Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակին Մէջ Կայացաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի Անդրանիկ Գիրքին Շնորհահանդէսը
- (0)

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ 7 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ գրող Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» խորագրով անդրանիկ գիրքին շնորհահանդէսը:
Գիրքը կը բովանդակէ Խ. Տէր Ղուկասեանի տարբեր տարիներու գրած բանաստեղծութիւնները, որոնք կ՛արտայայտեն` հոգիի խռովք, լռութիւն, կեանքի եւ սիրոյ խոհափիլիսոփայական ընկալումներ, պատերազմ եւ ապրելու տենչ:
Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը, Համազգայինի մեծ ընտանիքի անդամներ, գրականագէտներ, գրողներ, գրքասէրներ:
Հանդիսութեան բացման եւ շնորհաւորութեան խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մեր օրերուն սփիւռքահայ գրականութեան դերին եւ նշանակութեան, ինչպէս նաեւ` հայ գրողի առաքելութեան ճակատագրական պահերուն հայրենիքին ծառայելու եւ ազգային արժէքներու սերմանման գործին մէջ:
Բանախօսն էր գրող, գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեան, որ իր խօսքին մէջ ներկայացուց Տէր Ղուկասեանի բանաստեղծական լեզուն, խօսքի վարպետութիւնն ու բանաստեղծական մշակոյթը` զայն գնահատելով ինքնեղ, համարձակ ու ժամանակի շունչին համընթաց:
Շնորհահանդէսը շարունակուեցաւ գրողին հետ զրոյցով, զոր վարեց «Թորոնթոհայ» ամսագրի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեանը: Զրոյցի ընթացքին ներկաները կարելիութիւն ունեցան բացայայտելու բանաստեղծին խորունկ աշխարհը, անոր ընկալումները բառ ու բանի շուրջ, հոգեհարազատ նիւթերն ու գրական ազդեցութիւնները, ինչպէս նաեւանոր մտորումները սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ստեղծուող ժամանակակից գրականութեան հարցերուն շուրջ:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը:
«Բանաստեղծութիւնը հոգիի կենսագրութիւն է: Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի բանաստեղծութեան հերոսը աշխարհի թոհուբոհի մէջ կողմ քաշուած ու տարակուսանքով աշխարհի անցուդարձին եւ վերիվայրումներուն նայող մարդն է: Անոր բանաստեղծութիւնները խօսուն եւ պատկերաւոր պատմութիւններ են` իրենց մէջ ամփոփելով նորավիպային արձակի շատ ու շատ տարրեր: Այս բանաստեղծական կարեւոր հմտութիւն է», նշեց Շահբազեան:
Շնորհահանդէսին սրտի խօսք արտասանեցին նաեւ` Լիլիթ Գալստեանը, Համահայկական գրողներու միութեան նախագահ Աբգար Ափինեանը, Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի ճեմարանական ընկերները:
Ղուկասեան իր մակագրութեամբ ներկաներուն նուիրեց ժողովածուն` խոստանալով շարունակութիւն եւ նոր գրական հանդիպումներ: