Հայոց Բանակին Ու Արցախի Հզօրացման Մասնակցութիւնը Իւրաքանչիւր Հայու Սրբազան Պարտաւորութիւնն Է

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հայ ազգին ուղղեց հետեւեալ կոչը.

Վերջին երկու օրերու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ կատարուած զինուորական յարձակումը ողջ հայութիւնը կը հրաւիրէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու հայոց բանակին, Արցախին ու Հայաստանին: Խոր գոհունակութեամբ կ’ուզենք հաստատել, որ հայոց բանակը ամուր վճռակամութեամբ կը շարունակէ հակադարձել Ազրպէյճանի յարձակումներուն:

Այս վճռադրոշմ պահուն, երբ մեր հայրենիքին անբաժան մասը կազմող Արցախը վտանգի ենթարկուած է, մեր ժողովուրդը Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ չի կրնար սոսկ զգացական սահմաններուն մէջ իր զօրակցութիւնը յայտնել: Անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր հայ իր արեան կանչով եւ իր հայրենիքին նկատմամբ ունեցած անխախտ հաւատարմութենէն մղուած, գործնապէս իր օժանդակութիւնը բերէ հայոց բանակի առաւել հզօրացման:

Մենք մնայուն կապի մէջ ենք Հայաստանի ու Արցախի պետական իշխանութեան, ինչպէս նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ: Հայաստանի ու Արցախի մէջ զօրակոչ յայտարարուած է: Մենք եւս Մեր կարգին, հայրական կոչ կ՛ուղղենք իւրաքանչիւր հայու ընդառաջելու համահայկական զօրակոչին` ինքզինք նկատելով Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան զինուոր: Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ մեր բոլոր թեմերուն, կազմակերպութիւններուն, ընտանիքներուն ու զաւակներուն, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ճամբով իրենց օժանդակութիւնը բերելու հայոց բանակի ու Արցախի հզօրացման:

Մեր ջերմ թելադրութիւնն է միանգամայն, որ մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք հայրենիքի պաշտպանութեան ու հայ ժողովուրդի յաւերժութեան համար իրենց արիւնը թափելու պատրաստ մեր զինուորները: Հայցենք Բարձրեալն Աստուծմէ, որ շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ մեր վիրաւոր զինուորներուն ու հայորդիներուն, լուսաւորէ հոգիները նահատակ զինուորներուն եւ Իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ Արցախը, Հայաստանը եւ մեր համայն ազգը:

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական սիրով`

Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

29 սեպտեմբեր 2020
Անթիլիաս, Լիբանան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.