«Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը՝ բժ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի տան կարգին

Ստորեւ կը հրապարակենք «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը, ընթերցուած Վրէժ-Արմէն Արթինեանի կողմէ՝ բժ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի տան կարգին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, 2024 սեպտեմբեր 15-ին:

ՎԱԶԳԷՆ ՏԷՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ

«Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը

Նախ թոյլ տուէք, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անունով՝ ատենապետ ընկ. Զաքար Քէշիշեանի ու բոլոր վարչականներուն կողմէ «Համազգային»-ի համայն ընտանիքի խորազգած ցաւակցութիւնները յայտնեմ նոյն այդ Կեդրոնական վարչութեան բազմիցս անդամ ու ատենապետ եղած ընկ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի տիկնոջ՝ սիրելի Լենային, դուստրերուն՝ Սարինին ու Տարիային եւ իրենց ամուսիններուն, զաւակներուն, ինչպէս նաեւ մօտաւոր թէ հեռաւոր ազգականներուն, որոնց համար անկասկած կորուստը շատ է ծանր։

Բայց կորուստը ծանր է բոլորի՛ն համար, բոլորը՝ ընդգրկելով իր ընկերները, ծանօթները, գործակիցները, բուժառուները, նոյնիսկ բոլոր անոնք, որոնք այս կամ այն ձեւով վայելած են իր հասարակական գործունէութեան թէ մասնագիտական փորձառութեան բարիքները՝ առանց երբեք իրեն հանդիպած, ճանչցած կամ որեւէ պատճառաւ անունն անգամ լսած ըլլալու։

Իր կուսակցական թէ համազգայնական ընկերներուն համար Վազգէն տիպար անձնաւորութիւն մըն էր ամենէն առաջ իր վարուելակերպո՛վ։ Հակառակ իր բոլոր կարողութիւններուն եւ հմտութիւններուն, ան ոչ մէկ յաւակնութիւն կը ցուցաբերէր ուրիշներէ գերադաս ըլլալու կամ ամեն բան գիտնալու։ Իր հետ ոեւէ մէկը կրնար խօսիլ հարազատի նման, հաւասարէ հաւասար, ամենէն առտնին հարցերուն մասին անգամ, ու միաժամանակ զգալ ջերմութիւն մը, առնչութի՛ւն մը. ինք մի՛շտ վայելուչ՝ արտաքինով թէ ներքինով։

Իր մտքերն ու համոզումները գիտէր ուժեղ կերպով արտայայտել՝ առանց երբեք վարկաբեկելու տարբեր մտածող դիմացինը, նսեմացնելու անոր կարծիքը, եւ եթէ որեւէ պատճառաւ ձայնը բարձրացուցած ու զայն անհանգստացուցած ըլլար, գիտէր անյապաղ ներողութիւն խնդրել ու «հաշտուիլ»։ Եւ եթէ տակաւին յամառէիր նեղուած զգալ, իր վարակիչ ժպիտը կ՚անհետացնէր ամեն բացասական զգացում։

Աւելի՛ն. Վազգէն գիտէր հետեւողականօրէն հետապնդել իր առաջադրանքները եւ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին,– իր օրատետր-յուշատետրը միշտ ձեռքը,– պատրաստ էր անձնապէս մասնակցելու անոնց իրագործման աշխատանքներուն. հակառակ պարագային՝ պիտի չսրտնեղէր երբեք եթէ անոնք մերժուէին ընդհանուրին կողմէ։ Ունէր համբերութիւնը յաջորդ առիթին, յաջորդ բոլոր հնարաւոր առիթներուն վերստին առաջարկելու՝ աւելի համոզի՛չ շեշտով։ Իր առաջարկները պիտի ունենային հեռահար ազդեցութիւն։ Եւ այո՛, ինք հաւատացողն էր նաեւ հաւաքակա՛ն աշխատանքին, հաւաքակա՛ն ուժին։

Իրաւա՛մբ ան արժանացած էր «Համազգային»-ի շքանշանին, ինչպէս նաեւ Կեծի տանն Կիլիկիոյ «Իշխան» շքանշանին։

Վազգէն Տէր Գալուստեան մեծ հաւատք ունէր նաեւ մեր ներուժի՛ն վրայ, ուստի մեծապէս կ՚ուրախանար ի տես նոր հասնող մեր երիտասարդ ուժերուն, կը խրախուսէր ու կը ջանար ամեն կերպ նպաստել անոնց զարգացման ու յառաջացման։ Կը զգայիր, որ հայրական զգացում մը կը տածէր անոնց հանդէպ։ Մանաւանդ ան կը պահանջէր, որ հաւաքականութիւնն ալ գնահատէր անոնց յաջողութիւնները։ Իսկ մեր ներուժը ըսելով ինք կը հասկնար ամբողջ հայութեան կարողութիւնները, ոչ միայն մէկ կողմի կամ մէկ հատուածի։

