Հայաստանի մէջ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրողներու թիւը՝ 2 միլիոն 489 հազար 31
- (0)

Հայաստանի մէջ յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրողներու թիւը կը կազմէ 2 միլիոն 489 հազար 31։ Այս մասին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեանին գրաւոր կերպով տեղեկացուցած է Ներքին գործոց նախարարութիւնը։
Ընտրական օրէնսգիրքին պահանջին համապատասխան տրամադրուած տեղեկագրին մէջ ներկայացուած է ընտրողներու թիւը՝ ըստ մարզերու եւ Երեւանի վարչական շրջաններու։
Ըստ այդմ՝ մայրաքաղաքին մէջ ընտրողներու ընդհանուր թիւը 843 հազար 278 է։ Մարզերէն ընտրողներու ամէնէն մեծ թիւը գրանցուած է Կոտայքի մարզին մէջ՝ 238 հազար 979, իսկ ամէնէն փոքր թիւը Վայոց Ձորի մէջ է՝ 43 հազար 751։