Համաժողովրդական Հանրահաւաքներ` Երեւանի Եւ Ստեփանակերտի Մէջ

25 յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան պետական օրհներգով Ստեփանակերտի Վերածնունդի եւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակներուն վրայ տեղի ունեցան համաժողովրդական հանրահաւաքներ` Արցախի ապաշրջափակման եւ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու պահանջով:

«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով` Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն հանրահաւաքի մասնակիցներուն օրհնութեան խօսքով  դիմեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան:

«Այսօրուան իրականութիւնը կու գայ անգամ մը եւս մեզ յիշեցնելու, որ Արցախեան շարժումը չէ աւարտած եւ դեռ կը շարունակուի: Այն մեզ համար պիտի դառնայ հանապազօրեայ հացի պէս, դառնայ ապրելակերպ, առաքելութիւն, գաղափար եւ պայքար: Արցախեան շարժման ընթացքին հազարաւոր հայորդիներ հերոսացան ու անմահացան: Անոնց հոգեւոր հայեացքին ներքեւ մենք պիտի չսխալինք, այլ ամբողջ ազգով դառնալով միասնական բռունցք, այդ շարժումը պիտի հասցնենք իր բարի աւարտին` ազատ, անկախ Արցախ», ըսաւ սրբազանը` արցախցիներուն փոխանցելով Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հայրական սէրն ու աղօթքը:

Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի տեսաուղերձը:

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հանրահաւաքին մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան, պաշտօնատար այլ անձեր:

Comments are closed.