Մեր մշակոյթն ու մեր լեզուն եւ մեր կրթարանները կիզակէտն էին իր ուշադրութեան եւ ասոր վկայութիւնը կը հանդիսանան «Համազգային»-ի մէջ երկարամեայ իր յանձնառութիւնները թէ այդ յանձնառութիւններու աւարտէն ետք ալ տակաւին իր հետապնդած ծրագրերը։

Առ այդ՝ ան կը մնայ մեզի եւ մեր յաջորդներուն համար տիպար կերպարը համազգայնականի, դաշնակցականի ու մարդու, որուն օրինակով ապրիլն ու գործելը մեր ձգտումը պէտք է հանդիսանայ։

Վարձքը կատար մեր վաստակաւոր ընկերոջ։

ԱՄՓՈՓ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ

Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան ծնած է 27 հոկտեմբեր 1937-ին, Անտիոք:

Ան զաւակն է տէր եւ տիկին Մովսէս եւ Անահիտ Տէր Գալուստեաններուն:

Ծանօթ իրադարձութիւններու ի հետեւանք, ընտանիքը 1939-ին հարկադրաբար կը հեռանայ Մուսալեռէն ու կը հաստատուի Լիբանան։

Ազգային ուսումը ստացած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն։

Բժշկական հիմնական ու մասնագիտական (մանկաբուժութեան եւ ծինաբանաութեան) վկայականները ստացած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն (AUB) (1963, 1966), ԱՄՆ-ի Պոսթըն քաղաքի Հարվըրտ համալսարանի (մանուկներու հիւանդանոցի) բժշկութեան բաժանմումքէն (1966), Պալթիմոր քաղաքի Ճոն Հոփքինզ համալսարանէն (1968), այլեւ օգտուած է այլ հաստատութիւններու ընծայած յայտագրերէն՝ զարգացնելու համար իր հմտութիւնները։

Բժիշկ Տէր Գալուստեան ամուսնացած է 21 յունիս 1970-ին, Լենա Սէթեանին հետ: Անոնք բախտաւորուած են երկու դուստրերով՝ Սարին-Վանիա եւ Տարիա:

1986-ին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Մոնթրէալ:

Իբրեւ մանկաբուժ եւ ծինաբան, ի շարս իր այլ յանձնառութիւններուն, Վազգէն Տէր Գալուստեան՝ մնայուն թէ այցելու փրոֆեսոր, դասաւանդած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին (AUB) եւ Մոնթրէալի ՄգԿիլ համալսարանին մէջ։ Առաջինի պարագային նաեւ հիմնադիր տնօրէնն է եղած Մարդկային ծինաբանութեան ազգային միաւորին, իսկ երկրորդի պարագային վարիչ տնօրէնն է հանդիսացած անոր Մոնթրէալի մանուկներու հիւանդանոցի ժառանգական հիւանդութիւններու բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ նոյն համալսարանի բժշկական ծինաբանութեան վարժողական յայտագրին։

Համահեղինակն է երեք մասնագիտական հատորներու՝ Genetic diseases of the skin (1979), The kidney in genetic disease (1986) եւ Congenital Anomalies of the Ear, Nose and Throat, (1997):

Ան առանձնաբար կամ համահեղինակութեամբ հրատարակած է նաեւ շատ մեծ թիւով գիտական յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ զանազան թերթերու, հատորներու կամ տեղեկագրերու մէջ։

Հրաւիրուած է դասախօսելու միջազգային բժշկական բազմաթիւ համագումարներու, մաս կազմած է մասնագիտական զանազան միջազգային մարմիններու, անոնց կարգին նաեւ ՄԱԿ-ի բժշկական կազմակերպութեան յանձնախումբերու։

Արժանացած է մեծ թիւով բժշկական շքանշաններու, մրցանակներու եւ մեծարումներու, այլեւ ՄգԿիլ համալսարանի «Պատուոյ փրոֆեսոր» տիտղոսին:
Վազգէն Տէր Գալուստեան ՀՅԴ շարքերը մտած է 18 տարեկան հասակին ու ամբողջ կեանքը եղած է անոր նուիրեալ զինուորեալը։ Եղած է բազմիցս անդամ, այլեւ ատենապետ «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ անդամ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան:

Ազգային գետնի վրայ ալ արժանացած է «Համազգային»-ի շքանշանին՝ 2008-ին եւ Կաթողիկոսութեան «Իշխան» շքանշանին՝ 2010-ին։
Ան մահացաւ Մոնթրէալ 2024 սեպտեմբեր 4-ին։

Վ-Ա.Ա.
(Առաւելաբար քաղուած բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Է. խօսքը» հատորէն)

Comments are closed.