Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի 2025-2027 երկամեակի Բ. լիակազմ ժողովի

ԳԵՄՊՐԻՃ.- 12 սեպտեմբեր 2026-ին, Գեմպրիճի Հայ Կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի 2025-2027 երկամեակի Բ. լիակազմ ժողովը։

Օրակարգի առաջին կէտով արծարծուեցաւ Համագանատական Սեմինար-Բանակումը, որ պիտի կայանայ 9-12 հոկտեմբերի շաբաթավերջի ընթացքին, Քրիսթի Լէյք բանակավայրին մէջ։ Ընդհանուր թեման է՝ «ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՍ ԿԱՆՉՈՎ»։ Պիտի մասնակցին Պատանեկան Միութեան թէ՛ կրտսեր եւ թէ՛ երէց խումբերը։ Ժողովը վերջնականացուց ընկերային եւ դաստիարակչական ծրագիրը։

Ապա քննարկուեցան մասնաճիւղերու իրավիճակները։ Ուրախ ենք յայտնելու, որ այս տարեշրջանի սկիզբին պատանիներու ընդհանուր թիւը, անցեալ տարեշրջանին արձանագրուած աճէն ետք, յաւելեալ աճ արձանագրեց։

Հիւսիսային Ամերիկայի եռակողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու միտումով, օրակարգի երկրորդ կէտով որոշուեցաւ քննել Արեւելեան Ամերիկայի Պատանեկան Միութեան տարեկան համագումարին մասնակցելու կարելիութիւնները։ Համագումարը տեղի կ՚ունենայ նոյեմբեր ամսուան ընթացքին։ Քննարկուեցաւ նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Երիտասարդական Միութեան ամառնային ճամբարին մասնակցելու կարելիութիւնը։ Ճամբարը տեղի կ՚ունենայ յունիսէն օգոստոս ամիսներուն ընթացքին։

Օրակարգի երրորդ կէտը հաղորդակցութիւնն էր։ Արծարծուեցան ընկերային ցանցերու վրայ մեր ներկայութիւնը ազդեցիկ պահելու ձեւերը, եւ վերահաստատուեցաւ անդամական ցանկերու ու դիմումնագիրներու համակարգումին համար արդէն իսկ օգտագործուող ելեկտրոնային համակարգի մնայուն գործածութիւնը։

Ղեկավարներու պատրաստութեան ծրագիրը մշակուեցաւ օրակարգի չորրորդ եւ վերջին կէտով։ Ինչպէս անցնող երկու տարիներուն ընթացքին, այս տարի եւս պիտի կազմակերպուի Գանատայի շրջանի ներկայ վարիչներու վերաորակաւորման եւ ղեկավարներու պատրաստութեան դասընթացք-սեմինար մը, որուն ընթացքին փորձառու մասնագէտներ պիտի աւանդեն ղեկավարումի եւ հաղորդակցութեան հմտութիւններ, մանկավարժական ու հոգեբանական գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ ներազգային թեմաներ։ Մասնակիցները իրենց կարգին փորձավարժութիւններ պիտի կատարեն պատանեկան միութիւններուն մէջ։

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու
Ընդհանուր Վարիչ Մարմին