Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի յիսնամեակին նուիրուած յիշարժան երեկոն

«ԳԼԱՁՈՐԸ՝ ՄԵՐ ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ»

Մարաթուկ

Աչքս բացի Համազգային տեսայ, Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն. Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան, Գրախանութ, Գասպար Իփէկեան թատերախումբ, Վասպուրական սրահ, երգչախումբ ու պարախումբ, Հայագիտական հիմնարկ։  Աչքս բացի հայութիւն տեսայ։

Երբ պատանի տարիքիս հաստատուեցայ Թորոնթօ, բնականաբար քայլերս ուղղուեցան դէպի Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարան. հոն էին Դանիէլ Վարուժանը, Սեւակները, Մեծարենցն ու Չարենցը , մեր գրականութիւնն ու լեզուն։  Ճիշդ ըսած է Համօ Սահեան՝ ի՞նչ ունենք էլ աշխարհում որ այսքան մերը լինի։ Բնականաբար, քայլերս ուղղուեցան դէպի Համազգայինի «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբ, ուր գտայ Լեւոն Շանթն ու Շիրվանզադէն, Պարոնեանը…։ Համազգայինի «Էրեբունի» Պարախումբ, հոն ուրկէ կու գար մեր  պապերուն ոտնաձայնը, ուր մարմին կ՚առնէր Չարենցի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»ն։ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբ. հոն էր որ կը ղօղանջէր մշտահունչ Կոմիտասը։ Համազգայինի «Արշիլ Կորքի» ցուցասրահ, Համազգայինի Նուռ ֆիլմի փառատօն, ուր թռիչք կ՚առնէր մեր երեւակայութիւնը։

Սփիւռքի տարածքին, հայ մշակոյթը ապրեցնելու տեսլականով էր որ ճամբայ ելան Համազգայինի հիմնադիրները՝ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան ու Բժ. Համօ Օհանջանեան, Գասպար Իփէկեան, 28 Մայիս 1928-ին. նոյն տեսլականով շարունակեցին Թորոնթոյի (յետագային՝ Գլաձոր) մասնաճիւղի հիմնադիր յանձնախումբի ընկերներ Ժիրայր Յովհաննէսեանը, Աբգար Միրաքեանը, Վահէ Մարտիրոսեանը Շուշիկ Պոյաճեանն ու Ներսէս Կէտիկեանը, 1969-ին։

Յիսուն տարիներ անց՝ Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնէն ներս Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի յիսնամեայ գործունէութիւնը ցոլացնող տօնախմբութիւն է, հովանաւորութեամբ՝ Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան։ Կեդրոնի մուտքին, կապոյտ, ոսկեգոյն եւ արծաթագոյն փուչիկներէն անդին՝ շքեղօրէն զարդարուն հիւրասիրութեան սեղանին ետեւ կը տեսնենք Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի մեծերու եւ փոքրերու աշխատանոցներու մասնակիցներուն գրաւիչ գործերէն նմոյշներ։ Աջին կ՚երեւին աչքառու լուսանկարներու ընտրանի,  հետաքրքրաշար՚ժ ծանուցումներու համադրում,  որոնց ներքեւ, բծախնդրութեամբ համադրուած գիրքերու կոյտ մը, որ կը խորհրդանշէ հարիւրէ աւելի շնորհահանդէսներու կազմակերպութիւնը։ «Համազգային» թատերասրահի մուտքին, սեղանի մը վրայ շարուած՝ Գլաձորի յիսնամեայ գործունէութիւնը պարփակող պատկառելի Յուշամատեանէն օրինակներ. պատրաստութիւնը՝ Ժիրայր Պետրոսեանի։

Թատերասրահէն ներս, ներկայ են Համազգայինի կեդրոնական ու Գանատայի շրջանային վարչութենէն անդամներ, Գլաձորի հիմնադիր յանձնախումբէն անդամներ, երկարամեայ ու նորագրեալ Համազգայնականներ, հայ մշակոյթի բարեկամներ, հրաւիրեալներ, նուիրատուներ։ Հանդիսատեսին ուշադրութիւնը կը գրաւէ «Յոյզեր եւ յոյսեր» խորագիրը կրող նկարաշարը. մեծ պաստառին վրայ իրերայաջորդ կերպով կը սահին յիսուն տարիներու յիշատակները, սիրեցեալ դէմքեր՝ արուեստագէտներ ու Համազգայնականներ, յիշարժան նախաձեռնութիւններ, յուզումնախառն ու յուսադրիչ պահեր։

