Համազգային Գանատայի Հայերէն Գրքի Մրցոյթի Արդիւնքներ
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ պատանիներու յատուկ Հայերէն Գրքի Մրցոյթին արդիւնքը։
Այս մրցոյթին մրցանակին կ’արժանանայ Շողեր Մարգարեանի «Պատանեկան օրագիր» գիրքը։
Մրցոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին երեք հեղինակներ որոնց գործերը արժեւորուեցան Վեհանոյշ Թեքեանէն (Նիւ Ճըրզի), Նանոր Սնապեանէն (Մոնթրէալ) եւ Ռուբէն Ճանպազեանէն (Թորոնթօ) բաղկացած դատական կազմին կողմէ։
Նշենք որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է պատանիներու յատուկ գրքի մը հրատարակումը՝ քաջալեր հանդիսանալով շնորհալի հայ հեղինակին։
«Պատանեկան օրագիր» գիրքին հրատարակութեան աշխատանքները յանձն առած է Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը։
Վարչութիւնս իր խորհին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ դատական կազմի անդամներուն եւ մրցոյթի բոլոր մասնակիցներուն։
Կը յուսանք որ այս մրցոյթը խթան կը հանդիսանայ նորանոր գրական ձիրքերու յայտնաբերման եւ մեր պատանիներուն գրադարանները կ’ողողէ մայրենի լեզուով հրատարակուած հատորներով։
Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն