Համախմբուելու եւ Այս Անհեռանկար Ընթացքը Կասեցնելու Ժամանակն է․ ՀՅԴ ԳՄ Յայտարարութիւնը
Վերջին օրերուն երկրի մէջ ընթացող զարգացումները եւ, յատկապէս, դատաիրաւական համակարգի վերաբերեալ վարչապետ Ն. Փաշինեանի մօտեցումները կրկին մեր հանրային-պետական կեանքի ալեկոծման պատճառ դարձած են։ Այս կապակցութեամբ հարկ կը համարենք կատարել հետեւեալ արձանագրումները.
— Տարբեր հարցերու վերաբերեալ իշխանութիւններու չկշռադատուած, խնդրահարոյց եւ տարակուսանքի տեղիք տուող որոշումները, այլակարծութեան ակրեսիւ մերժումը թշնամանքի եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ կը ստեղծեն, ինչը կը ջլատէ մեր ժողովուրդի հաւաքական ներուժը։
-Քաղաքական, հանրային դաշտի մէջ դաւադիրներ եւ դաւաճաններ փնտռելու մտասեւեռումը հարուածի տակ կը դնէ մեր ազգային անվտանգութիւնը, համերաշխութիւնը, Հայաստան-Արցախ միասնութիւնն ու մեր պաշտպանական համակարգը։
— Վերջին մէկ տարուան ընթացքին երկրի քաղաքական իշխանութիւնը ունէր բաւարար օրինականութիւն իսկ 2018թ. ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններէն ետք լիակատար հնարաւորութիւն հանրային կեանքի բոլոր ոլորտներու, ներառեալ` դատաիրաւական համակարգու մէջ (դատարաններ, դատախազութիւն, քննչական մարմիններ, ոստիկանութիւն) սկսելու բոլորիս կողմէ այդքան սպասուող բովանդակային եւ խորքային փոփոխութիւններ։
-Ըստ էութեան չիրացնելով գործող Սահմանադրութեամբ եւ ՀՀ օրէնսդրութեամբ վարչապետին վերապահուած լայն լիազօրութիւններն ու պարտականութիւնները՝ Փաշինեանը որդեգրած է ժողովուրդի գործօնը շահարկող մարտավարութիւն։
-Դեռ մեքենականութիւններով եւ բովանդակութեամբ անորոշ անցումային արդարադատութեան նպատակներու համար դատական իշխանութեան կազմաքանդումը կը վտանգէ մեր երկրի արդարադատութեան համակարգը։
Սիրելի′ հայրենակիցներ,
Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը իրավիճակը կը գնահատէ տագնապեցնող. սխալ ճանապարհով ճիշտ հանգրուանի չենք հասնիր։
Ստեղծուած իրավիճակի եւ հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատւութեան հասցէատէրը առաջին հերթին իշխանութիւններն են։ Այնուամենայնիւ, ոչ ոք իրաւունք ունի դիտորդի կարգավիճակով փաստելու, թէ ինչպէս կը մաշկուի ու կը հիւծուի պետութիւնը, թէ ինչպէս ոչ խոհեմ գործելաոճն ու քաղաքական վարքագիծը կը սասանէ մեր պետականութեան հիմքերը։
Համախմբուելու եւ այս անհեռանկար ընթացքը կասեցնելու ժամանակն է։
Դաշնակցութիւնը կը նախաձեռնէ բոլոր կողմերու հետ քննարկել իրավիճակը լիցքաթափելու, պետականաշինութեան գործընթացը բնականոն հուն տեղափոխելու, ժողովուրդի ակնկալած բարեփոխումները իրականութիւն դարձնելու ուղիները։
Մայիսի 23-ին, ժամը 19:00-ին ՀՅԴ-ն կը հրաւիրէ հանրահաւաքի՝ ներկայացնելու առկայ իրավիճակէն դուրս ելլելու ելքերու վերաբերեալ իր մօտեցումներն ու տեսակէտները։
ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