Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի Տնօրէնի Պաշտօնին Վերընտրուեցաւ Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան

18 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան Պատմութեան հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնին միաձայն վերընտրուեցաւ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան:

Աշոտ Մելքոնեանը ծնած է 1961 թուականին` Ախալքալաք քաղաքին մէջ: 1977-1982 թուականներուն ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ: 1982-1985 թուականներուն եղած է Երեւանի պետական համալսարանի Հայոց պատմութԵան ամպիոնի ասպիրանտ: 1989 թուականին պաշտպանած է թեկնածուական, 2002 թուականին` դոկտորական ատենախօսութիւններ:

Աշոտ Մելքոնեանը 1986 թուականին աշխատանքի անցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին մէջ: Եղած է գիտաշխատող, գիտական քարտուղար, փոխտնօրէն, իսկ 2002 թուականէն` հիմնարկի տնօրէն: 2004 թուականին ան ստացած է  փրոֆեսէօրի կոչում, 2006 թուականին ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, իսկ 2014 թուականին` Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս: Ան հեղինակ է 474 գիտական աշխատութեան, որոնց շարքին` 19 գիրքերու, որոնք լոյս տեսած են 10 լեզուներով աշխարհի 15 երկիրներու մէջ: Ակադեմիկոս Մելքոնեան արժանացած է «Մովսէս Խորենացի», «Վաչագան Բարեպաշտ», Երեւանի պետական համալսարանի ոսկիէ մետալներուն եւ տասնեակ մը այլ պարգեւներու:

Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ հայոց պատմութեան նոր ակադեմական հրատարակութեան 8 գիրքերէն 6-ն անվճար տրամադրուած են գրադարաններուն, զօրամասերուն եւ դպրոցներուն: «Ինչպէս բազմահատորեակի, այնպէս ալ մնացած աշխատութիւններու ստեղծման հարցին մէջ առաջնորդուած ենք բացառապէս անաչառ պատմութիւն գրելու հրամայականով` քաղաքական իրադրութենէն զերծ», ըսաւ Աշոտ Մելքոնեան:

Իբրեւ կարեւոր ձեռքբերում` ան շեշտեց Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի դերակատարութիւնը:  «Ի պատասխան մեր նամակի` Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը յայտնած էր, որ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ հիմնարկին դիմումը որոշակի նշանակութիւն  ունեցած է քոնկրեսականներու ճիշդ կողմնորոշուելու խնդիրին մէջ», ըսաւ Աշոտ Մելքոնեան:

Comments are closed.