Հայաստան Եւ Միացեալ Էմիրութիւնները  Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ Համագործակցելու Պայմանագիր Մը Ստորագրեցին

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ Միացեալ Էմիրութիւններու փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Համտան պըն Մուհամետ պըն Ռաշիտ Ալ Մաքթում պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան վերաբերող համաձայնագիր մը ստորագրեցին:

Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ այդ համաձայնագիրը կը ճշդէ գործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները:

Անոնք քննարկեցին նաեւ պաշտպանական համագործակցութեան կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովութեան վերաբերող հարցեր։