Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչում Համիլթընի մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Համիլթընի մէջ 23 Ապրիլ 2017-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ եւ Մքմասթըր համալսարանի Հայ Ուսանողական միութեան։
Ոգեկոչումը սկսաւ Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ մասնաւոր պատարագով եւ մէկուկէս միլիոն սրբացած նահատակներու յատուկ յիշատակումով, որուն աւարտին ժողովուրդը մեկնեցաւ Հայ կեդրոն, ուր պատշաճ հիւրասիրութենէ ետք, ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, ներկայութեամբ քաղաքական եւ պաշտօնական հիւրերու։
Ջահավառութեան եւ քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, հանդիսավարներ Առաքել Մինասեան (անգլերէնով) եւ Կարին Եղիազարեան (հայերէնով) իրենց բացման խօսքերով հակիրճ կերպով փոխանցեցին օրուան պատգամը եւ յաջորդաբար բեմ հրաւիրեցին քաղաքական հիւրերը, որոնք բոլորն ալ շեշտեցին կարեւորութիւնը նման ձեռնարկներով վառ պահելու յիշատակը մեր զոհերուն եւ յիշեցելու ամբողջ աշխարհին գործուած ոճիրը։ Հիւրերու կարգին էին Պապ Պրաթինա (MP), Մարիա Բիրսըն, Թօմ Ճաք սըն (Councillors), Նէյթըն (Conservative party of Canada), որ կը ներկայացնէր կուսակցապետ Ռոնա Ամպրօզը։
Խօսքերէն ետք՝ Վարսենիկ Փափազեան հանդէս եկաւ մեներգելով «Կռունկ»ը, ապա Գարօլին եւ Հիլտա Նալպանտեաններ ջութակով ու քանոնով մեկնաբանեցին «Տլէ եաման» եւ «Պիտի պաշտպանեմ» երգերը։
Օրուան բանախօսն էր ընկերուհի Քաթիա Տէր Յովակիմեան, որ փոխանցեց օրուան հրամայականը՝ շեշտելով ուրացութեան դէմ պայքարին կարեւորութիւնը։
Բանախօսէն ետք, բեմ բարձրացաւ Գոհար Վարդանեան, որ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն «Ղօղանջ նախճիրի» հատուածի անզուգական ասմունքով սահմռկեցուց ներկաները։
Գոհարին յաջորդեց Լորա Պարսումեան, որ արտասանեց «Հայ եմ»ը եւ մեներգեց «Ատանայի ողբը»։
Յանդիսավարներուն փակման խօսքերով ու Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ հովիւի «Պահպանիչ»ով աւարտին հասաւ յուշատօնը։