Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակի պահանջատիրական ուխտի վերանորոգման առթիւ
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Գանատայի կազմակերպական շրջանի , ԱՐԱՄ ԴՐՕ Կոմիտէութեան ուղերձ , Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակի պահանջատիրական ուխտի վերանորոգման առթիւ :
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, գոյատեւման վճռակամութիւն ու պահանջատիրութեան եւ ինքնութեան պահպանում… Մարտահրաւէրներ որոնք բոլոր ժամանակներէ աւելի ծառացած են հայ ժողովուրդին առջեւ: Ցեղասպանութեան արարքի արձագանգը կու գայ պատմութեան խորքէն , որուն մարդկութիւնը ծանօթ է պատմութեան արձանագրած ՍԵՒ ու ՄՈՒԳ էջերէն :
Հայաստանը դարերու ընթացքին , իր աշխարհագրական դիրքէն մեկնած թատերաբեմ դարձած է արեւելքէն ու արեւմուտքէն ընթացած քաղաքակրթութիւններու ազդեցութեան գօտիի ներքեւ , յանձնուելով կայսերապաշտ ու ծաւալապաշտ անյագ ախորժակներու գթութեան ու վայրագ ցեղախումբերու հայկական քաղաքակրթութիւնը կլանելու ու փճացնելու ախորժակներուն:
Ազգերու գոյապայքարի ճամբուն վրայ , շատ մը ազգեր՝ չդիմանալով չարիքներու ալիքներուն , թաղուած են պատմութեան վիհերու խորը: Բախտաւոր պարագային կը յիշուին անոնց պատմութիւնն ու մարդկութեան ժառանգ ձգած մշակոյթն ու ստեղծագործութիւնները :
Ազգովին , դարեր շարունակ անցած ենք նոյն ճանապարհով, երբեմն բարգաւաճած ու մերթ նահանջած, բայց երբեք չենք ընկրկած, օրհասական օրերուն քաջաբար դիմակայած ենք արհաւիրքը: Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, այս պարագային, Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ խորքին մէջ մեր ԱԶԳԻՆ դէմ ծրագրաւորուած ու գործադրութեան դրուած ամենէն սարսափելի ու ահաւորն էր, որուն իբրեւ հետեւանք մենք կորսնցուցինք պատմական Արեւմտահայաստանի մեծ մասը, հետը տանելով հսկայ մշակութային քաղաքակրթութիւն եւ նիւթեղէն անհամեմատելի կորուստ: Սակայն , միաժամանակ ընձիւղեցաւ վեց դարերու խաւարէն ետք ներկայ անկախ Հայաստանը, Հայ տեղահանուածներով ու գաղթականներով: Իրողութիւնը կը մնայ այն , որ Հայ ժողովուրդը բնաջնջելու շարունակական հետեւողական ծրագիրը կը պահէ իր ուժգնութիւնը սարսափելի ու ահաւոր նորաձեւ ձեւաւորումով :
Հայաստանի իրերայաջորդ կառավարութիւնները, սկսած առաջին հանրապետութենէն, հասնելով խորհրդային կարգերը ու մինչեւ վերանկախացած Հայաստանի պետութիւնը, սատարած են ցեղասպանութեան ճանաչման գերխնդրին միջազգային ատեաններու մօտ։ Այսպիսով , արձանագրուած են բազմաթիւ յաջողութիւններ , զուգահեռաբար սփիւռքի Հայ դատի գրասենեակներու հետեւողական աշխատանքներուն , ինչ որ ընդվզեցուցած է թրքական պետական եւ ժողովրդային լայն շրջանակներ ու անհանգստացուցած Թուրքիոյ հովանաւորող ուժերը : Թուրքիա անցնող 106 տարիներու ընթացքին կ’ապրի ճակտին դահիճի ՍԵՒ արատը քսած : Ան պիտի չկարողանայ ձերբազատուիլ ոճրագործ ըլլալու դատաստանէն, այնքան ատեն որ չմաքրէ այդ ու հաշուեյարդարի չնստի մարդկութեան պատմութիւնը աղարտած ըլլալու յանցագործութեան պատճառով եւ ընդունելով ցեղասպանութեան անհերքելի իրուղութիւնը :
Այսօր սակայն Հայաստանի իշխանութիւնը բռնազաւթողները , անցնող երեք տարիներու ապազգային ու թրքամէտ դրսեւորուած քաղաքականութեամբ, Ցեղասպանութեան 106-րդ տարուան նախօրեակին հանդէս կուգան հասարակութիւնը մոլորեցնելու նոր մեթոտաբանութեամբ, թէ թուրքիան հարեւան երկիր է, կարելի չէ տասնամեակներով թշնամանք սերմանել , թողենք պատմական հարցերը պատմաբաններուն եւ այլ սին պատրանքներ:
Այսօր նոյնքան առկայ են երիտթուրքերու եւ քեմալականներու փանթուրքիզմի ծաւալապաշտական եւ թուրանական ախորժակները , վրան բարդելով հայ հասարակութեան մէկ հատուածի ապազգային մօտեցումները որոնք նոր կերպար ստացած՝ կը վտանգեն Հայրենիքի գոյութեան հիմքերը: Համազգային հրամայական է ձերբազատուիլ այս դաւաճան ու ազգադաւ իշխանաւորներէն ու յատկապէս վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձէն:
Վերջապէս այս պատմական իրադարձութիւններուն առաջ եւ Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան առիթով սփիւռքի համայն հայութիւնը կու գայ իր ուխտը վերանորոգելու, թէ ծառայելու է, Հայ ազգի ու հայրենիքի բարգաւաճման ի խնդիր, անոր ամբողջականութիւնը պահպանելով, առանց հրաժարելու մեր ազգային սկզբունքներէն :
Այսօրուան իշխանաւորները թող լաւ իմանան , թէ իրենք մնայուն չեն , մնայուն է Ազգն ու հայրենիքը: Յանուն մեր 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակին , յանուն Արցախեան հին ու նոր նահատակներու սխրագործութեան , պիտի ընդարձակենք պայքարը մինչեւ յաղթանակի այգեբացը :
ԱՐԱՄ ԴՐՕ ԿՈՄԻՏԷ
Գէմպրիճ