Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան պիտի այցելէ Գանատա

Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Գանատա պիտի ժամանէ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, որ քաղաքական իր հանդիպումներու շարքին՝ պիտի հանդիպի նաեւ հայ համայնքին հետ։ Նախարար Սարգսեան Մոնթրէալի մէջ յատուկ ժողովրդային հանդիպումի մը ընթացքին պիտի փոխանցէ իր զեկոյցը գանատահայութեան։

ՀՀ դեսպանատան կողմէ հովանաւորուած եւ Քեպէքի հայ համայքի միացեալ մարմնի կողմէ կազմակերպուած այս հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 16-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8։00-ին։

Նշենք, որ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարմը կ՚այցելէ Գանատա։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.