«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելեցին Տաւուշի մարզի մարտական հենակէտեր
- (0)

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Գառնիկ Դանիէլեան, Արմենուհի Կիւրեղեան եւ Արմինէ Խերանեան այցելեցին Տաւուշի մարզի մարտական հենակէտեր։ Այս մասին ընկերային ցանցերու վրայ հաղորդած է ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, ՀՅԴ անդամ Գառնիկ Դանիէլեանը։
«Մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինուորներուն հետ անմիջական զրոյցի մէջ մտնելով՝ առիթ ունեցանք տեղւոյն վրայ ծանօթանալու ծառայութեան կազմակերպման ընթացքին, զինուորներու բարոյահոգեբանական վիճակին, առօրեային եւ կենցաղային պայմաններուն։
Մեծ պատիւ է Նոր տարուան նախաշեմին առաջնագիծին վրայ հայրենիքի պաշտպանութիւնը իրականացնող զինուորին անձամբ շնորհաւորելն ու անոր զօրակցութիւն յայտնելը։
Հայ զինուորը, ինչպէս միշտ, անսասան կը կանգնի սահմանին։ Մեր կողմէ ալ պարտաւոր ենք ապահովել ամուր թիկունք։
Եւս մէկ անգամ կը շնորհաւորենք հայրենիքի պաշտպանները գալիք տօներուն առիթով՝ մաղթելով բարի եւ խաղաղ ծառայութիւն»,– գրած է ան։