«Համազգային»-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կը հաստատէ հայերէնագիտական դասընթացք մը՝ մկրտելով զայն Լեւոն Շանթի անունով

Վե՛րջապէս

Վերջապէս առնուեցաւ առաջին քայլ մը։

Արդարեւ, գաղութիս հայերէնի կրթական համակարգը զարգացման նոր հանգրուանի մը հասցնելու նպատակով է, որ «Համազգային»-ը, յանձին իր Գանատայի շրջանային վարչութեան, կը նախաձեռնէ հաստատել հայերէնագիտական դասընթացք մը՝ մկրտելով զայն Լեւոն Շանթի անունով։

Համացանցի իր կայքէջին վրայ զետեղուած գովազդէն կը տեղեկանանք, թէ «դասընթացքը կը միտի համալրել ու զարգացնել հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտներու արեւմտահայերէնի, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի իմացութիւնը գոլէժական մակարդակի վրայ»։

Ասիկա կու գայ մասամբ լրացնելու բաց մը, որ կը զգացուէր երկար ժամանակէ ի վեր։

Ի՞նչ է այս նախաձեռնութեան տուն տուող գլխաւոր պատճառը։

Շատ լաւ գիտենք, որ հայկական մեր վարժարանները, այստե՛ղ մասնաւորապէս, բայց նաեւ Սփիւռքի մէջ քիչ մը ամեն տեղ, որքան ալ ուզեն ու ջանան, կրնան ջամբել հայերէնի միայն որոշ մակարդակի իմացութիւն մը՝ տուեալ պայմաններուն մէջ (սահմանափակ ժամեր, հայերէնով դասաւանդուող սահմանափակ նիւթեր, հայերէնի ուսուցիչներու պատրաստութեան դժուարութիւններ եւ այլն)։ Իսկ հայերէնը, որքան ալ մայրենի լեզու է,– խառն ամուսնութիւններու հետեւանքով մեր աշակերտներէն շատերու համար այդպէս ալ չէ հիմա,– ան կը դասաւանդուի որպէս երկրորդ, նոյնիսկ երրորդ լեզու։ Բազմաթիւ նիւթեր, որոնք շատ կարեւոր են հայերէնի բառապաշարի զարգացման համար, այլեւս հայերէնով չեն դասաւանդուիր,– ինչպէս կը կատարուէր ատենին Միջին Արեւելքի մեր վարժարաններուն, գէթ նախակրթարաններուն մէջ,– այլ տեղական լեզուներով, իսկ այս վերջիններու տիրական ներկայութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ նոյնիսկ առտնին, հասարակ խօսակցութիւն մը սահուն, մաքուր հայերէնով ունենալը խնդրական կը դարձնէ։ Նոր սերունդին եւ անոնց ծնողներուն ընդհանրապէս կը պակսի բառապաշարը առօրեայ կարիքներն ու իրերը հայերէնով արտայայտելու համար. չխօսինք քիչ մը բարդ հասկացութիւններու կամ գաղափարներու մասին, չխօսինք մասնագիտական հարցերու մասին, որոնց հայերէնով անդրադառնալը մասնաւոր ճիգ կը պահանջէ եւ կարծէք քիչերու մենաշնորհն է դարձած ներկայիս,– այո՛, մենաշնո՛րհը։

Ուրիշ հարց, թէ որքան կրնանք վերամշակել հայերէնի ուսուցումը, վերապատրաստել մեր դասագրքերը ու վերաորակաւորել մեր ուսուցիչները, որ վերոնշեալ անտեսուող ոլորտները մա՛ս կազմեն դասաւանդման, օգնեն նուազեցնել հայերէնի նահանջը։ Ասիկա քննութեան առանձին նիւթ է, եւ կը նկատեմ, որ այդ մասին կը խօսուի, թերեւս փորձեր ալ կը կատարուին տարբեր գաղթօճախներու մէջ, բայց հաւանաբար կը պակսի տակաւին համապարփակ ու հաւաքական նախաձեռնութիւն մը։

«Համազգային»-ի ներկայ նախաձեռնութիւնը, որ գործադրութեան կը դրուի 11 յունուարէն սկսեալ, ղեկավարութեամբ բազմավաստակ դաստիարակ դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանի ու մասնակցութեամբ բազմաթիւ մասնագէտ դասախօսներու, կը միտի աստիճան մը բարձրացնել հայերէնի իմացութեան մակարդակը անոնց համար, որոնք արդէն որոշ չափով կը տիրապետեն լեզուին ու ծանօթ են մեր գրականութեան, պատմութեան եւ կը փափագին բարելաւել իրենց լեզուական բանաւոր կամ գրաւոր կարողութիւնները։

Դասաւանդման առաջադրուած եղանակը կը միացնէ գործանական կիրարկումը տեսական ծանօթութեան։

Դասընթացքի նկարագրականին մէջ կը կարդանք թէ անոր վախճանական նպատակներն են.

