Հայաստան պատրաստ է առնուազն կրկնապատկելու Իրանէն կազի ներածումը

ԹԵՀՐԱՆ.- Հայաստան համաձայն է ընդլայնելու Իրանի հետ «կազ՝ ելեկտրականութեան դիմաց» ծրագիրը եւ առնուազն կրկնապատկելու իրանական կազի ներածման ծաւալները։ Այս մասին յայտնեց Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան՝ Իրան կատարած եռօրեայ այցելութենէն ետք։

Խուդաթեանի համաձայն՝ Հայաստան աւելի մեծ քանակութեամբ կազ ստանալու կարիք ունի, մինչդեռ Իրան հետաքրքրուած է Հայաստանէն ելեկտրականութեան յաւելեալ մատակարարումներով։ Կողմերը բանաւոր համաձայնութիւն ձեռք բերած են գործարքի ընդլայնման շուրջ, իսկ մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին յառաջիկային ստեղծուելիք աշխատանքային խումբերու կողմէ։

Նախարարը նշեց, որ գործող կազատարի տարողութիւնը կը թոյլատրէ ներկայ ծաւալները աւելի քան կրկնապատկել։ Ծրագիրի ամբողջական իրականացումը նաեւ կախեալ է Իրան–Հայաստան 400 քիլովոլթ հզօրութեամբ ելեկտրահաղորդման գիծի կառուցման աւարտէն, որ նախատեսուած է մինչեւ տարեվերջ։

Խուդաթեան ընդգծեց, որ նախաձեռնութիւնը տնտեսական եւ փոխշահաւէտ բնոյթ ունի եւ կապ չունի Ռուսիայէն Հայաստան մատակարարուող կազի գինին կամ հնարաւոր սահմանափակումներուն հետ։

Հայ եւ իրանցի պաշտօնատարները քննարկած են նաեւ Արաքս գետի վրայ երկրորդ կամուրջի կառուցումը։ Շինարարութիւնը նախատեսուած է սկսիլ 2027-ին եւ աւարտել շուրջ երեք տարուան ընթացքին՝ Հայաստան–Իրան ապրանքաշրջանառութիւնը մեծցնելու նպատակով։