Հաղորդագրութիւն
Կիպրոսի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն թրքագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի տարածքին մէջ գտնուող հայկական Մելիքեան-Ուզունեան Վարժարանի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ 7 Նոյեմբեր 2023-ին տեղի ունեցած միջոցառումը, որ կը միտի հայոց պատկանող կալուածին վրայ թրքական «կրթական-գիտական» հաստատութիւն մը հիմնել: Այս «կրթական-գիտական» հաստատութիւնը կը ֆինանսաւորուի թրքական անօդաչու սարքեր արտադրող «Baykar» ընկերութեան կողմէ, որուն արտադրանքը իր չարաբաստիկ մասնակցութիւնը ունեցաւ 2020-ին Արցախի դէմ մղուած պատերազմին:
Բռնագրաւուած հայկական կալուածին տնօրինումի այս փոփոխութիւնը սադրանք մըն է կիպրահայութեան եւ առհասարակ ամբողջ հայութեան դէմ եւ կ’ապացուցէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող Թուրքիան կը շարունակէ իր ոտնձգութիւնները հայութեան եւ հայկական կալուածներու հանդէպ:
ՌԱԿ Կիպրոսի Շրջանային Վարչութիւն
ՍԴՀԿ Կիպրոսի Շրջանի Վարիչ Մարմին
ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէ
Comments are closed.