Հայաստան ԵՄ-էն Եւ ԱՄՆ-էն Ստացած Է Ֆինանսաւորում Եւ Քարոզչութիւն, Սակայն Ո՛չ Մէկ Փամփուշտ

Յարութ Սասունեան 
Անցեալ Ուրբաթ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ եւրոպացի, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շատ սպասուած հանդիպումը։ Հայերը չափազանց ոգեւորուած էին այդ հանդիպման առիթով, անոր կայացումէն շատ առաջ։

Որոշ հայեր ի զուր կ՛ ենթադրէին, որ Հայաստան շուտով կ՛անդամակցի Եւրոմիութեան, իսկ ուրիշներ աւելի հեռուն երթալով՝ կը կանխատեսէին, որ Հայաստան կը դառնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ:

Թէեւ հայերը հիանալի ժողովուրդ են, սակայն իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին ունեցած են մեծ թերութիւն մը, որ դիւանագիտութեան մէջ հմտութիւններու պակասն է։

Թէեւ հայերը վնասուած են ներխուժումներէ, բռնագրաւումներէ, կոտորածներէ եւ նոյնիսկ ցեղասպանութենէ, անոնք սակայն երբեք չեն հասկցած, որ ոչ մէկ օտար ուժ կրնայ փրկել զիրենք: Անոնք միշտ յոյս ունեցած էին, որ երկիր մը կը փրկէ զիրենք, կարծես թէ ոեւէ մէկը պարտաւոր էր այդ ընել։ Եթէ հայերը երբեք չեն պաշտպանած իրենց երկիրը, ապա ինչո՞ւ պէտք է օտարը  նման բան ընէ։ Ինչպէ՞ս կրնան օտարները շատ աւելի մտահոգուած ըլլալ Հայաստանի անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան հարցերով, քան հայերը:

Հակառակը ապացուցող բոլոր փաստերուն փոխարէն՝ հայեր հազարաւոր տարիներու ընթացքին հաւատացած են այն հեքիաթին, որ մէկը կու գայ փրկելու զիրենք: Մինչեւ վերջերս, հայերուն մեծ մասը կը հաւատար, որ եթէ իրական վտանգի մէջ ըլլան, Ռուսիա կը փրկէ զիրենք: Բնականաբար, հին ցանկալին փոխան իրականի ընդունելու շարունակութիւնն է այս։
 
 Հակառակ հայերու ակնկալիքներուն, երբ Ռուսիա 2020ին Արցախը չպաշտպանեց Ատրպէյճանի ներխուժումէն, ակնյայտ էր, որ Ռուսիա պարտաւորութիւն չունէր պաշտպանելու Արցախը, քանի որ անիկա Հայաստանի Հանրապետութեան մաս չէր կազմեր։ Ի վերջոյ, ռազմական դաշինքը, որ կը կոչուէր Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն (ՀԱՊԿ), եղած է Ռուսիոյ, նախկին խորհրդային չորս այլ հանրապետութիւններու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ, այլ ոչ թէ Արցախի։ Բայց երբ Ատրպէյճան 2021 եւ 2022 թուականներուն գրաւեց Հայաստանի որոշ տարածքներ, աւելի շատ հայեր սկսան սթափիլ այն փաստէն, որ ՀԱՊԿ ոչինչ պիտի ընէ Հայաստանի տարածքը պաշտպանելու համար:

Կարելի էր կարծել, որ երբ օր մը հայերը վերջապէս հասկնան այս փաստը, անոնք կը համոզուին, որ ոչ ոք պիտի պաշտպանէ Հայաստանը: Ցաւօք, այդ տեղի չունեցաւ: Անոնք շարունակեցին փրկիչներու իրենց յաւերժական փնտռտուքը: Պայմանաւորուած Ռուսիոյ նկատմամբ աճող հակակրանքով՝ բազմաթիւ հայեր սկսան հաւատալ, որ այժմ իրենց օգնութեան կու գայ Արեւմուտքը (Եւրոպան, ԱՄՆ-ը) կամ Իրանը: Որոշ ժամանակ անց, երբ տեսնեն, որ ոչ Եւրոպան, ոչ ԱՄՆ-ը, ոչ ալ Իրանը  կը պատրաստուի փրկել զիրենք, անոնք պիտի երեւակայեն, որ Հնդկաստանն ու Չինաստանը կը պաշտպանեն զիրենք։ Այսպիսով, անոնք կ՛երթան երկրէ-երկիր՝ նոր պաշտպան  փնտռելու։ Բայց հայերը կը շարունակեն հաւատալ, որ ուրիշներ պարտաւոր են պաշտպանելու զիրենք: Աշխարհի իւրաքանչիւր երկիր կը պաշտպանէ իր ազգային շահերը, բացառութեամբ, կարծես թէ, Հայաստանի։ Եթէ Հայաստան ձեռնհաս ղեկավար ունենար, ան արագ քայլերու կը ձեռնարկէր՝ մինչեւ ակռաները զինելու համար երկիրը՝ որպէսզի պաշտպանէ ինքզինք: Կան մարդիկ, որոնք կ՛ըսեն՝  Հայաստան երբեք չի կրնար պաշտպանուիլ իրմէ աւելի հզօր թշնամիներէն, որքան որ ալ ինք լաւ զինուի։ Թէեւ այս ճիշդ է, սակայն լուծումը Հայաստանի սահմանները անպաշտպան թողնելը չէ, որ ամէն մէկը կարենայ ներխուժել: Հայաստանի թշնամիները պէտք է գիտակցին, որ եթէ համարձակին հատել անոր սահմանները, ապա եւ սուղ գին կը վճարեն: Անոնք պէտք է գիտնան, որ Հայաստան հանրային պարտէզ չէ, ուր կրնան ազատօրէն մտնել, երբ որ ուզեն։

Անդրադառնալով անցած Ուրբաթ Պրիւքսելի մէջ կայացած հանդիպման, բնականաբար, երբեք չքննարկուեցաւ Եւրոմիութեան կամ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հարցը։ Հայաստան իսկապէս ստացաւ քանի մը հարիւր միլիոն տոլարի խոստումներ յաջորդ չորս տարուան ընթացքին եւ աւելի փոքր գումար՝ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական օգնութենէն։ Բնականաբար, ասիկա լաւ է։ Ո՞վ կրնայ վիճարկել դրամաշնորհի ստացումը՝ ենթադրելով, որ այդ գումարը կը ծախսուի խելամտօրէն եւ չ՛երթար իշխանամէտ կապալառուներու գրպանները։

Հայաստանին գումար յատկացուեցաւ տնտեսական զարգացման եւ այլ ենթակառուցուածքներու համար, օրինակ՝ ուժանիւթի։ Այս նոյնպէս լաւ է։ Այնուհետեւ մենք շատ քարոզչութիւն լսեցինք Հայաստանի ժողովրդավարական պետութիւն ըլլալու մասին: Ասիկա պարզապէս շողոքորթութիւն էր՝ Փաշինեանը  զուարճացնելու  համար։ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքէն շարունակեց խրախուսել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան խթանումը, թէեւ ԱՄՆ կառավարութիւնը ուշադրութիւն չի դարձներ նման անիմաստ սկզբունքներու վրայ, բացառութեամբ այն դէպքերուն, երբ այդ կը համապատասխանէ իր քաղաքական ու ռազմական շահերուն: Հակառակ պարագային, Միացեալ Նահանգներ շատոնց պատժամիջոցներ կը սահմանէր Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ՝ իրենց սեփական բնակչութեան, ինչպէս նաեւ արցախահայերու ժողովրդավարական իրաւունքներու գծով իրենց արձանագրած բազմաթիւ խախտումներուն պատճառով։

Հայաստան քաղաքական քարոզչութեան կարիք չունի Արեւմուտքէն։ Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի շարունակական յարձակումները Հայաստանի վրայ, նոյնիսկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպման կայացման ժամանակ, այլ այս պահուն Հայաստանին ամէնէն աւելի անհրաժեշտ է զէնք՝ պաշտպանուելու համար իր մահացու թշնամիներէն՝ Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն: Եթէ յանկարծ կորսնցնենք մեր հայրենիքը, անիմաստ կը դառնայ բարելաւուած կառոյցներ կամ ժողովրդավարական կառավարում ունենալը։ Քանի որ ո՛չ Արեւելքը, ո՛չ Արեւմուտքը կ՛ապահովեն Հայաստանի անվտանգութիւնը, իսկ նախագահ Ալիեւ համոզուած է, որ Հայաստանի հետ կրնայ վարուիլ ինչպէս որ կ՛ուզէ, եւ ոչ ոք բան մը կ՛ընէ զայն պաշտպանելու համար՝ բացի «բուռ» մը տոլարէն ու բազում անօգուտ գովասանքներէ։


Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Comments are closed.