Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւն եւ Արցախի դրօշի բարձրացման արարողութիւն Պրիթիշ Գոլոմպիոյ խորհրդարանին մէջ

Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձախումբին երկարամեայ աշխատանքները արդիւնաւորուեցան պատմական երկու նուաճումներով. 24 Ապրիլ 2023-ին Արցախի դրօշակի բարձրացում տեղի ունեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ նահանգային Խորհրդարանին դիմաց, նահանգի վարչապետ Տէյվիտ Էպիի Արցախի մասնակցութեամբ եւ ելոյթով, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի անդամներու ներկայութեամբ:

Դրօշի բարձրացման արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեանի ձեռամբ, խորհրդանիշն է հայ ժողովուրդի վճռակամութեան ու անվերջ պայքարին՝ ընդդէմ նոր ցեղասպանութեանց եւ բռնարարքներու: Այս մէկը նաեւ կ՚ամրապնդէ աշխարհի զանազան երկիրներու աջակցութիւնը Արցախի ու Հայաստանի ազատութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան իրաւունքին:

Երկրորդ միջոցառումը Ապրիլ 24-ին Խորհրդարանին մէջ աւանդոյթ դարձած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումն էր, իսկ այս տարուան միջոցառումը կազմակերպուած էր Պրիթիշ Գոլոմպիոյ կառավարութեան եւ Առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքսի կողմէ, ներկայութեամբ Առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքսի, Ընդդիմադիր կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Թերեզա Ուաթի եւ Գարին Քըրքփաթրիքի, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Թիթառ Քէօշկերեանի, Մեղրիկ Սիւլահեանի, Յակոբ Տէր Յակոբեանի եւ  Վահէ Անտոնեանի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտըմեանի, Ս. Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գեղարդ Ա. Քհն. Կարապետեանի եւ հեռուստաժամի տնօրէն Մարգարիտ Մարտիրոսեանի:

Վարչապետ Տէյվիտ Էպի անդրադարձաւ Օսմանեան կայսրութեան եւ իրերայաջորդ թրքական պետութեանց կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան եւ յանցագործութիւններուն մասին, ապա յարգանքի տուրք մատուցեց այժմ սփիւռքի մէջ գտնուող հայ համայնքներու ներդրումին՝ իրենց հիւրընկալուած երկիրներուն մէջ: Ան յատկապէս յիշատակեց Վիքթորիայի Էկոյեան ընտանիքին պարագան, որ ներգաղթած էր Եգիպտոսէն, որպէս ցեղասպանութենէն վերապրած հայեր, եւ որուն զաւակները՝ Ատոմն ու Եւան, դարձած են գանատացի նշանաւոր արուեստագէտներ թատերական եւ երաժշտական մարզերէն ներս:

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Յակոբեան, ներկայացուց ԳԵՄ-ի անդամ Լորիկ Գորաճեանը, որ իր կարգին անդրադարձաւ իր ընտանեկան պատմութեան եւ նշեց, թէ իր նախնիներէն ցեղասպանութենէն միակ ազատողը եղած է Կարապետ Հաքալմազեանը եւ որ յաջողած է վերապրիլ եւ իր յաջորդ սերունդներուն փոխանցել իր ոդիսականն ու ապրելու վճռակամութիւնը:

Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Միացեալ կուսակցութեան ներկայացուցիչ եւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Թերեզա Ուաթի խօսքին յաջորդեց Կանաչներու կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սոնիա Ֆըրսթընաուի խօսքը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ Խորհրդարանի հայազգի պաշտօնեայ արցախցի Արթիւր Սողոմոնեանի ընտանիքին մասին, որոնք այսօր տակաւին կը դիմադրեն թշնամիի ցեղասպանական արարքներուն եւ սպառնալիքներուն Արցախի մէջ:

ԳԵՄ-ի անունով խօսք առաւ Գառնի Քէօշկերեան, որ դատապարտեց քաղաքակիրթ աշխարհին անտարբերութիւնը՝ հանդէպ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ բռնարարքներուն եւ Արցախի շրջափակման: Ան կոչ ուղղեց Պրիթիշ Գոլոմպիոյ, Գանատայի եւ ողջ միջազգային հանրութեան բարձրաձայնել ու դատապարտել երկու երկիրներուն յանցագործութիւնները՝ կանխելու համար յառաջիկայ ցեղասպանական արարքներ:

Կոմիտասի «Հորովել»ի երգեցողութեամբ հանդէս եկաւ Վանգուվըրի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարգեգին Վրդ. Շխրտըմեան, իսկ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»ը կիթառով նուագեց Թաթուլ Հաճեանը, որուն հայրը՝ Գէորգ Հաճեան, 2020 Սեպտեմբերին զոհուեցաւ Արցախի մէջ:

Նշենք, որ 2006 Ապրիլին, հանդիսութեան նոյն վայրին մէջ, Խորհրդարանը միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէս մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն:

 

Comments are closed.