Հայոց բանակի 25-ամեայ անվկանդ երթը

 

«Որոնք են լինելու վաղուայ Հայաստանի սահմանները:

– Անոնք, որ պիտ գծեն հայ զինուորի արիութիւնն ու հայրենասիրութիւնը»:

Գարեգին Նժդեհ

25 տարի առաջ, Արցախեան ազատամարտի թէժ մարտերու բովէն անցած հայոց զինուորագրեալ նոր սերունդը հիմը դրաւ հայոց բանակին, որ հետագային պիտի դառնար հայ ազգի անվտանգութեան եւ գոյատեւելիութեան հիմնական երաշխաւորը: 25-ամեայ փորձառութեան ճանապարհ ունեցող հայոց նորաստեղծ բանակը, այսօր իր մարտունակութեամբ եւ բարոյահոգեբանական իր կատարեալ պատրաստուածութեամբ՝ կը հանդիսանայ տարածաշրջանի լաւագոյնը:

Անդրկովկասի տարածքային հիմնախնդիրները, ուշ կամ կանուխ, կրկին պիտի դառնան շահագրգիռ կողմերու քաղաքական սեղանին վրայ գլխաւոր օրակարգ։ Ազդեցութեան ոլորտներու վերադասաւորման յառաջիկայ գործընթացին, ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է լուծման որեւէ տարբերակի ձեւաւորման մէջ հիմնական դերակատար ըլլալը։

Այսօր, շնորհիւ հայ զինուորին ու ազատամարտիկին Արցախն ու Շուշին ազատագրուած են, որպէսզի հարթուի ուղին գալիք նուաճումներուն, որոնք հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքներուն եւ արդար դատին վերատիրացման համար քաղաքական յառաջիկայ մեր մարտահրաւէրներն են տարբեր ճակատներու վրայ։

Ա՛յս է հայ զինուորին արձանագրած յաղթանակներուն պատգամը։ Ազատագրուածը պահելու եւ ապագայ յաղթանակներուն սեւեռելու պատգամը: Տասնամեակներէ ի վեր բռնագրաւուած Շուշին իր հարազատ ժողովուրդին վերադարձաւ գիտակցօրէն դէպի մահուան երախը գացող հայ հրասայլորդի ինքնազոհութեամբ, հայրենի լեռներուն միախառնուած արեամբ, յաղթանակ կերտելու անկոտրում կամքով: Տէր կանգնինք այդ յաղթանակին:

Խրամատներուն եւ պահակադիրքերուն մէջ դիրքաւորուած սահմանապահ զինուորները վճռակամ ու զգօն են, պատրաստ՝ թշնամիին սադրանքները դիմակայելու, զանոնք կանխարգիլելու եւ ի հարկին արժանի հակահարուած տալու։

Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին, թշնամիի սանձազերծած խափանարար գործողութիւնները ձախողութեան մատնելով՝ հայ զինուորը փաստեց, որ իր մարտունակութեամբ եւ բարոյահոգեբանական պատրաստուածութեամբ կը մնայ հայրենիքի 42.242 քառակուսի քիլոմեթր տարածքը պաշտպանող արթուն պահակը:

Փա՜ռք հայ ժողովուրդի պաշտպան հայոց հզօր բանակին, փա՜ռք Արցախն ու Շուշին ազատագրած հայ ազատամարտիկին եւ յաւե՛րժ փառք հայրենիքին համար իր անձը զոհաբերած նահատակ զինուորին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.