Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը լոյս ընծայեց «Ծոցի Արաբական երկիրներու Հայերը» հատորը

Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը այս օրերուն լոյս ընծայեց Ծոցի Արաբական երկիրներու հայերը հատորը:

Գիրքը կ’ընդգրկէ 26 յօդուած-ուսումնասիրութիւն:

Ստորեւ՝ ցանկը.-

Դոկտ. Ժոզէֆ ԱլԱղա, «Ծոցի արաբական երկիրները. տնտեսական զարգացում, քարիւղ եւ պանդուխտներ (1960-2020)»

Փրոֆ. Ճոն Արմաճանի, «Սէուտական Արաբիոյ սահմանադրութիւնը եւ օտարահպատակները»

Դոկտ. Յասմիկ Քելիկեան-Պարան, «Հայ պադուխտներ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, 1970–90ականներուն»

Զաւէն Խանճեան, «Պանդուխտի տարիներ Սէուտական Արաբիոյ մէջ (1973-79)»

Յարութ Տէր Դաւիթեան, «Հայերը Սէուտական Արաբիոյ մէջ. դրուագ-յիշատակներ, 1977-89»

Յարութ Տէր Դաւիթեան, «Արամքօ-Տահրանի Ա.Բ.Գ. շաբաթօրեայ վարժարանը (1976, 1983-1989)»

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, «Ժողովրդագրական ակնարկ՝ Սէուտական Արաբիոյ արեւելեան շրջանի հայ պաշտօնէութեան (1970ականներու վերջ)»

Փրոֆ. Ճոն Արմաճանի, «Քուէյթի եւ ԱՄԷի սահմանադրութիւնները եւ օտարահպատակները»

Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան, «Քուէյթի հայօճախին կազմաւորումը»

Անի Պարսումեան, «Հայրս՝ երկրաչափ/ճարտարապետ գրողը»

Դոկտ. Անի Ֆիշենքճեան, «Սուրիահայութեան օժանդակութիւնը քուէյթահայութեան՝ Իրաքի Քուէյթ ներխուժումէն ետք»

Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան, «Քուէյթի հայ ազգային վարժարանը»

Սիւզի Թաւլեան, «Ապու Տապիի հայօճախը եւ մասնագիտական փորձառութիւնս այնտեղ (Դեկտ. 1975-Նոյ. 1990)»

Շաքէ Մանկասարեան-Կրոկըն, «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ռատիօ Այգ առցանց-կայանը»

Դոկտ. Արա Սայէղ եւ Շաքէ Մ.-Կրոկըն, «ԱՄԷի հայօճախին ներկայութիւնը տեղական hամացանցին մէջ (համառօտ ակնարկ)»

Քրիստինա Եփրէմեան-Թոսունեան, «Շարժունակութիւն, խրթնութիւն եւ լեզուանցում. հայերը ԱՄԷի մէջ»

Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, «Հայ Եկեղեցին Ծոցի արաբական երկիրներուն մէջ»

Բժ. Ցոլակ Պասմաճեան, «ԱՄԷի հայօճախը (ակնարկ)»

Անի Ճուքուլեան, «Ծոցի արաբական երկիրներու հայերու օգտագործած լեզուն. ընկերալեզուաբանական ուսումնասիրութիւն»

Դոկտ. Լուսինէ Տանաջեան, «Քաթարի հայերը. համայնքային կեանք եւ համարկում»

Դոկտ. Սօնա Ներսիսեան, «Քաթարի հայօճախի ձեւաւորումը եւ ինքնակազմակերպման փորձառութիւնը»

Դոկտ. Հրածին Վարդանեան, «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն եւ Ծոցի արաբական երկրների հայօճախները (Քուէյթ, ԱՄԷ), (1964-2020)»

Դոկտք. Սօնա Տոնիկեան եւ Էլիզ Գէորգեան, «Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ծոցի արաբական երկրներ. միջպետական յարաբերութիւններ»
Դոկտ. Արաքս Փաշայեան, «Հայկական թեմաները Ծոցի լրատուամիջոցներում. հիմնական միտումներ (2016-2022)»

Դոկտ. Էլիզ Գէորգեան, «Հայաստանցիները Ծոցի արաբական երկրներում (ԱՄԷ, Քուէյթ, Քաթար, Պահրէյն, Սէուտական Արաբիա)»

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, «Հայե՞ր եւ հայերէ՞ն` ԺԴ. դարու Եմէնի մէջ. վեզլեցուեան րասուլիտ բառարանը»:

Հատորին յաւելուածի բաժինով տրուած են անձնական յուշ-վկայութիւնները Բժ. Պօղոս Արթինեանի, Յակոբ Գազանճեանի, Կիրակոս Գույումճեանի, Տիգրան Ճինպաշեանի, Անի Պարսումեանի, Գէորգ Քէօշկէրեանի՝ ԱՄԷի, Քուէյթի, Ս. Արաբիոյ մէջ իրենց կենսագործունէութեան մասին, եւ հարցազրոյցներ՝ Պերճուհի Աբրահամեանի, Վասիլ Աքըլեանի, Հրայր Սարգիսեանի, նախկին նախարար ու երեսփոխան Աբրահամ Տէտէեանի՝ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Քուէյթի մէջ իրենց գործունէութեան մասին:

Հատորը կ’ընդգրկէ նաեւ Գրիգոր վրդ. Փիտեճեանի 1961ի տեղեկագիրը՝ Քուէյթի հայ գաղութին մասին, Քուէյթի մասին քաղուածքներ 1950-65 շրջանի հայկական մամուլէն, նաեւ՝ կանոնագրութիւնը Ապու Տապիի հայ համայնքին, մատենագիտական ցանկ մը, հատորին աշխատակիցներուն համառօտ կենսագրականը, համառօտ ուրուագիծեր՝ Ծոցի արաբական երկիրներու հայօճախներուն, եւ այդ երկիրներուն պատմութեան մասին, գիտաժողովին փակման հաղորդագրութիւնը, արաբերէն եւ անգլերէն համառօտ ցանկը հատորին բովանդակութեան եւ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան գրացանկը:

Հատորը 7րդն է Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Յորդանանի, Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիոյ, Արաբական Ծոցի երկիրներու եւ Կիպրոս-Յունաստանի հայօճախներուն նուիրուած գիտաժողովներու հատորաշարքին: Վերջին՝ ութերորդ հատորը լոյս կը տեսնէ 2025ին:

Հատորը կարելի է ներբեռնել հետեւեալ կայքէջէն.- https://arar.sci.am/dlibra/publication/408837/edition/377986?

https://haygirk.nla.am/cgi-bin/koha/opac-detail.pl?biblionumber=164236

Comments are closed.