ՀՅԴ-ի եւ «Հայաքուէ»-ի միջեւ քննարկում տեղի ունեցած է համատեղ ջանքերու համակարգման շուրջ
- (0)

Դեկտեմբեր 25-ին «Հայաքուէ» ազգային քաղաքացիական միաւորման կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը կազմակերպութեան վարչութեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներուն միջեւ։
«Երկրին մէջ սաստկացող բռնաճնշումներուն եւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ իշխող վարչախումբին աննախադէպ արշաւի ֆոնին՝ քննարկուեցաւ երկու կառոյցներու ջանքերու համակարգումը՝ Հայաստանի մէջ սահմանադրական կարգի պաշտպանութեան եւ քաղաքացիներու օրինական իրաւունքներու ապահովման նպատակով։
Մասնաւորապէս արձանագրուեցաւ, որ եւրոպական զանազան կառոյցներ վերջին շրջանին աւելի յաճախ կը կիրարկեն երկակի չափանիշներ եւ փաստացի կը անտեսեն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու աղաղակող խախտումները, ինչ որ յաւելեալ վստահութիւն կը ներշնչէ գործող վարչախումբին՝ անարգել խախտելու ազգային արժէքները պաշտպանող քաղաքացիներու եւ կազմակերպութիւններու իրաւունքները»,– կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։
Որոշուեցաւ, որ քննարկումները պիտի շարունակուին՝ ընդգրկելով ազգային դաշտին մէջ գործող այլ առողջ հասարակական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ՝ նպատակ ունենալով «չթոյլատրել Հայաստանի մէջ բռնատիրութեան հաստատումը եւ որեւէ հակասահմանադրական ճանապարհով անոր վերարտադրութիւնը»։
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայանան 2026-ի Յունիսին։