Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Հայկազեան Համալսարանին Միջեւ Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի
«Հայերէնի Ուսուցիչ Պատրաստելը Անհրաժեշտութիւն Է», Շեշտեցին Համագործակցողները
Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հինգշաբթի, 21 մարտ 2024-ին տեղի ունեցաւ ուսանողութեան հետ հանդիպում մը, որուն ընթացքին վերահաստատուեցաւ շարունակականութիւնը Համազգային-Հայկազեան երկարամեայ գործակցութեան` սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու: Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ ուսուցիչի տագնապին ու նման ծրագիրներու անհրաժեշտութեան:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան ուրախութեամբ յայտնեց, որ տասնամեակէ մը աւելի այս գործակցութիւնը կը շարունակուի, եւ արգասաբեր արդիւնքները սկսած են ամէնուրեք տարածուիլ:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան, հակիրճ կերպով բացատրեց Համազգայինի հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու ծրագիրը եւ 7 տարուան կրթաթոշակի ամբողջական տրամադրումը այն ուսանողներուն, որոնք փափաքը ունին հայերէնի ուսուցիչ դառնալու եւ նուիրուածութեամբ աշխատելու: Գալուստեան բացատրեց, որ թեկնածուն իր բնակած երկրին մէջ, աւարտելէ ետք հայկական վարժարանը, 3 տարի պիտի ուսանի մանկավարժութիւն, 1 տարի պիտի հետեւի ուսուցիչի պատրաստութեան յատուկ ծրագիրի, ապա պիտի մեկնի Երեւան եւ 2 տարի Երեւանի պետական համալսարանին մէջ հետեւի հայագիտութեան ճիւղին: Այսպիսով ուսանողը կ՛ունենայ մանկավարժութեան պսակաւոր արուեստի վկայական, ուսուցչութեան վկայագիր (teaching diploma) եւ հայագիտութեան մագիստրոս: Այս ընթացքին շաբաթական դրութեամբ ան առցանց կը հետեւի նաեւ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան նիւթերուն` մասնագէտ ուսուցիչի հետ: Այս բոլոր ծախսերը` ներառեալ կրթաթոշակ, օդանաւի տարեկան մէկ տոմս, Հայաստանի մէջ կեցութիւն եւ ապրուստ, կը հոգայ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը:
Այս ամբողջ ճամբան կտրած եւ յաջողութեամբ աւարտած ուսուցիչ Սարգիս Եագուպեան իր անձնական վկայութեամբ հաստատեց, որ այս օրերուս աւելի քան անհրաժեշտ է հայերէնի ուսուցիչին դերը ոչ միայն հայերէն լեզուն լաւապէս սորվեցնելու, այլ նաեւ հայութեան հոգիին վրայ օրըստօրէ կուտակուող պարտութեան ոգին փարատելու եւ հզօրացնելու առումով: Ան իր կարգին թելադրեց ուսանողներուն, որ չվարանին եւ համոզումով լծուին աշխատանքի, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց զոյգ հաստատութիւններուն այս առիթը իրեն ընծայելու համար: Սարգիս Եագուպեան աւարտած է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը եւ, 6-ամեայ ուսումը ամբողջացնելէ ետք, ներկայիս կը պաշտօնավարէ իր դպրոցին մէջ:
Համագործակցութեան աւելի քան տասնամեակի մը առիթով Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յուշանուէր մը յանձնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանին:
Comments are closed.