ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը իր հաւատացեալ ժողովուրդին կը տեղեկացնէ, որ հրամանաւ եւ տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, 7 Յունիս 2020-ին, պետական օրէնքներու եւ առողջապահութեան ապահովման կանոններու հիման վրայ պիտի վերաբացուի Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դռները։

Այսու, կը յայտնենք, որ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւինք պետական օրէնքներու զարգացումներուն ու յայտարարութիւններուն, եւ մեր եկեղեցիները վերաբանալու կարելիութիւնները վերարժեւորելու նպատակով արդէն իսկ տասը (10) օրերէ ի վեր խորհրդակցութիւններու մէջ ենք պետական առողջապահութեան գրասենեակին հետ, թէ՛ դաշնակցային եւ թէ՛ նահանգային մակարդակներու վրայ։

Ազգային Առաջնորդարանը արդէն իսկ պատրաստած է նախագիծ մը եւ տրամադրած իր եկեղեցիներուն, որպէսզի ի գործ ածուին նախնական պատրաստութիւնները՝ մաքրութիւն, հականեխում, եւ նմանատիպ աշխատանքներ, հիմնուած իւրաքանչիւր նահանգի պետական օրէնքներուն եւ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (WHO) օրինաչափութիւններուն վրայ։

Մեր աղօթքն է, որ շուտով կը վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին, զգօնութեամբ եւ աչալրջութեամբ հետեւելով իւրաքանչիւր նահանգի օրէնքներուն եւ թոյլտուութեան օրինաչափութիւններուն հիման վրայ։

 

ԴԻՒԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.