Հայոց Արեւելից կողմանց սահմանները պատնէշելու հրամայականը

«… Եթէ իրաւունքը իր պաշտպանութեան համար կռիւ է պահանջում, հապա կռիւը իր յաղթանակի համար նեցուկ պիտի ունենայ ուժը։ Ուժն է՝ որ կառավարում է աշխարհս, եւ մենք ձեռք կը բերենք մեր ուզածները՝ երբ ո՛ւժ կ’ունենանք»։

Քրիստափոր Միքայէլեան

Սեպտեմբերէն ի վեր Արցախի դէմ շղթայազերծուած ռազմական գործողութիւններով համալրուած պատերազմը արդէն կերպարանափոխուած է համազգային գոյամարտի։ Արցախէն Հայաստան եւ Սփիւռք հայութիւնը պատնէշացած է։

Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք։ Հայ ժողովուրդին հարուածելու, խորտակելու, ի սպառ բնաջնջման ենթարկելու տենդով տարուած Թուրքիան գործի լծած է իր ռազմական ու դիւանագիտական ամբողջական սպառազինութիւնը։

Սուրիայէն մինչեւ Լիպիա, Եգէական Ծով եւ Հայաստան աշխարհ ու Արցախ, Անգարայի փանօսմանեան ու փանթուրանական համաձուլուած ռազմավարական հայեցակարգը կը միտի տարածել իր քաղաքական, մշակութային ու ռազմական քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի, Եգէականի եւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ, իսկ Արցախի պարագային, ընդհուպ մինչեւ ժողովուրդի բնաջնջում ու տեղահանութիւն իրենց բնօրրանէն։ Այսօր, Սումկայիթեան եղեռնագործութիւնը կը շարունակուի Անգարայի գործուն մասնակցութեամբ։

ինչպէս քսաներորդ դարու սկիզբը ոտնահարուեցաւ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, նոյնը կը պատահի այսօր։

ի­րադ­րու­թեան բա­ցա­սա­կան զար­գա­ցում­ները կանխելու համար այսօր համայն հայութեան համար անհրաժեշտ են դիր­քե­րը ամ­րապ­նդ­ելն ու ազգային մեր դիմադրողականութեան երկարաձգումը։ Զիջումը՝ ճակատագրական ու անուղղելի վրէպ է, ազգային մեր ուղեգիծին արտամիտուելու փորձութիւնը անթոյլատրելի է։

Այս պատերազմը նաեւ բազմաբեւեռ է, ուր ռազմական ու դիւանագիտական առճակատման կողքին կը մղուի տեղեկատուական պատերազմ, ընդ որում՝ թուրք-ատրպէյճանական տանդեմը կը ջանայ տեղեկութիւնները այլափոխելով վարկաբեկել եւ վարկազրկել հայկական կողմը յաչս միջազգային ընտանիքին։

Ռազմադաշտի վրայ մարտնչող հայ զինուորը իր գերագոյնը կը նուիրաբերէ վասն հայրենեաց։ Նուիրաբերման զոհասեղանէն անմասն չէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն կամաւորագրուած անդամները, կուսակցական երդումին հաւատարիմ, կեանքի գնով կը պաշտպանեն հայրենիքը։

Դաշնակցութեան Հայ Դատի յանձնախումբերու անձնուրաց գործիչները այսօր ճիգ չեն խնայեր սատարելու հայկական պետականութեան արտաքին քաղաքականութեան ամրապնդման, եւ աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերը իրենց քարոզչական ու քաղաքական կարողոկանութեանց անսպառ ներուժը ի սպաս դրած են Արցախի եւ Հայաստանի:

Արցախի հիմնահարցի ծիրէն ներս, բանիւ եւ գործով պատմակշիռ եւ վճռական իր դերակատարութիւնը ունեցած Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ հայ պետականութեան գոյատեւելիութիւնը ապահովող եւ ռազմավարական պատուար հանդիսացող Արցախի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան երաշխաւորը պէտք է դառնայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Պատերազմը չէ աւարտած, կը շարունակուի, եւ յաղթանակին տիրանալու ու զայն կերտելու գրաւականը կախեալ է իւրաքանչիւր հայ անհատի հայրենասիրութեան ճնշաչափէն։ մեր խորքային վախճանական գերարժէք նպատակը պիտի ըլլայ համախումբ մեր միասնութիւնն ու հայ ազգի դիմադրողականութեան դարբնուած ամրագրումը։

«Հորիզոն»ի խմբագրական

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.