«Հայաստան Արցախ Ֆոնտ»ը Ապրիլէն Յունիս $6.8 միլիոնի նպաստ հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

2017-ի երկրորդ եռամսեակի ընթացքին, «Հայաստան Արցախ Ֆոնտ»ը $6.8 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան։

Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, «Հայաստան Արցախ Ֆոնտ»ը $6.4 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահոված է հետեւեալ բարեգործական կազմակերպութիւններէն – AmeriCares ($3.8 միլիոն), Direct Relief International ($2.4 միլիոն), եւ MAP International ($81,000)։

Հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւս մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են այս ժամանակաշրջանին – Հայ Որբերու Օգնութեան Միութիւնը ($316,000), Հայաստանի Երիկամային Ընկերակցութիւնը՝ Պելճիքայէն ($68,000), եւ Բժ. Ալպերթ Ֆիլիփս՝ Քալիֆորնիայէն ($2,600)։

Անցեալ 28 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը՝ Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են $755 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն, 158 թռիչքներով եւ 2,356 ծովային արկղերով։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար եւ ձրիաբար կ՚առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ. մեզի կը մնայ միայն վճարել առաքման ծախսերը», յայտնեց «Հայաստան Արցախ Ֆոնտ»ի Նախագահ Յարութ Սասունեանը եւ շարունակեց՝ «Մեծապէս կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար կենսական նպաստ տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտին. հեռաձայն՝ (818) 241-8900, իմէյլ՝ sassoun@pacbell.net։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.