  1. «Տրամադրել ուսանողին միջավայր մը, ուր ան հնարաւորութիւնը կ՚ունենայ իր ամենօրեայ կեանքին մէջ գործածելու արեւմտահայերէնը իբր շնչող ու իր առօրեան շնչաւորող լեզու։
  2. «Խորացնել ուսանողին հայկական մշակոյթին եւ գրականութեան գիտելիքները։
  3. «Զարգացնել եւ կենսունակ դարձնել ուսանողին հայերէնի բառապաշարը զանազան մարզերու մէջ»

Դասընթացքը՝ շաբաթական երեք ժամով՝ կը տարածուի երկու տարուան վրայ, չորս եռամսեակներով, եւ առաջին ու երկրորդ տարիներու յայտագրերը կրնան զուգահեռաբար ընթանալ երկրորդ տարիէն սկսեալ՝ եթէ պահանջքը ըլլալ։ Ցանկալի՛ է, որ այդ պահանջքը ըլլայ, յատկապէս մեր վարժարաններու անմիջական շրջանաւարտներուն համար, որոնք կ՚ուզեն գործուն դեր վերցնել համայնքի կեանքին մէջ՝ պատանեկան, երիտասարդական միութիւններուն կամ սկաուտական ու մարզական շարքերուն մէջ, մասնակցիլ մշակութային կամ ընկերային աշխատանքներուն, դառնալ մեր ապագայ լրագրողները, հրապարակագիրները, ուսուցիչները։ Ի վերջոյ այս դասընթացքը մնայուն բնոյթ ստանալու է եւ տարածուելու է մեր հայաշատ միւս քաղաքներուն՝ Թորոնթոյի եւ Վանգուվըրի վրայ եւս։

Յիշեցնեմ, որ տասնամեակներ առաջ, 1970-ական թուականներուն, նման փորձ եղած էր Մոնթրէալի գաղութին մէջ, նախ նախաձեռնութեամբ Սուրբ Յակոբ վարժարանին, ապա համալսարաններու հայ ուսանողական միութիւններու ճամբով, ապահովուած էր նաեւ գոլէժի մակարդակի վարկանիշերու տուչութիւնը կրթական նախարարութեան կողմէ, սակայն ուրիշ առաջնահերթութիւններ յետին հարթութիւն մղած էին այդ աշխատանքը, եւ ան երկար կեանք չէր ունեցած։

Խորագրին «Վե՛րջապէս»-ը սակայն ձգելու չէ այն տպաւորութիւնը, թէ այսպիսով կատարուած կ՚ըլլայ մեր ընելիքը՝ մարտահրաւէրը վերցուած, ու դասընթացքին յաջողութեան պարագային մենք կրնանք ա՛լ մեր դափնիներուն վրայ հանգի՜ստ քնանալ։

Ամենեւի՛ն։

Սփիւռքի թէ ընդհանրապէս հայութեան կեանքին մէջ հետզհետէ աւելի ու աւելի կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնող մեր գաղութը չի կրնար բաւարարուիլ այսքանով։

Անկախ սոյն դասընթաքին ալ պետական ճանաչում ձեռք ձգելու մարտահրաւէրէն, մենք ունինք տակաւին համալսարանական հայագիտական դասընթացքներու հաստատման կենսական անհրաժեշտութիւնը ու մանաւանդ՝ հայերէնի ուսուցիչներու պատրաստման կրթարանի մը ձեւաւորումը՝ ծառայելու համար ոչ միայն Գանատայի այլ ընդհանրապէս Հիւսիսային Ամերիկայի հայութեան։

Սկսինք սակայն Լեւոն Շանթ հայագիտական դասընթացքը յաջողութեամբ պսակելու նպատակակէտէն։ Արձանագրուինք ու մղենք մեր երիտասարդները արձանագրուելու՝ դիմելով հետեւեալ կայքէջին՝ armenolog.wordpress.com կամ գրելով հետեւեալ ել-հասցէին՝ armenolog@gmail։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.