Օրուան գրքոյկին մէջ կը կարդանք տեղական ու հայկական կառոյցներէ  շնորհաւորագիրներ, Գլաձոր մասնաճիւղի բազմաշերտ գործունէութիւնը ցոլացնող գեղարուեստական յայտագիր, հանդիսավարութեամբ Արտա Տէր Յակոբեանի եւ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի, որ ծայր կ՚առնէ վերջինին բացման խօսքով։  «…Գլաձորը՝ մեր ոսպնեակէն կ՚ապրի վերելքի տարիներ. վերելքը սկսաւ այն օրէն, երբ մեր մասնաճիւղը տօնակատարեց Կոմիտասի ծննդեան հարիւրամեակը, ճիշդ յիսուն տարիներ առաջ՝ Դեկտեմբեր 1969-ին։ Այսօր, մեր սրտերը դարձեալ պիտի ջերմանան մեր տաղի քուրմ՝ Կոմիտասով. այսօր պիտի թեւածենք դէպի մեր լեռները, մեր հոգեպարար մեղեդիներով, հաստատակամ ոտքի զարկերով. մեր յոյսերը պիտի վերանորոգուին մեր նորահաս սերունդին բոցկլտացող աչքերուն ընդմէջէն։ Եկէք, վերապրինք անցեալը, ըմբոշխնենք ներկան եւ մեր քայլերը ուղղենք, վարուժանի բառերով՝ դէպի վարդահեղեղ արշալոյսներ, որոնց ոտնաձայնը մենք եւս կ՚առնենք այսօր։»

Վարագոյրը կը բացուի. կը պարզուի նրբաճաշակ բեմայարդարումը Արա Տէր Յարութիւնեանի. փակագիծ մը բանալով կ՚արժէ նշել թէ յիսնամեակի առիթով պատրաստուած տարբերանշանը գործն է Ռազմիկ Թիթիզեանի։

 

Համայնքին ծանօթ ջութակահար ու Համազգայնական Սոնա Գալթակեանի ու դաշնակահար, մեզզօ սոփրանօ Սոնա Յովսէփեանի մեկնաբանութեամբ կը հնչեն Կոմիտասի Հոյ նազան, Շողեր ջան, Ալ Այլուղս, Կաքաւիկ ստեղծագործութիւնները, ապա Ղազարոս Սարեանէն Արիա ու Խաչատուրեանի Սուրերու պարը։  Տրամադրութիւնները բարձր են. ծափերուն կը յաջորդէ Համազգայինի կարկառուն դէմքերէն Վարագ Պապեան, Շաւարշ Նարդունիի «Կարօտ հայ լեզուին» հոգեթով գրութեան ազդեցիկ մենակատարութեամբ։ Մշակութայինի կողքին, կրթական առաքելութեամբ ճամբայ ելած Համազգայինին համար սրտամօտ են եւ շնորհաւորելի կրթական մշակները. այս առթիւ, հայ լեզուի ուսուցման եւ Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական գործունէութեան մէջ իրենց երկարամեայ ներդրումին համար, մասնաճիւղիս կողմէ գնահատագրի կ՚արժանանան Մուշեղ Գարագաշեանն ու Յասմիկ Պապեանը։ Ծափերը բարձր կը հնչեն. յուզիչ է պահը, մանաւանդ երբ գնահատագիրները յանձնողը իրենց աշակերտներէն է, Գլաձորի Գրական յանձնախումբի վարչական կապ՝ Արեն Մնացականեանը։

«Երազ տեսայ. Սայաթ Նովէն մօտս եկաւ սազը ձեռին…» կը հնչէ Թամար Տօնապետեանի ձայնը, մինչ կապտաւուն մութին մէջ, դանդաղ քայլերով կը յառաջանան Յարութ Դանիէլեանն ու Աննայի դերին մէջ՝ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբէն Ռուպինա Սարգիսեան Դանիէլեանը, Արա Գէորգեանի մշակումով՝ Սայաթ Նովայի «Նազանի» ստեղծագործութեան ներքեւ։ Վրայ կը հասնին «Էրեբունի»էն Վանի Եագուպեանը, Լանա Տէր Պետրոսեանը, Մարիա Մանուկեանն եւ Մեղեդի Կոստանեանը, այնպէս նազանքով ու անընդմէջ երերուն, դափեր իրենց ձեռքերուն՝ գրաւելով   հանդիսատեսը. բեմադրութիւնը՝ Նելլի Կարապետեանի։ Թորոնթոն այն բախտաւոր համայնքներէն է որ կրցած է իր շուրջ համախմբել շնորհալի երիտասարդներ. Մինէ Ծատուրեանի պարագան ալ աւելի յատկանշապան է, որովհետեւ ան իր քայլերը սկսաւ Համազգայինի «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբէն, ու այժմ Գուսանի ցայտուն դէմքերէն է։ Դաշնամուրի վրայ է վաստակաւոր դաշնակահար Վանիկ Յովհաննիսեանը. Մինէ տպաւորած է հանդիսատեսը իր թովիչ  ձայնով։ Էջը կը դարձնենք դէպի մեր պապենական հողերը. «Գուսան»ի անդամներէն Նվեր Ղազարեանի մեկնաբանութիւնները իւրայատուկ են ու հոգեհարազատ. «Բարձրիկ սարեր»ն ու «Հէլի քուրօ»ն տուտուկի ընկերակցութեամբ իր որդւոյն՝ Սեյրան Ղազարեանի մեծապէս կը ոգեւորեն հանդիսատեսը։ Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը կեանքի կը կոչուի ծանօթ ասմունքող Թամար Տօնապետեանի տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ. հազիւ իր աւարտին՝ վրայ կը հասնի Էրեբունի պարախումբի «Սասնայ պար»ը (բեմադրութիւնը՝ Ազատ Ղարիբեանի). ազգագրական պատշաճ տարազներ հագած, կենսավառ ու արի՝ Էրեբունին կը թնդացնէ բեմը ։ Բուռն են ծափերը։  Ծաղկեփունջը ձեռքին՝ Էրեբունիի երկարամեայ պարողներէն Դաւիթ Մանուկեան կ՚առաջնորդէ պարուսոյց, գեղարուեստական ղեկավար Նելլի Կարապետեանը դէպի բեմ։

Վերելքի ճամբան կը շարունակուի. Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղը, հաւատարիմ միութեանս առաքելութեան, ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ թէ Յունուար 2020-էն սկսեալ ի գործ պիտի դնէ հետեւեալ չորս կրթաթոշակները.-

Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի «Գալուստ Պապեան» լեզուի եւ գրականութեան,  «Սուրէն Չէքիճեան» Մամուլի եւ Տեսողական արուեստի, «Սերժ Սարոյեան» ուսուցչութեան եւ «Էդիկ Յովսէփեան» կատարողական արուեստի կրթաթոշակներ։ Նաեւ, երկար սպասուած երազ մը իրականութիւն դառնալու նախօրեակին է. յառաջիկայ աշնան, Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը իր դռները պիտի բանայ. փոքր քայլերով մեծ երազի մը հասնելու պատրաստակամութեամբ՝ Գլաձորը ահաւասիկ նոր էջ մը կը բանայ իր լայնածաւալ գործունէութեան ծիրէն ներս։

Ոգեւորութիւնը կը շարունակուի. Գլաձորը մեր ոսպնեակէն խորագրով տեսերիզը Գլաձորի բազմաշերտ գործունէութեան խօսուն վկան է. բծախնդրօրէն համադրուած, տեղ-տեղ հակիրճ խօսքերով, կենդանի պատկերներով՝ տեսերիզը հպարտութիւն կը ներշնչէ իւրաքանչիւր Համազգայնականի ու Թորոնթոհայու։  Աւարտին, հանդիսավար Արտա Տէր Յակոբեան կը յայտարարէ Գլաձոր մասնաճիւղի յիսուն տարուայ գործօն Համազգայնականները որոնք այս առիթով Երախտիքի Գիրի կ՚արժանան մասնաճիւղիս կողմէ. անոնք են նուիրեալ անդամներ Արշօ Զաքարեանն ու Էլիզ Շարապխանեանը։ Բեմահարթակին վրայ է մասնաճիւղիս ատենապետ Թամար Տօնապետեանը. որոտընդոստ ծափերուն ներքեւ դէպի բեմ կը յառաջանան Արշօ Զաքարեանն ու Յովիկ Շարապխանեանը (ընկհ Էլիզ Հայաստան է)։ Յուզիչ է պահը. «ինչե՜ր ասես որ չեն արել այս ձեռքերը…համբերութեա՜մբ»։ Ծափերը կը շարունակուին երկար երբ կը հնչէ երրորդ անունը՝ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի նախկին տնօրէն, Համազգայնական Արմէն Մարտիրոսեան։ Երբեմն խօսքերը աւելորդ են. պէտք է ապրիլ պահը։

Կը յաջորդէ յուսադրիչ պատկեր մը. մեր ապագայ Գուսանականները՝ Համազգայինի Հայ Աստղերու միջին եւ մեծ խումբերը, իրենց կոկիկ տարազներով ու ժպտուն։ Խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի ու դաշնակահար Վանիկ Յովհաննիսեանի առաջնորդութեամբ, ծայր կ՚առնէ Աշոտ Պետրոսեանի «Իմ մայր Հայաստան»ը, կը յաջորդէ Խ. Աւետիսեանի «Երեւանի ջուրը». խանդավառ ու համաչափ երգեցողութիւնը կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։  Կերպարուեստի բնագաւառէն ներս երկարամեայ ներդրումին համար Գլաձոր մասնաճիւղի կողմէ գնահատագրի կ՚արժանանայ արուեստագէտ Սիրակ Մելքոնեանը. գնահատագիրը կը յանձնէ կերպարուեստի աշխատանոցի մասնակցողներէն Մարալ Հասըրճեանը։

Յայտագիրը կը մօտենայ իր աւարտին։ «Գուսան» երգչախումբն է բեմահարթակին վրայ, իր նոր, գինեգոյն զգեստներով։ Ժողովրդական Ախ աղջիկ երգին կը յաջորդէ Խ. Աւետիսեանի նրբահիւս «Առաւօտեան Երեւան»ը. Աւետիսեանի կախարդանքը իր շարունակուի «Կռունկներ» երգին մեկնաբանութեամբ, կ՚ընկերակցին «Արցախ» Պարարուեստի Ուսումնարանի մեծ աղջիկներու խումբէն անդամներ, մենակատարութեամբ՝ Մեղեդի Կոստանեանի։ Երազային է պատկերը. այնքա՜ն նուրբ ու ներդաշնակ են կռունկները։

Հանդիսավար Արտա Տէր Յակոբեանը բեմ կը հրաւիրէ երգչախումբի յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ Ալինա Աւետիսեանը, յանձնելու հետեւեալ գնահատագիրները.- Համազգայինի եւ հայ մշակոյթի ծիրէն ներս երկարամեայ ներդրումին համար՝ Վազգէն Գալճեանին, Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի զոյգ երգչախումբերու երկարամեայ խմբավար՝ Հռիփսիմէ Թովմասեանին, տասնամեակներու դաշնակահար՝ Վանիկ Յովհաննիսեանին։ Անակնկալ մը եւս՝ «Գլաձորը մեր ոսպնեակէն» ծրագիրը համադրող Թամար Տօնապետեան Գուզուեան ծաղկեփունջով կը գնահատուի։  «Գուսան»ը կը շարունակէ. Թաթուլ Ալթունեանի «Հոյ, Նազանի եարը» երգին կենսուրախ կատարողութեան, պարային շարժումներով կ՚ընկերակցի «Արցախ» Պարարուեստի Ուսումնարանի ամենէն փոքրիկներէն խմբակ մը, դեղին ծփուն փէշերով, մանրիկ ու համաչափ քայլերով, ջերմութեամբ պատելով սրտերը. ու իրերայաջորդ կերպով ահա կ՚երեւին «Արցախ»ի մեծերու խումբի կատարողներն ու «Էրեբունի»ն։ Ձեռքերը վեր են, քայլերը՝ ամրակուռ, վարդահեղեղ արշալոյսի ցոլքեր իրենց աչքերուն։ Շնորհաւո՜ր յիսնամեակդ, Համազգայինի Գլաձոր մասնաճի՜ւղ. փուչիկները վերէն դէպի հանդիսատեսը կը նետուին. ոտքի է սրահը, ծափերը երկար։ Քիչ անց, Թատերասրահէն դուրս, ներկաները կը յամենան Յուշամատեանին, հիւրասիրութեան սեղանին, լուսանկարներուն ու արուեստի գործերուն շուրջ. կը վերյիշեն, կը վերապրին, կը գրկախառնուին, ու զիրար կը շնորհաւորեն երկա՜ր։ Կեցցեն մեծէն պզտիկ բոլո՜րը։  Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը, սերնդափոխութեան ցայտուն օրինակ՝ իր եռանդուն ու յաւերժ երիտասարդ կազմով, հպարտութեամբ ու վճռակամ՝ իր քայլերը կ՚ուղղէ դէպի վաթսունամեակ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.