Հայաստանը Օտար Լուծի Տակ

Երբ Հայաստանի այս վարչակազմը եկաւ իշխանութեան, խոստացաւ բարեկեցութիւն, արդարութիւն եւ ազգային վերածնունդ։ Ութ տարի ետք այդ բոլոր խոստումները փոշիացան։ 2026-ի պետական պիւտճէն, որ ներկայացուցած է կառավարութիւնը, կը ծառայէ որպէս աղէտալի փաստաթուղթ՝ անոր ձախողումներուն։ Այնտեղ, ուր իշխանութիւնը կը կ՚անխատեսէր 9% տնտեսական աճ՝ բարենպաստ պայմաններու պարագային, իրականութիւնը այսօր անկումի մէջ է՝ 5.2%–5.4% տոկոսով։ Արտահանումները խիստ նուազած են, իսկ երկիրը կ՛ընկղմի դէպի տնտեսական անդունդ։ Ազգային պարտքը, որ այս տարեվերջին կը կազմէր 15 միլիառ ԱՄՆ տոլար, 2026-ին պիտի հասնի 6 թրիլիոն դրամի։ Իշխանութիւններն անգամ դժուարութիւն ունին գնահատելու անոր ամբողջական հետեւանքները։

Կեդրոնական դրամատունը կը հաղորդէ 330,000 անհաւաքելի վարկեր, եւ ահազանգիչ այլ իրողութիւն մը՝ բնակչութեան երեք քառորդը կը վաստկի միջին աշխատավարձէն նուազ։

«Այս բոլոր փաստերը ստուգուած եւ ներկայացուած են 2025-ի Նոյեմբեր 14-ին՝ պետպիւտճէի քննարկման նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին՝
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Լիլիթ Գալստեանի եւ Արթուր Խաչատրեանի կողմէ»։

Առաջին հայացքով, օտար այցելուն կամ Սփիւռքահայը, քալելով Երեւանի սրտին մէջ, կրնայ հիանալ աշխոյժ ու բանուկ սրճարաններով, նորոգուած պողոտաներով։ Բայց այդ պողաոտաները, որոնք կառուցուած են նախորդ կառավարութիւններու ժամանակ եւ աշխատանքով, որոնց դէմ Նիկոլ սկսած էր քննադատութիւնը առաջին օրէն—միայն արտաքին շերտ են։ Այդ փայլուն երեսին ներքեւ թաքնուած է մռայլ իրականութիւն մը՝ արագօրէն վատուժ դարձող երկիր մը՝ սոցիալական, տնտեսական եւ բարոյական բոլոր առումներով։

Հայաստանի բնակչութեան գրեթէ քառասուն տոկոսը կազմող աշխատող աղքատները, տեղահանուածները եւ մոռցուածները ոչ միայն չեն տեսած բարելաւում, այլ կենցաղային պայմաններու անկումի մէջ կը գտնուին։ Բարեկեցութեան ու անվտանգութեան փոխարէն, երկիրը սուզուած է մշտական անորոշութեան մէջ։

Այս բոլորին զուգահեռ, կառավարութիւնը թափե տուած է Հայ եկեղեցոյ, եկեղեցականներու, լրագրողներու, բարերարներու եւ մտաւորականներու դէմ իր յարձակումներուն ու հալածանքներուն։ Նոյն «քարոզարշաւի» մէջ կը գտնուի նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն փորձը, կազմակերպուածութիւնը եւ ազգային աշխարհայեացքը երկար տարիներ եղած են մեր ազգային գոյութեան ու ինքնութեան հիմնասիւններէն։ Նպատակը մէկն է՝ տկարացնել Հայաստանեայց Եկեղեցին, արգելակել ՀՅԴ-ի քաղաքական ազդեցութիւնը եւ քանդել մեր ազգային, գաղափարաբանութիւնը։

Աւելի մտահոգիչ էր այսպէս կոչուած վարչապետին յայտարարութիւնը, թէ պիւտճէն «ուժեղ բանակ» ստեղծելու նպատակով չէ, այլ միայն պարզ «պաշտպանելի» բանակ է պէտք։ Այս խոստովանութիւնը բացայայտ կը հնչեցնէ անվտանգութեան գծով ընթացող աղէտալի ուղղութիւնը եւ իշխանութեան լիակատար անկարողութիւնը՝ լուծելու Հայաստանի անվտանգութեան ամենահրատապ խնդիրները։

2026-ի սպասուող ընտրութիւնները վճռական նշանակութիւն ունին։ Մարզերու բազմաթիւ համայնքներու բնակիչները կը հրաւիրուին մերժելու իշխող կուսակցութիւնը, մերժելու այն բոլորին, որոնք արհամարհեցին Արցախը, եւ մերժելու եկեղեցւոյ դէմ իրականացուող յարձակումները։ Ժողովուրդը այսօր կոչուած է ընտրելու արժանապատուութիւն, փորձառութիւն եւ իրական ազգային շահ—ՈՉ օտար օրակարգերու գործակալներ եւ սուտ ու ատելութիւն սերմանող իշխանութիւններ։ Գիւմրիին օրինակը արդէն ապացուցեց, որ միասնաբար ժողովուրդը կրնայ կանգնեցնել կառավարութեան կործանարար ընթացքը։

Սա քաղաքակսն պայքար չի միայն… սա քաղաքակրթական բախում է։ Հայաստանի գոյութիւնը կախուած չէ անօրինական իշխանութենէն, այլ ժողովուրդի կամքէն եւ մեր հիմնասիւն հաստատութիւններու տոկունութենէն՝ յատկապէս Հայաստանեայց Եկեղեցիէն եւ ՀՅԴ-էն, եւ արդար ընդդիմադիր ուժերէն որոնք մնացած են հաւատքի, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան ամրագոյն բերդերը։ Մէկ սխալ ընտրութիւն այսօր եւ 2026-ին կրնայ կրկնել ողբերգութիւնները։ Այժմ՝ աւելի քան երբեք, հայ ժողովուրդը պարտաւոր է կանգնիլ հաստատակամ՝ պաշտպանելու իր հայրենիքը, իր արժանապատուութիւնը եւ իր ապագան։

Վահէ Անտոնեան
Վանգուվըր