Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի Բարերար Մարիոն Տատիքեանի Յիշատակին

Վերջերս Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի ընտանիքը կորսնցուց իր առատաձեռն բարերարներէն Մարիոն Տատիքեանը:

Մարիոն եւ Ժան Տատիքեան ամոլը երկար տարիներէ ի վեր իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը կը  տրամադրեն դպրոցի շինարարական ու բարգաւաճման աշխատանքներուն: Անոնք նաեւ  Հայաստանի մէջ կը հովանաւորեն մանկատուն մը, 2020-ի արցախեան պատերազմէն ի վեր կ՛աջակցին Հայաստանի մէջ  գտնուող Զինուորի տան, ինչպէս նաեւ` Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն:

Առ այդ, յարգելու համար Մարիոն Տատիքեանի յիշատակը, 6 յունիսին ճեմարանի տնօրէնութիւնը, վարչութիւնը, ուսուցչական կազմը, պաշտօնէութիւնը եւ աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի ներկայացուցիչը, ներկայ էին ճեմարանի բակին մէջ, ուր յատուկ  արարողութեամբ դրօշակները վար առնուեցան` իբրեւ սուգի արտայայտութիւն: Ապա վարչութեան ատենապետ Ժիլպեր Մարքոյեան արտասանեց իր սրտի խօսքը ու շեշտեց հանգուցեալին  հոգածութիւնն ու սէրը դպրոցին ու անոր բարգաւաճման նկատմամբ:

Ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ Մարիոն Տատիքեանի յիշատակը:

Comments are closed.