբերով լեցուն իտալական նաւը ապահով կերպով կը հասնի Եգիպտոս: Այս որբերուն մէջ կ’ըլլայ Նորայր, իսկ իր քոյրը իրմէ առաջ արդէն հասած էր Եգիպտոս, նոյն կազմակերպութեան կողմէ, եւ աշխատած որպէս օգնական իտալացի ընտանիքի մը մօտ: Եսթեր, Նորայրին մայրը, կը մնայ Մարզուան առանձին մինչեւ 1929:

Նորայր Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) հասնելէ ետք հեզասահ կեանք մը չ’ունենար: Անոր մայրը՝ Եսթեր, միշտ ենթադրութիւնը ունեցած է, որ Եգիպտոս ապրող կերպասավաճառ մեծահարուստ մարզուանցի եւ իրենց մօտիկ ազգական Դանիէլեան ընտանիքը օգտակար կը դառնայ Նորայրին նիւթապէս եւ բարոյապէս: Սակայն այդպէս չ’ըլլար: Նորայր Եգիպտոս հասնելէ ետք կը տեսնուի կերպասավաճառ Դանիէլեան ընտանիքին անդամներուն հետ, սակայն ոչ մէկ օժանդակութիւն կ’ունենայ: Նորայրին օգնութեան կը հասնի անծանօթ բայց համեստ ու բարեսիրտ հայ ընտանիք մը, որոնց մօտ ան կ’ապրի քանի մը ամիս: Շրջան մըն ալ կը մնայ հայ մայրապետներու մօտ:

Նորայր կը յաճախէ Պօղոսեան Ազգ. վարժարանը, ուր կը դառնայ յառաջադէմ աշակերտ: Ան շուտով կը սորվի հայերէն, ֆրանսերէն եւ թուաբանութիւն: Իր դպրոցական ծախսերը կը հոգայ Կամսարական անունով բարեսիրտ հայորդի մը: Երրորդ դասարանի հայերէն լեզուի ուսուցչուհին կ’ըլլայ տիկին Պօղոսեան, որ մեծ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ իրեն հանդէպ:

Երկու տարի ետք Նորայր դպրոցը կը լքէ եւ կը սկսի աշխատիլ Դանիէլեաններուն գործարանին մէջ: Նորայր շուտով կը հմտանայ իր գործին մէջ եւ կը ստանձնէ պատասխանատու պաշտօն: Պրն. Դանիէլեան կը շահագործէ Նորայրին որբ ըլլալն ու նուազագոյն ամսավճարով կը վարձատրէ զինք տարիներ:

Նորայր ինքնաշխատութեամբ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները կ’իւրացնէ, ինչպէս նաեւ կը հետեւի մեքենագիտութեան դասընթացքներու:
Նորայրին մայրը՝ Եսթեր, Եգիպտոս կը հասնի 1929-ին: Ան կը մահանայ 1931-ին քաղցկեղի հիւանդութեամբ: Նորայր մօրը մահուան օրը յուզիչ դամբանական մը կը գրէ եւ յետագային կը տեղադրէ այդ գրութիւնը մօրը տապանաքարին վրայ:

Նորայր Դանիէլեաններուն գործարանէն ներս 17 տարի աշխատելէ ետք, կը հիմնէ իր սեփական մեքենագործութեան գործարանը: Նիւթապէս եւ բարոյապէս մեծ յաջողութիւն կը գտնէ նոր ասպարէզին մէջ: Քանի մը տարուան ընթացքին կը զարգացնէ գործարանը եւ կ’ունենայ արդիւնաւէտ արտադրութիւն ու վաճառք: Ան կը դառնայ համբաւաւոր գործատէր եւ կ’ունենայ պատուաւոր համբաւ Եգիպտոսի մէջ: 1948-ին Նորայր Տիրան Օհաննէսեանի օգնութեամբ կը գնէ գամի գործարանը: Ան կը զարգացնէ այս հաստատութիւնը, որ կը գործէ մինչեւ իր մահը:

Նորայր 1942-ի սկիզբը, Սարգիս Փալանճեանի միջոցաւ, կը ծանօթանայ Սեբաստացի գեղադէմ, բարի, քաղաքավար, ամօթխած աղջկայ մը՝ Վարդուհի Մինասեան անունով: Աղջկան ծնողքը ակնցի, Եգիպտոս հաստատուած են 1895-ի ջարդի օրերուն: Վարդուհի ծնած է Եգիպտոս:

Նորայր եւ Վարդուհի կ’ամուսնանան 1942-ին: Անոնք կը բախտաւորուին չորս մանչ՝ Անդրանիկ, Արամ, Վահէ եւ Արման ու մէկ աղջիկ՝ Շաքէ զաւակներով: Բոլորն ալ ծնած են Եգիպտոս: Անդրանիկ ծնած է 1943-ին, Շաքէ՝ 1945-ին, Արամ՝ 1947-ին, Վահէ՝ 1952-ին, Արման՝ 1967-ին: Բոլորն ալ ամուսնացած են: Զաւակներէն չորսը՝ Անդրանիկ, Շաքէ, Արամ եւ Արման հաստատուած են Մոնթրէալ, իսկ Վահէ մինչեւ օրս կ’ապրի Եգիպտոս:
Տիկին Վարդուհի, Նորայրին կինը, կը դառնայ ամուսնոյն աջ բազուկը: Ան կը հոգայ զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւնը եւ ամէն տեսակի պէտքերը:

Նորայր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին եղած է Եգիպտոսի հայ գաղութին գործունեայ մէկ անդամը: Եղած է բարեսիրտ, ծառայասէր, բարեգութ ու հայրենասէր: Ունեցած է ազգանուէր ծառայութիւն: Ապրած է հայրենիքի տեսլականով:

1931-ին, երիտասարդ Նորայր, 22 տարեկան հասակին եղած է Եգիպտոսի նորաստեղծ «Վերածնունդ» միութեան ատենապետը:
Ինքնաշխատութեամբ սորված է փող (trumpet) նուագել եւ մաս կազմած է Երիտասարդական նուագախումբին:

Եղած է Աղեքսանդրիոյ Հայոց եկեղեցւոյ հոգաբարձու, Քաղաքական Ժողովի ատենապետ եւ Թեմական Ժողովի ատենապետ:
Նիւթական մեծ նուիրատուութիւն (քսան հազար ամերիկեան տոլար) կատարած է 1995-ին Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպանատան շինութեան ֆոնտին եւ եղած է մնայուն ու մտերիմ բարեկամը դեսապանատան:

Երբ Սպիտակի որբերը Եգիպտոս հրաւիրուած են, ինք մեծ ընդունելութիւն սարքած է իր տան մէջ եւ իւրաքանչիւր որբի ոսկի խաչ մը նուիրած է:
Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի Եգիպտոս այցելութեան 1956-ին, մեծ հիւրասիրութիւն մը սարքած է ի պատիւ վեհափառին, ինչպէս նաեւ մեծ ներդրում ունեցած է ՀՅԴ-ի «Յառաջդիմասէր» սրահին մէջ տեղի ունեցած Վեհափառ Հայրապետին ի պատիւ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան:
Նիւթապէս օժանդակած է կարօտեալ հայերուն, հայ դպրոցին եւ հայ եկեղեցիին:

Գանատա գաղթող եգիպտահայերուն նիւթապէս օգտակար եղած է եւ հոգացած անոնց օդանաւային ճամբորդութեան ծախսը:
Նիւթապէս օժանդակած է Աղեքսանդրիոյ Հայ ծերանոցին: Հոն շինել տուած է սենեակ մը իր ծնողաց յիշատակին:

Աղեքսանդրիոյ հայ ժողովուրդը զինք կոչած են «Հայրիկ»: Իր մահուան օրը Աղեքսանդրիոյ հայերը ըսած են, թէ «Հայրիկ»-ը մահացաւ:
Հայաստան այցելած է երկու անգամ եւ հանդիպումներ ունեցած է բանաստեղծ Շիրազին հետ: Ան հմայուած է Շիրազով եւ սերտ բարեկամութիւն հաստատած է անոր հետ:

Նորայր գրած է «Մայիս 28»-ի եւ «24 Ապրիլ»-ի նուիրուած երկու բանաստեղծութիւններ:

Նորայր մահացած է Աղեքսանդրիա, 9 Սեպտեմբեր 2001-ին, 89 տարեկանին:

Մահէն մի քանի ամիս առաջ, հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է. «Աստուած օր մը թշնամիին պատիժը պիտի տայ, չեմ ներեր ջարդարար թուրքին, ներելու հարց չկայ բացարձակապէս: Հայ ժողովուրդը մէկ մարմին, մէկ հոգի պէտք է ըլլայ միշտ, բոլորս պէտք է ըլլանք հայրենիքի կողքին: Ղեկավարներ կու գան ու կ’երթան, սակայն հայրենիքը կը մնայ: Կեղծ հայութիւն պէտք չէ ըլլայ: Կուսակցութիւնները իրենց տարակարծութիւնները մոռնալու են եւ գործելու են ի շահ հայրենիքին»:

Ողբացեալ Նորայրին կողակիցը՝ Վարդուհին, մահացած է Եգիպտոս, 31 Յունուար 2021-ին:

Օգագործուած աղբիւրներ.
1.- Նորայր Պէնօհանեանի հարցազրոյցի խտասալիկը, Աղեքսանդրիա, 1962:
2.- Անձնական տեղեկութիւններ տիկին Շաքէ Պէնօհանեան-Կէօնճանէն եւ պրն. Արամ Պէնօհանեանէն, Մոնթրէալ, 2019: