Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Լրագրողներու Տարածաշրջանային Երկրորդ Առցանց Ժողովը – Եւրոպա

Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդը հիմնուելով  29 Փետրուար – 1 Մարտ Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, ծրագրած էր կազմակերպել տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ։

Առաջին հերթին 30 Յուլիս 2020-ին արդէն իսկ յաջողութեամբ կայացաւ  Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու հետ հանդիպումը։

Տարածաշրջանային մեր երկրորդ առցանց ժողովը  տեղի պիտի ունենայ 1 Սեպտեմբեր 2020-ին, Երեւանի ժամով՝ 19:00-ին: Այս անգամ Եւրոպան նկատի ունինք, որպէս տարածաշրջան:

Իբրեւ թեմա նկատի առնուած է՝ Հայկական Լրատուամիջոցը Ներկայ Պայմաններուն Մէջ. Դժուարութիւններ Եւ Դիմագրաւման Միջոցներ։

Եւրոպայի տարածքին հրատարակուող Հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներէն մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ ել-նամակի հասցէին՝ panarmenian.media@gmail.com

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.