Հայկազեան Համալսարանը համագործակցութեան նոր դաշտեր բացաւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ
Ապրիլ 22էն 30 աշխատանքային այցելութեամբ Արժանթին կը գտնուէր Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի տնօրէն Վերապատուելի Փօլ Հայտոսեան: Տարի մը առաջ Հայկազեան Համալսարանի և Ռոսարիոյի Պետական Ազգային (Պետական) Համալսարանի միջև ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագրի ծիրին մէջ, Հայկազեանի Տնօրէնը հրաւիրուած էր Ռոսարիոյի Համալսարանին մէջ գործող Հայկական Ամպիոնի «Հայկական Հարցը Միջազգային Յարաբերութիւններուն մէջ» տարեկան սեմինարին բացումը կատարելու յատուկ դասախօսութեամբ մը:
Այցելութեան օրակարգին վրայ էին նաև Ռոսարիոյի ու Պուէնոս Այրէսի մէջ համայնքային և ակադեմական հանդիպումներ, հրապարակային դասախօսութիւններ և Ցեղասպանութեան 104րդ Տարելիցի յիշատակման արարողութիւններու մասնակցութիւն: Այսպէս, իր ժամանումին գիշերն իսկ, Ապրիլ 22ին, Տոքթ. Հայտոսեան անգլերէնով դասախօսեց Միջազգային Յարաբերութիւններու Արժանթինեան Խորհուրդին մէջ՝ «Ի՞նչ դեր վերապահուած է Միջին Արևելքի Քրիստոնէութեան տարածաշրջանի զարգացման գործընթացին մէջ» նիւթին մասին:
Նշեալ հիմնարկը նախքին դիւանագէտներն ու միջազգային քաղաքականութեան մասնագէտներ համախմբող ամենահանրածանօթ Թինք-թանքն է: Ելոյթէն յետոյ Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպեց հիւրին իրենց ակումբին մէջ: Յաջորդ օր Տոքթ. Հայտոսեան մասնակցեցաւ Արժանթինի Հանրապետութեան Հայկական Հաստատութիւններու (ծանօթ՝ լատինական իր սկզբնատառերով որպէս ԻԱՐԱ) շաբաթօրեայ ժողովի մէկ բաժնին, որուն ընթացքին ան համայնքի ղեկավարներուն ամփոփ կերպով ներկայացուց Հայկազեան Համալսարանը և կարծիքներ փոխանակեց միջ-համայնքային համագործակցութեան հեռանկաներուն մասին: Նոյն գիշերը ան ընթրեց համայնքէն խումբ մը ակադեմականներու հետ՝ փոխ-ծանօթացման ու համագործակցութեան կարելիութիւններու քննարկման մասին զրուցելու նպատակով: Ռոսարիոյի մէջ Ապրիլ 24-26 իր եռօրեայ այցելութեան օրակարգը բազմակողմանի էր:
Սկսաւ Ապրիլեան յիշատակումի համայնքային հրապարակային ձեռնարկով, որուն աւարտին քաղաքի Յիշողութեան Թանգարանին մէջ, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան յատկացուած բաժին մը կայ, Տոքթ. Հայտոսեան ուղերձի խօսքով հանդէս եկաւ տեղւոյն հայ և լիբանանցի համայնքներու ներկայացուցիչներուն առջև: Նոյն գիշերը հայ համայնքը ի պատիւ իրեն կազմակերպեց ընդունելութիւն: Ապրիլ 25ին Տոքթ. Հայտոսեան բացումը կատարեց Հայկական Ամպիոնի տարեկան սեմինարին, ապա, յետմիջօրէին, ելոյթ ունեցաւ լիբանանեան համայնքի հովանաւորութեամբ գործող Լատին Ամերիկեան Մանկավարժական Կեդրոն Համալսարանին մէջ: Ռոսարիոյի լիբանանեան համայնքը այդ գիշեր Տոքթ. Հայտոսեանին պատուեց յատուկ ճաշկերոյթով: Այցելութեան վերջին օրը Հայկազեանի Տնօրէնը պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Ռոսարիոյի համալսարանի իր գործընկերոջ՝ Հեքթոր Ֆլորիանիի հետ և Հայկական Ամպիոնի պատասխանատուներու և այլ ակադեմականներու ներկայութեան փոխանակուեցան համագործակցութեան համաձայնագրի փաստաթուղթերը:
Վերադառնալով Պուէնոս Այրէս, Ապրիլ 26ի գիշերը ան հիւրը եղաւ ՀԲԸՄի յատուկ ընթրիքին ի պատիւ Արցախի Հանրապետութեան ԱրտԳործ Նախարար Մասիս Մայիլեանի և իր գլխաւորած պատուիրակութեան: Շաբաթ գիշեր ան այցելեց Պուէնոս Այրէսի Սիրիօ-Լիպանէս ակումբը ուր հիւրընկալուեցաւ Տիարիօ Սիրիօ-Լիպանէս առցանց հրատարակութեան տնօրէն և ակումբի ղեկավարներէն Ժաուտաթ Պրահիմի կողմէ: Նշենք որ յիշուած շաբաթաթերթը երկար հարցազրոյց մը ունեցաւ հետը: Կիրակի 28 Ապրիլին Տոքթ. Հայտոսեան մասնակցեցաւ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պաշտամունքին և եղաւ օրուայ քարոզիչը՝ Ապրիլեան խորհուրդին թեմայով:
Ապա ան ներկայ գտնուեցաւ ՀՄԸՄի կազմակերպած Ապրիլեան աւանդական մատաղին: Իր այցելութեան նախավերջին օրը Տոքթ. Հայտոսեանին ընդունեց Արժանթինի մօտ ՀՀ Լիազօր Դեսպան Եսթեր Մկրտումեան, իսկ վերջին գիշերը նախքան օդակայան մեկնիլը ան մասնակցեցաւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ տարածաշրջան այցելող Արցախի պատուիրակութեան ի պատիւ տրուած ընթրիքին: ԱՐՄԵՆԻԱ մօտերս պիտի հրատարակէ լայն հարցազրույց մը Տոքթ. Հայտոսեանի հետ Արժանթին կատարած իր այս առաջին այցելութեան արդիւնքներուն և սպասումներուն մասին: