Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անկախութեան տօները նշուեցան Թորոնթոյի մէջ
Նախաձեռնութեամբ 28-ամեակի Տօնակատարութեան Թորոնթոյի Միացեալ Մարմնի յանձնախումբին, Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2019-ին, թորոնթոհայութիւնը համախմբուեցաւ իր կուսակցական, եկեղեցական եւ միութենական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներով, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահէն ներս, նշելու Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց Անկախութեան 28-րդ տարեդարձը: Օրուան բանախօսն էր Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան:
Գեղարուեստական յայտագրին բացումը կատարեց Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հռիփսիմէ Թովմասեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վանիկ Յովհաննիսեանի, «O Canada», «Մեր հայրենիք» եւ «Ազատ ու անկախ Արցախ» օրհներգներով: Օրուան հանդիսավար Սարին Փօլատեան Աբիկեան պատշաճ կերպով ներկայացուց հանդիսավարի իր խօսքը՝ անդրադառնալով անկախութեան հռչակման պատմականին՝ 1991-Սեպտեմբեր 21-ի հանրաքուէի գործընթացին, որուն արդիւնքն էր Հայաստանի լուսաշող անկախութիւնը: Ան շեշտեց, թէ այսօր ունինք անկախ հայրենիք եւ սփիւռք, հայ ժողովուրդը իր զոյգ եւ անբաժանելի հայրենական ու սփիւռքեան թեւերով միասնաբար կը դիմագրաւեն մարտահրաւէրներ՝ հայու աննկուն կամքով ու անխորտակելի հաւատքով: Ապա աւելցուց, որ թէպէտ 28 տարի է, որ Հայաստանը անկախ է, սակայն հայութեան համար 28 տարիները բաւարար չեն որպէս ապագայի գոյութեան երաշխիք, այլ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ պէտք է պայքարի՝ պահելու այս անկախութիւնը եւ նուաճելու ամբողջական հայրենիքը:
Հանդիսավարի խօսքին յաջորդեց «Իմ անուշ հայրենիք» մեներգը, կատարողութեամբ Մինէ Ծատուրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վանիկ Յովհաննիսեանի: «Գուսան» երգչախումբի իւրայատուկ կատարողութեամբ եւ Սեւակ Յարութիւնեանի մեներգողութեամբ՝ ներկաները ունկնդրեցին «Հայաստան ասելիս» եւ «Երեւան-Էրեբունի» ազգագրական խմբերգները:
«ARMENIA» խորագրով տեսերիզին ընդմէջէն ցուցադրուեցաւ 21 Սեպտեմբեր 1991-ի անկախութեան հռչակագրի ընթերցումէն պատկերներ, Հայաստանի արդիւնաբերական աշխատանքներէն, ռազմավարական եւ քաղաքական գործունէութիւններէն պատկերներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բնական աշխարհը, բուսական հարստութիւնները եւ բուսական դեղորայքի արտադրութիւններու յառաջացումը: Տեսերիզը ընդգրկած էր նաեւ Հայաստանի մէջ աշխարհի ամենահին քաղաքի գոյութիւնը, ճատրակի յառաջդիմութիւնը, համակարգչային եւ գիտարուեստական ասպարէզներու մէջ տեղի ունեցող զանազան զարգացումները:
Օրուան բանախօս Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան ողջունեց ներկաները անկախութեան տօնին առթիւ, յայտնելով իր մեծ գոհունակութիւնը գանատահայ համայնքի հանդէպ, յիշելով որ գանատահայ համայնքը ունի իր ուրոյն տեղը սփիւռքի տարածքին, եւ գանատահայուն անունը խորհրդանիշ է բարեկրթութեան, աշխատասիրութեան եւ նուիրուածութեան: Ան նաեւ շեշտեց հայ-գանատական բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Այս առթիւ յարգարժան դեսպանը վերյիշեց, թէ անկախութեան տարիները լի են բազում պատմական էջերով, որոնք իրենց մէջ կ’ամփոփեն պատմական փորձութիւններու յաղթահարումներ, ուստի մեզմէ իւրաքանչիւրին պատասխանատուութիւնն է կառուցել Հայաստանի բարգաւաճ ապագան, շարունակել մայր հայրենիքի հզօրացման ազգանուէր գործը, ինչպէս նաեւ Արցախը կայուն եւ անվտանգ պահելու ջանքերը: Ան առիթը յարմար նկատեց մէջբերելու Նովա Սքոչիայի Եարմութ քաղաքին մէջ Սառա Քորնինկի յուշարձանին զետեղման յատկանշելի արարողութեան մասին, բարձր գնահատելով սոյն ծրագրի իրականացումը: Խօսքը աւարտեց շնորհաւորելով ներկաները 28-ամեայ անկախութեան առթիւ, մաղթելով անվտանգ, կայուն եւ խաղաղ Հայաստան ամբողջ հայութեան:
Բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Էրէբունի» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյց եւ բեմադրիչ Նելլի Կարապետեանի, ներկայացնելու հայկական պարի հարուստ աշխարհէն հմայիչ պատկերներ՝ «Ղարաբաղ», «Մոկաց հարսեր» եւ « Արտաշատ» ազգագրական պարերով, մենակատարութեամբ Ծիլա Գուրճաքեանի եւ Ռուպինա Սարգիսեան Դանիէլեանի:
Գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմեց նաեւ «Իմ սէր Արցախ» խորագրով երգը, կատարողութեամբ Դալար Սիմոնեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վրէժ Ղազարեանի: Ինչպէս նաեւ նուագներով իր մասնկացութիւնը բերաւ Գէորգ Մանուկեան, կրկին դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վրէժ Ղազարեանի, ներկայացնելով «Իմ Երեւան» եւ «Երազ իմ երկիր հայրենի» հայրենաշունչ երաժշտական կտորները:
Հանդիսութեան փակումը կատարեց Սարին Փօլատեան Աբիկեան՝ Պարոյր Սեւակի եւ Գէորգ Էմինի հայրենասիրական երկերէն բծախնդրօրէն ընտրուած համադրումներու ասմունքով:
Շողեր Ճելլատեան Տանատեան