Համազգայինի 95-Ամեակ. Ճեմարան

Ընդհանրապէս յոբելեանականները 15-50-75-100 տարիներու ծառայութեամբ կը յատկանշուին:

Համազգային մշակութային միութեան 95-ամեակի նշումը յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ իբրեւ միութիւն` անոր գոյութիւնն ու գործունէութիւնը սփիւռքահայ կեանքին մէջ մեծ իմաստ ու տարողութիւն ունի:

95-ամեակի յօդուածաշարքովս պիտի փորձեմ իւրաքանչիւր մարզի մէջ Համազգայինի ներդրումը մատնանշել, որպէսզի աւելի եւս շեշտուի կատարուածին կարեւորութիւնը ու լուսարձակի տակ բերուի յառաջիկայ ծրագիրներու նկատմամբ հոգատարութեան հրամայականը:

Ճեմարան

Ծաղկաձորի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանի շէնքը

Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութեան համար կրթութիւնը եւ սերունդներու դաստիարակութիւնը, որուն ընդմէջէն` գաղութներուն մարդուժ պատրաստելը, առաջնահերթ եղած են առաջին օրէն:

Ճեմարանը իր հիմնադրութեան օրէն իր տնօրէններով, ուսուցչական կազմերով, Կեդրոնական վարչութիւններով, լսարաններով, մթնոլորտով, շունչով, աւանդներով ու պատմութեամբ յատուկ տեղ եւ նշանակութիւն ունի ընդհանրապէս սփիւռքի կեանքին եւ մասնաւորաբար դաշնակցական ղեկավարութեան պատրաստութեան մէջ:

Փաստօրէն, բնական պայմաններով օժտուած եւ տոկուն, մաքուր, խորունկ եւ ամբողջական հայերէնով զինուած մարդուժ պատրաստող օճախ էր եւ է տակաւին:

Ժամանակները փոխուած են, յաճախ բաղդատականներ կը կատարուին հինին ու նորին միջեւ, սակայն կրնամ հաստատել եւ ընդգծել, որ տակաւին Ճեմարանը սփիւռքի լաւագոյն հայկական վարժարանն է իր ամբողջական իմաստով:

Ճեմարանին գուրգուրալը, հաւատալը, անոր կարեւորութիւնը զգալը միայն ճեմարանաւարտներունը պէտք չէ ըլլայ: Ճեմարանի հանդէպ հաւատքը` ոգեղէն ու գաղափարական իմաստով, պէտք է ըլլայ եւ մնայ բոլորին հետաքրքրութեան կիզակէտը:

Ինչպէս որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Զարեհեան դպրեվանքը իր դերն ու դերակատարութիւնը ունի մեր հոգեւոր եւ կրօնական կեանքին մէջ, այդպէս ալ Ճեմարանը իր դերն ու դերակատարութիւնը ունի մեր ազգային, հասարակական, ընկերային, կուսակցական, մտաւորական եւ մշակութային կեանքին մէջ:

Կ՛ընդգծեմ, որ բոլոր ճեմարանաւարտները նոյն մտածողութեամբ օժտուած, հլու հնազանդ նոյն գաղափարախօսութեան տէր տղաք ու աղջիկներ չեն ըլլար անպայման: Ընդհակառակը, ազատ մտածելու եւ ազատ արտայայտուելու հնարքը ունին բոլորն ալ:

Ասիկա կու գայ կրթական յաջորդական մշակներու ստեղծած մթնոլորտէն, յաջորդական տնօրէններու ապակեդրոնացեալ աշխատելաոճէն:

95-ամեակի սեմին Համազգայինի ընդհանուր ձեռքբերումներուն մէջ Ճեմարանի ստեղծումն ու գոյութիւնը արդէն ինքնին երեւոյթ մըն է մեր կեանքին մէջ:

Ճեմարանի ոգին եւ մթնոլորտը պահողներուն վարձքը կատա՛ր:

Ճեմարանի հիմնադիրներուն ճրագը, հակառակ բազում փոթորիկներուն եւ խոչընդոտներուն, բարձր ու վառ պահածներուն յիշատակը անմար մնայ, ներկայիս այդ առաքելութիւնը շարունակողներուն` ուժ ու կորով:

Նորանոր տասնամեակներ` մեր ճեմարանին, բոլորին ճեմարանին:

Նոր ձեռքբերումներ եւ յաջողութիւն:

Համազգայինի բազմաբնոյթ աշխատանքներուն մէջ Ճեմարանի ունեցած դերը մեր ազգային, հասարակական ու մշակութային կեանքին մէջ իր ինքնուրոյն կարեւորութիւնն ու դերակատարութիւնը ունեցած է եւ ունի: տակաւին: Չենք գիտեր` ի՛նչ է Ճեմարանի ուժը, բայց վստահ եմ, որ անոր ուժը իր առաքելութեան հաւատքին մէջն է:

Ճեմարանի տնօրէններէն, ուսուցիչներէն, պահակներէն, հսկիչներէն մինչեւ վարիչը աշխատած են ու կը շարունակեն աշխատիլ Ճեմարանի գոյութեան եւ անոր ունեցած պատգամին հաւատալով: Ասիկա ոչ մէկ ձեւով ինքնագովասանք է, ոչ ալ` չափազանցութիւն: Կը բաւէ, որ սփիւռքի գաղութներուն մէջ աչք պտտցնենք եւ արդէն կը տեսնենք տարբեր սերունդներու ճեմարանականներու ներդրումը, գործունէութիւնն ու ներկայութիւնը:

Յաջորդը` Հայագիտական հիմնարկ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.